Խմբագրական
Փառատօն Հայութեան
Գաղթաշխարհի ամբողջ տարածքին հայ ազատատենչ ժողովուրդը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը հեռու իր հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, վստահ ենք, մանաւանդ հիմա, երբ ունինք վկայութիւնը հայրենասիրական իր վառ զգացումներուն, այս պահուս լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ արտասահմանի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն:
Որքան հեռանանք պատմութեան այս շքեղ թուականէն, տարիները որքան թաւալին, այնքա՛ն աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հաստատման այս տարեդարձը,
Մայիս 28-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններու, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը` ղեկավարութեամբ ՀՅ դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկուկէս միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:
Անցան տարիներ: Անկէ ի վեր եղան ուրացումի բազմաթիւ փորձեր: Մեր անկախութիւնը թշնամիին մէկ շնորհը նկատուեցաւ, այն թշնամիին, որուն բանակները իրենց թնդանօթները ուղղած էին Հայաստանի սրտին` Էջմիածնի երկնասլաց գմբէթներուն: Բայց պատմական ճշմարտութիւնները կամայականութիւններու չեն ենթարկուիր: Փաստերը լեզու կ՛առնեն պատմելու համար այն հերոսապատումը, որ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտներուն դրուագուեցաւ` իբրեւ փառաւոր էջը հայոց նորագոյն պատմութեան:
Այսօր մեզի հետ կ՛ընդունին բոլորը, թէ ինչ որ ունինք իբրեւ հայրենիք (հոգ չէ թէ` կտրատուած), կը պարտինք մայիս 28-ին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը քարտէսին վրայ այսօր գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ Թուրքիան կարողանար անարգել անցնիլ Արարատեան դաշտէն` իրականացնելով համաթուրանականութեան իր հին երազը, մանաւանդ երբ լենինեան Ռուսիան լաւ աչքով կը դիտէր քեմալական շարժումները:
Այս օրերու փաստական իրողութիւնները, թուրքեւխորհրդային մերձեցման աշխատանքներով, կու գան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Մոսկուա եւ Անգարա ինչպիսի՜ կարօտով կը յիշեն Լենին-Աթաթիւրք սրտակցութեան շրջանը:
Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը ինքնավստահութիւն ստացաւ: Չքացաւ այն տխուր առասպելը, թէ հայը չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ենթարկուի օտարի լուծին եւ բարեկարգութիւններ մուրայ:
Մայիս 28-ը շունչ կու տար հայութեան, ապրելու եւ յարատեւելու վճռական կամք կը ներշնչէր անոր: Նոր աւիւն ու խանդ կը ներարկէր անոր երակներուն: Առանց մայիս 28-ի, հայութիւնը շնչահեղձ պիտի ըլլար ու անհետ կորսուէր պատմութեան բեմէն դառնալու համար տարահալած բազմութիւն:
Անիկա կը հանդիսանար պսակումը մեր երկարատեւ պայքարներուն, որոնք մղուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ: Հայու արիւնը իր մէջ կը պարունակէր սերմերը այն ոգիին, որ դրսեւորուեցաւ մայիս 28-ով` դառնալու համար դրօշ ազատութեան եւ անկախութեան:
Մայիս 28-ը դրօշակ մը տուաւ հայութեան, իտէալ մը, անկախութեան տենչին իրականացումը, որմէ հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այլեւս:
Մայիս 28-ը նուաճում մըն է, ձեռք բերուած` մեր հերոսներու արիւնով, հայ ժողովուրդի քրտինքով: Անոր սեփականութիւնն է, անոր էութեան անբաժանելի մասը:
Նոր ոգեկոչեցինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Հայութիւնը միահամուռ կեցուածքով ամիս մը առաջ խոնարհեցաւ զոհերու յիշատակին առջեւ:
Այսօր, ամիս մը ետք, մայիս 28, ապրիլեան Եղեռնի խաւարին դէմ տարած իր փայլուն յաղթանակով, Հայ դատի հետապնդման կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդը` իբրեւ գերագոյն նպատակի:
Իր դատին ու իրաւունքներուն պաշտպան հայութիւնը բարձր պիտի բռնէ մայիս 28-ի դրօշը եւ ամէն տեղ պիտի տօնէ իր անկախութեան փառատօնը` իր հայրենիքի վերջնական ու ամբողջական անկախութեան տենչով:
Հրաշքի Ամիսը Մայիս 28
Ամէն ազգ իր ազատութեան եւ անկախութեան նուիրուած օրը ունի, որ այդ օրուան իմաստն ու նշանակութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուի:
