Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովը սկիզբ առաւ 21 մայիսի երեկոյեան` աշխատանքային ընթրիքով, որմէ առաջ մասնակից երկիրներու նախագահներուն ու կառավարութիւններու ղեկավարներուն դիմաւորած ու ողջունած էր Լաթվիոյ նախագահ Անտրիս Պերզինշ:
Եւրոպական յանձնաժողովի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, վեհաժողովին աշխատանքին կը մասնակցին Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներու ղեկավարները եւ գործընկերութեան ծրագիրի մասնակից վեց պետութիւններու ներկայացուցիչները: Ժողովին կը նախագահէր Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսք:
Գործընկեր վեց երկիրներու շարքին Հայաստանը կը ներկայացնէր նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք որդեգրուած հռչակագիրին մէջ մասնակիցները իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով զբաղող ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն: «Վեհաժողովի մասնակիցները կ’ընդգծեն շրջանին մէջ տագնապներու շուտափոյթ խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը` միջազգային իրաւունքի արժէչափերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ: Տագնապներու լուծումը, վստահութեան եւ դրացի երկիրներու միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու կառուցումը կարեւոր են տնտեսական եւ ընկերային զարգացման եւ համագործակցութեան տեսանկիւնէն:
«Վեհաժողովին մասնակիցները կ’ողջունեն Եւրոպական Միութեան կողմէ կատարուած ներդրումը հետագային կայունութեան տարածման եւ վստահութեան կառուցման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծեն այդ մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան հետագայ աւելի լայն ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւն», կ’ըսուի հռչակագիրի բնագիրին մէջ` ընդգծելով, որ վեհաժողովին մասնակիցները կողմնակից են նախագահական մակարդակով 2009-էն ի վեր կատարուած յայտարարութիւններուն:
Թուսք Կը Հեռաձայնէ Ալիեւին
Ria.ru կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտնած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնով քննարկած է «Արեւելեան գործընկերութեան» նոր գործիքներու անհրաժեշտութիւնը, որոնք պիտի արտայայտեն Եւրոպական Միութեան տարբերակուած մօտեցումը ծրագիրի անդամ երկիրներուն նկատմամբ: «Այդ եղած է նախագահ Ալիեւի հետ մեր զրոյցի հիմնական հարցը: Մենք չենք քննարկած հռչակագիրը», նշած է ան` վեհաժողովի արդիւնքներու յայտարարութեան յատկացուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Նախապէս Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց յայտնած էր, որ Ազրպէյճան հրաժարած է ստորագրել վերջնական հռչակագիրը: Աղբիւր մը Tert.am-ին յայտնած էր, որ վերջին պահուն Ազրպէյճան հրաժարած է ստորագրել համաձայնագիրը` անոր մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առնչուող ձեւակերպումներուն պատճառով: Ազրպէյճանի կողմէ այս քայլը յարուցած է եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներու հիասթափութիւնը եւ վեհաժողովին նախագահող Սերճիօ Մաթարելլա վրդոված է եւ չնախատեսուած ընդմիջում պահանջած:
«Մենք ունինք միացեալ հռչակագիր, ներառեալ` Ազրպէյճանը եւ Պիելոռուսիան: Քննարկումը աւելի նոր գործիքներու եւ նոր մօտեցումներու մասին էր, որոնք կ’արտայայտէին տարբերակումը: Շարունակել համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ` ատիկա եղած է նախագահ Ալիեւի ամէնէն յստակ ուղերձը: Ազրպէյճանին անհրաժեշտ են Եւրոպայի հետ լաւ յարաբերութիւններ, ես անոր չեմ կասկածիր», նշած է Թուսք:
«Ռոյթըրզ»¬ի հաղորդումով` Թուսք հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահին, այդ պատճառով ալ վերջնական մամլոյ ասուլիսը մէկ ժամ յետաձգուած է: Գործակալութիւնը կը նշէ, որ հեռաձայնային զրոյցը եղած է այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է Եւրոպական Միութիւնը «տարբերակուած» մօտեցում ցուցաբերէ նախկին խորհրդային երկիրներու նկատմամբ, որոնք տարբեր շահեր ունին Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան մէջ:
Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Փոխըմբռնման
Հասած Է Հայաստանի Հետ
Ապագայ Յարաբերութիւններու Հարցին Մէջ»
Թուսք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է նաեւ. «Մենք Հայաստանի հետ փոխըմբռնման հասած ենք մեր ապագայ յարաբերութիւններու ծաւալներուն վերաբերեալ: Մենք պէտք է նաեւ կարելիութիւն ունենանք քանի մը քայլ յառաջ ընել Պիելոռուսիոյ հետ մեր համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ: Մենք ընդունած ենք Ազրպէյճանի առաջարկը Եւրոպական Միութեան հետ անոր յարաբերութիւններու պայմանագրային հիմնաւորումներուն թարմացման մասին», ըսած է ան:
Նշենք, որ նախապէս Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուքայթէ ԹԱՍՍ¬ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք մնացա՞ծ է «Խրիմի կցումի» մասին ձեւակերպումը, ըսած է. «Վստահաբար, առանց անոր հռչակագիրը չէր ընդունուէր»:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստանն ու Պիելոռուսիան պիտի չստորագրեն փաստաթուղթը, եթէ այդպիսի ձեւակերպում մը պահպանուի: Դիւանագիտական աղբիւր մը նշած էր, որ Ռիկայի մէջ տուեալ հարցին վերաբերեալ լրացուցիչ խորհրդակցութիւններ կատարուած են: Աղբիւրը յայտնած է, որ հռչակագիրի բնագիրին մէջ, իբրեւ փոխզիջում, կը նշուի, որ Հայաստանն ու Պիելոռուսիան դէմ քուէարկած են այդպիսի ձեւակերպումին ՄԱԿ¬ի Ընդհանուր ժողովին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ
Ռիկայի Վեհաժողովին
Աշխատանքային այցելութեամբ Լաթվիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ռիկայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ.
