Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Յունիս 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_salam_nayef1Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր դիմաւորուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան, փոխվարչապետ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզի կողմէ:

Վարչապետ Սալամը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորելու նպատակով օդակայան ուղղուած էին նաեւ Ժետտայի կառավարիչ Մըշաալ պըն Մաժետ պըն Ապտել Ազիզ իշխանը, պետական նախարար Խալետ Ապտել Ռահման Իսան, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, ինչպէս նաեւ սէուտցի բարձրաստիճան զինուորականներ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսան:

Վարչապետ Սալամ այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտի հետ:

Վարչապետ Սալամի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի սէուտական քաղաքականութեան, որ կը միտի իսլամական-արաբական միասնականութեան գոյացման, շրջանին եւ անոր բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումին եւ ամէն տեսակի ծայրայեղութիւններուն դիմադրութեան:

Վարչապետ Սալամ դրուատեց Լիբանանին զօրակցող սէուտական կեցուածքները` ընդգծելով, որ ինք կը միտի լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ դէմ արձանագրուած ցեխարձակումներուն` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնն է լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը արտայայտողը եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժը:

 

 

Նախորդը

Տըրիան Նախագահեց Տար Ֆաթուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջիսլամական Վեհաժողովին

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Կարտինալ Մոմպերթին

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?