Տօնել Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը` կը նշանակէ հաւատք ունենալ Հայաստանի գոյութեան եւ անոր ապագային հանդէպ:
Մայիս 28-ը մեր քաղաքական ապրումներու ու մտածողութեան գլխաւոր զսպանակն է, որուն սեւեռած կը մնայ միշտ մեր հարազատ տարրերու ներաշխարհը փառքի եւ հպարտանքի պաշտամունքով օծուն յուշերով:
Հայ ժողովուրդը, ինչպէս որ գուշակած էին աննման Է. Ակնունի, Վռամեան եւ ուրիշներ, անցաւ «Արեան ձոր»-էն, որուն միւս ափին զինք պիտի դիմաւորէր մայիս 28-ի), Հայաստանի մանուկ հանրապետութիւնը: Ապրիլեան Եղեռնէն հազիւ երեք տարի անցած` հերոսածին մեր ժողովուրդը, թէեւ արիւնաքամ եւ բզկտուած, Արարատեան դաշտին մէջ, 1918 թուի մայիս 22-27 կը մղէր Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը եւ 12,000 մարտիկներով կը խորտակէր թրքական 35,000-նոց կանոնաւոր բանակը, եւ թշնամիին կը պարտադրէր ճանչնալու իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Եւ Ա. Աշխարհամարտի քաոսին մէջէն կը ծնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը` 600 տարիներու երազէն ետքը:
Մեր ժողովուրդը տոչորուեցաւ «ափ մը հողի» կարօտով դարեր շարունակ: Այդ ափ մը հողն էր որ կ՛ապահովէր մայիս 28-ը:
Մայիս 28-ը բնական շարունակութիւնն է ազատագրական այն պայքարներունն եւ հերոսամարտերուն, որոնց բեմ հանդիսացան Տաւրոսի լեռներէն մինչեւ Վասպուրական երկարող տարածութիւնները:
Եթէ մէկ կողմ թողունք հին դարերու բիւրաւոր նահատակները, Մեծ եղեռնի աւելի քան մէկուկէս միլիոն զոհերը իրենց անթաղ շիրիմներէն կը վկայեն մեզի, թէ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ոճրագործ թուրքը մեզի կու տայ ապրիլ 24-ի սեւ ու սուգի օրը, բայց երբեք մայիս 28-ի Ազատութեան օրը: Պատմական անուրանալի ճշմարտութիւն է որ հայ ժողովուրդը դժոխային պայմաններու մէջ իր կեանքի գնով,
իր արիւնով կերտեց մայիս 28:
Մինչ օտար բռնակալ ուժը հայ ժողովուրդին պարտադրեց նոյեմբեր 29-ը, մայիս 28-ը պատմական դէպք է եւ կարելի չէ ջնջել անոր գոյութեան իրաւունքը:
Մայիս 28-ի դարբինը հայ ժողովուրդն էր` իր հաւաքական դիմագծութեամբ, իր բոլոր խաւերով, տարբեր խնդիր, որ մայիս 28-ը ղեկավարող բազուկը եղաւ ՀՅԴաշնակցութիւնը իր բոլոր լուսապայծառ դէմքերով: Սարքուած տօնակատարութիւնները կը ձգտին ոգեկոչել անցեալը իբրեւ ներշնչարան, բայց նաեւ` իբրեւ ազդարարութիւն:
1918-1920 մեր փառքը, երբ իրականութիւն դարձաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, ունեցանք հայկական կառավարութիւն, բանակ, զօրավարներ, դեսպաններ եւ դրօշակ, այս բոլորը խթան հանդիսացան թմրած հոգիները արթնցնելու, հայկական վեհ դրօշին շուրջ համախմբելու մեծ բազմութիւններ:
Հայաստանի մէջ նորէն կը հաստատուի պոլշեւիկեան արիւնոտ ու բռնակալ իշխանութիւնը: Կը մասնատեն Հայաստանը`, հոծ հայութեամբ բնակուած գաւառներ եւ շրջաններ յանձնելով Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի: Այսպէս Ախալքալաքի շրջանը, 2,400 քառ. քիլոմեթր 122,000 բնակչութեամբ, որուն 75 տոկոսը հայ է, յանձնեցին Վրաստանի: Լեռնային Գանձակ` 5000 քառ. քիլոմեթր, 80,000 բնակչութեամբ, որուն 88 տոկոսը հայ է, յանձնեցին Ազրպէյճանի: Լեռնային Ղարաբաղ` 4,600 քառ. քիլոմեթր, 165,000 բնակչութեամբ, որուն 95 տոկոսը հայ է, յանձնեցին Ազրպէյճանի: Նախիջեւանի շրջան, 5,400 քառ. քիլոմեթր, որ 1921 թուի ռուսեւ թուրք դաշնագրով Ազրպէյճանի յանձնուեցաւ: Սուրմալուի (Իգտիր), Կարսի եւ Արտահանի շրջանները յանձնուեցան Թուրքիոյ: Ահա ա՛յս է պատկերը բաժնուած հողերուն:
Հայը պէտք է ունենայ իր ազատ հայրենիքը իր պատմական հողերուն վրայ: Ա՛յս պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդին դաւանանքը, նպատակը եւ պայքարի հիմունքը:
Մայիս 28-ը հոգեբանօրէն, կը խօսի սրտերուն անոնց, որոնք հպարտ են իրենց ծագումով եւ ցեղային արժէքներով:
Մէկ ազգութիւն եւ մէկ հայրենիքի գաղափարը քարոզենք եւ իրականացնենք հայ կեանին մէջ: Այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է համախմբուիլ մէկ նպատակի շուրջ:
Ժողովուրդները կը մեռնին այն ժամանակ միայն, երբ կը մեռնի ոգեղէնը անոնց մէջ:
Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
1965 Մայիս 22
Շթորա