«Բաժանարար գիծերէ զերծ Եւրոպայի կերտման ճամբուն վրայ կարեւոր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը: Հայաստանի մօտեցումները ներդաշնակ են միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներուն, որոնք արտայայտուած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ:
«Յայտնի է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հետ, որովհետեւ երբեք չէ եղած անկախ Ազրպէյճանի մաս, մինչ այդ երկրի իշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը նկատելով միակ սկզբունք եւ ատիկա դրօշ դարձուցած, հետեւողականօրէն կը վիժեցնէ խաղաղ լուծման հոլովոյթը` մերժելով լուծման միւս` համահաւասար եւ կարեւոր սկզբունքները:
«Այս տարի մենք կ՛ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ միացան մեզի` յարգանքի տուրք մատուցելով մեկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին, որոնք նահատակուեցան միայն հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալու համար:
«Մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական յարմարութեան տուրք չտալով, իրենց ներդրումը կ՛ունենան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին: 15 ապրիլ 2015-ին Եւրոպական Միութեան ամէնէն ներկայացուցչական կառոյցը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը` ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ուղերձ յղելով միացեալ Եւրոպայի երկիրներուն, նաեւ` Թուրքիոյ:
«Հայաստան յանձնառու է Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն հետ քայլեր ձեռնարկելու` ձեւաւորելու մեր յարաբերութիւններու իրաւական նոր հիմքը, որ մէկ կողմէ կ՛արտացոլացնէ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի նախորդ բանակցութիւններու բովանդակութիւնը, միւս կողմէ` համատեղելի կ՛ըլլայ այլ համարկման հոլովոյթներու, մասնաւորապէս` Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր անդամակցութենէն բխող յանձնառութիւններու հետ: Միաժամանակ, Հայաստան կարեւոր կը նկատէ իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ, ընդհանուր արժէքներու առանցքի շուրջ իրականացուող բարեփոխումներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացի հիման վրայ, տարբերակուած մօտեցման կիրարկումը եւ «աւելին` աւելիի դիմաց» սկզբունքի վերահաստատումը: Մենք աւելի քան համոզուած ենք, որ պէտք է ըլլայ բոլոր գործընկերներու յանձնառութիւնը ընդհանուր արժէքներուն եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճիշդ այդ ճամբով պիտի շարունակէ աշխատիլ»:
Մերքել. «Արեւելեան Գործընկերութիւն»-ը
Եւրոպային Մօտենալու Եւ Ոչ Թէ Եւրոպական
Միութեան Ընդլայնման Գործիք Է»
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ռիկայի մէջ յայտնած է, որ «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի նպատակը Եւրոպական Միութեան դէպի արեւելք անմիջական ընդլայնումը չէ:
«Արեւելեան գործընկերութիւն»-ը Եւրոպական Միութեան ընդլայնման գործիք չէ, այլ` Եւրոպական Միութեան մօտենալու գործիք: Եւ այս հիմամբ մտադիր ենք բանակցութիւններ վարել այս երեկոյ», ընդգծած է ան:
Ըստ անոր. «Անցեալ տարիներուն այս ծրագիրը ծանր պահեր ապրած է»: Մերքելի կարծիքով` Եւրոպական Միութիւնը կը ճանչնայ, որ «ծրագիրի տարբեր մասնակիցներ տարբեր ճամբաներով կ՛ընթանան», եւ Եւրոպական Միութիւնը բոլոր այդ ուղիները կ՛ընդունի:
«Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Օգնէ «Արեւելեան
Գործընկերութեան» Երկիրներուն` Դառնալու
Առաւել Դիմակայուն Արտաքին Ճնշման Նկատմամբ»
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներուն պիտի օգնէ դառնալու աւելի դիմացկուն արտաքին ճնշման նկատմամբ եւ գործելու ի շահ սեփական ժողովուրդներուն:
«Առաւել կարեւոր է այն, որ մենք կը փափաքինք, որ այս երկիրները իրենք վերակառուցեն իրենց հասարակութիւններն ու պետութիւնները, որոնք ալ պիտի ծառայեն այդ ժողովուրդներուն: Մենք նաեւ կը փափաքինք օգնել դառնալու աւելի կայուն` արտաքին ճնշման դիմաց», ըսած է ան: