Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տըրիան Նախագահեց Տար Ֆաթուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջիսլամական Վեհաժողովին

Յունիս 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_islamic_summitՀանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար ֆաթուայի մէջ նախագահեց միջիսլամական վեհաժողովի մը` ներկայութեամբ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի եւ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի:

Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ խիստ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ արաբական երկիրները հարուածող համայնքային, յարանուանական եւ ցեղային իրարանցումներուն առնչութեամբ եւ ընդգծուեցաւ այդ երկիրներուն, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի հասարակութեան դէմ ցցուած վտանգը, որ կը սպառնայ այդ երկիրներուն ազատութեան, արժանապատուութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Վեհաժողովը զգուշացուց, որ այդ բարդութիւնները կը ծառայեն իսրայէլեան գոյացութեան եւ անոր շահերուն:

Վեհաժողովը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանցի կարգ մը պատասխանատուներուն միջեւ յարանուանական ենթահողի հիման վրայ փոխանակուած ամբաստանութիւններուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւնները յարանուանական խորք ունենան եւ ծառայեն իսրայէլեան ծրագիրներուն իրագործումին:

«Մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել արաբական հողերը եւ յաւելեալ բնակեցման վայրեր կառուցել, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հրէացման իմաստով ամէն ջանք ի գործ դնել, արաբական երկիրներուն մէջ եւ անոնց միջեւ ներքին բախումները կը ներկայանան այնպէս մը, որ իսլամները ընդհանրապէս եւ արաբները յատկապէս շեղած են պաղեստինեան դատին առաջնահերթութենէն եւ իրենց արիւնը կը թափեն համայնքային ու յարանուանական ծրագիրներու ի խնդիր», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միջիսլամական վեհաժողովը կոչ ուղղեց յարանուանական խտրութիւններով չզինուելու եւ հանդուրժողականութեան` հեռու մնալով ամէն տեսակի ծայրայեղութիւններէ եւ հաւատադրժողական թեքումներէ:

Վեհաժողովին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ իսլամականութիւնը հեռու է հաւատադրժողական բոլոր սկզբունքներէն, որոնք կը հակադրուին անոր արժէքներուն, չարիք կը հասցնեն անոր պատգամին եւ կ՛աղաւաղեն անոր իսկական պատկերը:

Վեհաժողովը կոչ ուղղեց նաեւ յարգելու արժանապատուութիւնը, մարդկայնութիւնը եւ հրապարակային թէ անձնական ազատութիւնները, կրօնի ազատութիւնը եւ մերժէ կրօններուն դէմ սերմանուած ատելութիւնը` կառչած մնալով պետութեան եւ ազգային արժէքներուն, որոնք քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւն կը պարտադրեն, անոնց իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն առումով:

Միջիսլամական վեհաժողովը կոչ ուղղեց իսլամական յարանուանութիւններու զաւակներուն յարգելու պետական հաստատութիւնները, երկրին սահմանադրութիւնն ու օրէնքները եւ պաշտպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Վեհաժողովը զգուշացուց սադրանքներ նախապատրաստող կողմերուն հետեւելէ` ընդգծելով միջիսլամական եղբայրութիւնը եւ իսլամ ու քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ ազգային միասնականութիւնը:

Վեհաժողովին ընթացքին վերահաստատուեցաւ երկրին ներքին խնդիրները լուծելու Լիբանանի կարողութեան նկատմամբ վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն լուծում գտնել:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Կառավարութիւնը Ինքն Իր Առաքելութիւնը Կը Խոչընդոտէ` Նշանակումները Չկատարելուն Պատճառով»

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

RelatedPosts

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023
Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները  Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի

Մարտ 20, 2023
Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն  Մշակելու  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով  Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»
Լիբանանեան

Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն Մշակելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In