Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնագիտական Յանձնախումբը Աշնան Նախագահին Պիտի Ներկայացնէ Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

May 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gagik_Harutyunyan-3Սահմանադրական բարեփոխումներու  մասնագիտական յանձնախումբը մտադիր է արդէն աշնան նախագահ Սերժ Սարգսեանի սեղանին դնել նոր սահմանադրութեան նախագիծը:

Յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, սակայն, չյստակացուց, որ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ` ներկայացնելով միայն կարելի պատկերացումներ, որոնցմով կրնայ շարժիլ Սերժ Սարգսեան:

«Աշնան մենք կրնանք մեր աշխատանքները աւարտելով ներկայացնել: Թէ ատկէ ետք հանրապետութեան նախագահը լրացուցիչ քաղաքական քննարկումներ կը կազմակերպէ՞, թէ՞ ոչ, կ՛ընդունի՞, թէ՞ ոչ, կը վերադարձնէ՞ լրացուցիչ մշակման, թէ` ոչ, այդ բոլորը կարելի են, եւ անոնցմով պայմանաւորուած պիտի ըլլայ հետագան», ըսաւ սահմանադրական խորհուրդի նախագահը:

Մինչ այդ, Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած յանձնախումբը բարեփոխումները յօդուած առ յօդուած կը քննարկէ Վենետիկի յանձնախումբի մասնագէտներուն հետ: Եւրոպական խորհուրդի մասնագէտները վերջերս ծանօթացած են արդէն պատրաստ առաջին երեք գլուխներուն, որոնք կը վերաբերին սահմանադրական կարգին եւ մարդկային իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:

Գագիկ Յարութիւնեանի խօսքով, միջազգային մասնագէտները ըսած են, թէ որոշ չափով տպաւորուած են այս տարբերակով, բայց նաեւ  նկատողութիւններ ունին. «Այդ նկատողութիւնները կը վերաբերէին զինուորական եւ արտակարգ դրութեան ժամանակ կարելի  չսահմանափակուող իրաւունքներու ծիրին, որովհետեւ նոյնիսկ մենք աւելի խիստ վարուած էինք , քան իրենք կը կարծէին, աւելի քիչ իրաւունքներ ներառած ենք այդ կարելի  սահմանափակումներու դաշտին մէջ, իսկ իրենք կը գտնեն, որ այստեղ լրացուցիչ այլ իրաւունքներ կարելի է ներառել: Մենք զանոնք դեռ պիտի քննարկենք», ընդգծեց Յարութիւնեան:

Յանձնախումբը յունիսին հանդիպումներ պիտի ունենայ առաջարկներ ներկայացուցած 14 կուսակցութիւններու հետ: Արդէն բանակցութիւններ եղած են Դաշնակցութեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման եւ Բարգաւաճ Հայաստանի հետ:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան Արեւելեան Գործընկերութեան Ղեկավարները Միացեալ Հռչակագիր Որդեգրած Են

Յաջորդը

Ռիկայի Վեհաժողովի Մասնակիցները Կը Սատարեն Մինսքի Խմբակին

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.