Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախաձեռնութիւններուն. «Այս Բոլորը Ոչ Միայն Ցաւ Ու Տառապանք Էր, Այլ` Համախմբում, Որով Կարելի Է Միայն Հպարտանալ» Յայտարարեց Հրանուշ Յակոբեան

Մայիս 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-22-15_hra-23Երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան սփիւռքի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները բաժնեց վեց խումբի:

Առաջին  խումբը քաղաքական նախաձեռնութիւններն էին` տարբեր երկիրներու  կողմէ ընդունուած բանաձեւերը, Ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշումները, որոնց մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են հայկական համայնքները:

Աշխարհին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող մեծագոյն ցոյցերը տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Երկրորդ խումբը քարոզչական աշխատանքներն էին. անցող 95 տարիներուն ընթացքին այնքան ալ չխօսուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին, որքան վերջին 3-4 տարիներուն: Հայոց ցեղասպանութեան  անդրադարձան աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր լրատուամիջոցները: Այս բոլորին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Մետիա ֆորում»-ը եւ սփիւռքի մէջ գործող աւելի քան 220  հայկական լրատուամիջոցներուն աշխատանքը:

Երրորդ խումբի հարցերը կը վերաբերէին գիտական, հետազօտական աշխատանքներուն: Բոլոր հեղինակաւոր համալսարաններուն եւ կարգ մը երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կազմակերպուեցան գիտական համաժողովներ: Քննարկումներ տեղի ունեցան նոյնիսկ Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ:

Չորրորդ խումբի հարցերը կը վերաբերէին հրատարակչական գործունէութեան: Աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուներով տպագրուեցան  Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքեր, աշխատութիւններ, վէպեր:

Նախարարութիւնը նոյնպէս հրատարակչական աշխատանքներ կատարեց, որոնցմէ նախարար Հրանուշ Յակոբեան առանձնացուց  Վիգէն Քոչարեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը` միջազգային փաստաթղթերում» աշխատութիւնը եւ «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը:

Հինգերորդ խումբի աշխատանքները նախարարը նկատեց համայնքային ծրագիրները, մշակութային ձեռնարկները, երախտագիտութեան երեկոները:

Վեցերորդ խումբը կը վերաբերէր եկեղեցական հարցերուն: Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ տարբեր երկիրներու մէջ պատարագներ, եկեղեցական ձեռնարկներ կազմակերպուած են: Այդ ձեռնարկներուն  գագաթնակէտն էին Վատիկանի մէջ 12 ապրիլին Հռոմի պապին  կողմէ  համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող քայլը` պատարագը, Նարեկացին Տիեզերական վարդապետ հռչակելը, ինչպէս նաեւ Մայր աթոռին մէջ տեղի ունեցած Սրբադասման արարողութիւնը:

Նախարարին խօսքով` այս բոլոր նախաձեռնութիւնները ոչ միայն ցաւ ու տառապանք էին, այլ` համախմբում եւ կազմակերպում, որով կարելի է միայն հպարտանալ:

 

 

 

Նախորդը

«Թրքական Դիմակը Ինկած Է` Հակառակ Էրտողանի Կողմէ Թուրքիան Ահաբեկչութեան Դէմ Մարտկոցի Վերածելու Բեմականացումներուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Էդուարդ Նալբանդեանն Ու Խումբ Մը Պատգամաւորներ Սուրիա Պիտի Այցելեն

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?