Խմբագրական
Տօնակատարութենէն Ետք
Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի յուշատօներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան սփիւռքի չորս ծագերուն վրայ, միահամուռ ու սրտապնդիչ մասնակցութեամբ հայ ժողովուրդի բոլոր հոսանքներուն, ազատատենչ հայութիւնը քանի մը օր առաջ տօնեց իր հրաշափառ յարութեան 47-րդ տարեդարձը, իր նորագոյն պատմութեան շքեղագոյն թուականը, որուն նմանը գտնելու համար պէտք է երթալ շատ հեռուները, Վարդանանց պատերազմի հերոսաշունչ օրերը, երբ մեր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ բռնակալին դէմ` «վասն հաւատոյ եւ ազգութեան»:
Ամէն տարի, մայիսի վերջին շաբաթը, երբեմն ճիշդ օրը, հայութիւնը հաղորդական ոգեկոչումով մը կ՛ապրի անպատում դիւցազնավէպը Արարատեան դաշտի հերոսական մարտնչումներուն, որոնք իբրեւ Սարդարապատ, իբրեւ Ղարաքիլիսա ու Բաշ Ապարան օղակուած են արութեան գործերու այն շղթային, որ մեր շքեղ պատմութիւնն է` իր անիմանալի խորհուրդներով:
Բայց այս տարի պարագան տարբեր էր ու տարբեր պիտի ըլլար: Համազգային լայնածաւալ շարժումով մը հայութիւնը գիտցած էր իր հերոսական վերականգնումին վկայութիւնը տալ համայն աշխարհին` նոյն ատեն հաստատելով անտեղիտալի պահանջատէրի իր իրաւունքները: Ժողովուրդ մը, որուն ամբողջական բնաջնջումը այնքան դիւային կերպով նիւթած էր անագորոյն թշնամին, բարձրաճակատ ու անյողդողդ յայտարարած էր աշխարհին ու մարդկութեան` արիւնագիր մուրհակի մը վճարման բացարձակ անհրաժեշտութիւնը, արդարութեան վսեմ գործով մը:
Այդ հաստատումէն ամիս մը ետք, մեր անկախ պետականութեան հիմնադրութեան եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր երազներու իրականացման պատմական թուականին գիտակցական պանծացումը հայ ժողովուրդը կը գնէ իր արդար Դատի հետապնդման ազգային ճամբուն մէջ` հիմնական ձգտում ունենալով այն սրբազան նպատակը, որ իր հարազատ զաւկինն է եւ արթուն պահակինը` ՀՅ դաշնակցութեան:
Ապրիլեան Եղեռնէն յիսուն տարի ետք, հայ ժողովուրդի հոգեկան ներկայ վիճակն ու տրամադրութիւնները լաւապէս ըմբռնող ու ապրող ոեւէ անձ չի կրնար տարբեր մօտեցում ունենալ հայութեան գերագոյն իտէալին հանդէպ, քան այն, ինչ որ ունի մեր կազմակերպութիւնը` միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի իր ուխտով:
ՀՅ դաշնակցութիւնը հաստատած է, ինչպէս հայ ժողովուրդը` իր առողջ բնազդով, թէ վերջնական յաղթանակը այն ժողովուրդներունն է, որոնք մեռնիլ չեն գիտեր, ոչ միայն չեն մեռնիր, այլ նաեւ կ՛աճին ու կը ստեղծագործեն` իբրեւ յաւիտենական ճամբորդը անմահութեան ճամբաներուն:
Մայիս 28-ի իտէալով գօտեպնդուած հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ իր պահանջներէն, չի կրնար ետ նայիլ: Նայուածքը սեւեռած է իր լուսաւոր ապագային` իր բոլոր ուժերուն եւ արժէքներուն լրիւ գիտակցութեամբ:
Մայիս 28-ի տուած ապրելու վճռակամութիւնը, որ ապրիլեան ահաւոր Եղեռնէն ետք կանգուն պահեց հայ ժողովուրդը եւ հնարաւոր դարձուց անկախ պետականութեան ստեղծումը, մեզի տուաւ նաեւ պատմական թանկարժէք փաստաթուղթ մը, որ միջազգային գետնի վրայ կը հիմնաւորէր մեր բաղձանքները:
Սեւրի դաշնագիրը այդ փաստաթուղթն է, արիւնագիր մուրհակը, միլիոններու ծով արիւնով գնուած անկորնչելի իրաւունք մը, որուն տառացի գործադրութիւնը կը պահանջէ հայ ժողովուրդը:
Այսօր աշխարհի ճակատագիրը վարող տէրութիւնները լուռ են մեր Դատին մասին, բայց ան միշտ օրակարգի սեղանին վրայ է: Առաջին առթիւ կը զգայ ինքը` Թուրքիան, որ նստած է մեր հողերուն վրայ, բայց տէրը չէ անոնց ու գիտէ, թէ ուշ կամ կանուխ անոնք պիտի խլուին իրմէ:
Ներկայ դարաշրջանին, երբ պատմութեան անիւը կը դառնայ դէպի ազգերու ազատութիւն եւ ինքնորոշում, կարելի միակ խաղաղութիւնը բոլոր ժողովուրդներու ազատ ու կամաւոր գործակցութեամբ պայմանաւորուած է:
Այնքան ատեն որ ժողովուրդ մը անիրաւուած կը մնայ տեղ մը, աշխարհի որեւէ անկիւնին մէջ, խաղաղութիւնը չի կրնար հիմնաւորուիլ:
Այս ճշմարտութիւնը այսօր սկսած է զգալի դառնալ, վաղը իբրեւ հրամայական ու անյետաձգելի պահանջ պիտի դրուի պատասխանատուներու սեղանին վրայ:
«Եսի Մարդը»
Ժողովրդային Տան Թատրոնին Մէջ
Համազգայինի Թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը երէկ` երեքշաբթի գիշեր, ներկայացուց Լեւոն Շանթի «Եսի մարդը»` մեծանուն թատերագրին ամէնէն քիչ ծանօթ գործը, որ գրուած է իր փայլուն ասպարէզի սկզբնական շրջաններուն եւ` հազիւ երկու անգամ բեմադրուած:
Թատերասէրները իրենց բծախնդրութեան եւ փորձառութեան ամբողջ ծանրութիւնը տուած էին այս թատերախաղին, որ իբրեւ կառոյց չունի Շանթի միւս գործերուն ամրութիւնը:
Ժորժ Սարգիսեանի բեմադրութիւնը զուսպ էր եւ անպաճոյճ, ինչպէս` իր խաղարկութիւնը: Բոլորն ալ իրենց դերին մէջ էին` բծախնդիր պատրաստութեամբ:
Անկախ ներկայացման նիւթէն ու դերակատարութենէն, ինչ որ նշանակելի կը դարձնէր երէկ գիշերուան ելոյթը, ատիկա Պուրճ Համուտի Ժողովրդային թատրոնի կիսաւարտ սրահին մէջ տեղի ունենալն էր:
Ճիշդ է որ դժուար էր նման կիսաւարտ սրահի մէջ մթնոլորտ ստեղծել, բայց կ՛արժէր, կատարուած գործին ու կատարուելիք վկայութիւնը տալու համար, այդ անպատեհութիւնը աչք առնել:
Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր թատերասէր հասարակութեամբ: Մասնաւորաբար ներկայ էին ամերիկահայ ուխտաւորները, որոնք մեծապէս խանդավառուեցան եւ արտայայտեցին իրենց գնահատանքը թատերասէրներուն եւ անոնց ղեկավարին: