Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մըրի

May 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր այցելեց երեսփոխան Միշել Մըրի, որուն ներկայացուց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ապպաս Հաշեմ, Էտկար Մաալուֆ եւ Նեպիլ Նիքոլա:

Հանդիպումէն ետք Մըր ընդգծեց ամէնէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններն ու քաղաքական նախաձեռնութիւններու իրագործումը:

Մըր ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կարեւոր է` փարատելու համար քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները, որոնք յատկապէս կը վերաբերին Միջին Արեւելքի մէջ անոնց գոյութեան: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը հիմնական է ու ազդու եւ ոչ թէ լուսանցքային:

Մըր դիտել տուաւ, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ եւ համախոհական մթնոլորտի մէջ:

Ան նշեց, որ ինք ճիշդ այս կեցուածքով պիտի ներկայանայ Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին` աւելցնելով, որ 25 մայիս 2000-ը հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան օրն է, որուն ընթացքին ինք ներքին գործոց նախարար էր, սակայն այս օրը նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնի թափուր մնալու օրուան կը զուգադիպի եւ ցաւ կը մնայ մեզի համար, նկատի ունենալով, որ տարի մըն է, որ նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ:

«Իսկ ասիկա Լիբանանի պատմութեան համար անընդունելի է», աւելցուց Մըր:

Իր կարգին, երեսփոխան Նիքոլա շեշտեց, որ Մըր իր քաղաքական պատմութիւնը ունի եւ ան այս պայմաններուն ընթացքին կրնայ օժանդակել մեզի եւ իր ազգային տեսակէտներով օգնել, որ մենք հասնինք դրական արդիւնքներու: «Մենք զմեզ եւ Մըրը կը նկատենք քաղաքական նոյն թեւին պատկանող ուժեր», ըսաւ Նիքոլա:

Նախորդը

Ազատագրութեան Տօնին Առիթով Զարիֆ Կը Շնորհաւորէ Պասիլն Ու Սէյիտ Նասրալլան

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Կեցուածքներուն Մէջ Նորութիւն Մը Չի Նշմարեր

RelatedPosts

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ  Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել,  Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

January 23, 2026
Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու  Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»

January 23, 2026
Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի,  Կառավարութեան Քաղաքականութեան  Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը
Լիբանանեան

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի, Կառավարութեան Քաղաքականութեան Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.