Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ովսաննա Տիք Խորոզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

May 23, 2015
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-23-15_Ovsanna-Dik-KhorozianԱնսակարկ ծառայութեան մարմնացումն էր. ոչինչէն շատ բաներ կերտեց եւ բարի յիշատակներով հեռացաւ, սիրեց ու սիրուեցաւ բոլորէն:

15 ապրիլ 2015-ին, գարնանային օր մը, յաւերժականի ուղեւոր դարձաւ սիրելի եւ յարգելի անձ մը` Ովսաննա Տիք Խորոզեանը:

Ճիշդ է, թէ իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր վախճանը, բայց մարդկային կեանքի մէջ այդ անխուսափելի պահը` հրաժեշտի պահը, խորհրդաւոր էր, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը կանգ կ՛առնէ:

Այսօր մեր յիշողութեան մէջ կը կանգնի բարի ու ժպտադէմ, տարիներու բերան տակ կքած, շէնշող բնաւորութեամբ, մնայուն ժպիտով, հայ մօր ամրակուռ հաւատքով, անանձնական սիրոյ ապրումներով եւ ապագայի հանդէպ միշտ վառ յոյսերով: Մէկը, որ կեանքի թոհուբոհին մէջ չսայթաքեցաւ, այլ մնաց միշտ հեզ ու բարի:

Համերաշխ ընտանիքի մը մայր դարձաւ, երեք զաւակներով` Աբօ, Կարինէ եւ Ծիլա: Մեծ ուրախութեամբ կատարեց մայրական-ընտանեկան պարտականութիւնները: Մնաց համեստ, աշխատող, անտեսեց բարձր պաշտօններու տիրացումը, ձեռք երկարեց բոլոր անոնց, որոնք կարիքն ունէին իր ծառայութեան:

Չզլացաւ եւ ինքնակամօրէն մասնակցեցաւ կարիքաւորներու շտապի օգնութեան գործին` միշտ լուսարձակներէ հեռու, նախընտրելով ծառայութիւնը, փառքի փոխարէն:

Իր պարկեշտութեամբ, անսակարկ նուիրումով ան եղաւ իր շրջապատին մէջ սիրելի մայրը: Իր կեանքի վերջին տարիներուն ծառայեց անկողինին` թոքերու հիւանդութեան պատճառով:

Այո՛, դրացիները յարմար առիթներով յաճախ կ՛այցելէին իրեն, իբրեւ մտերիմներ, ուր տեղի կ՛ունենար փոխադարձ սիրոյ ու բարեկամական զրոյցներ եւ այնքան հետաքրքրական կը դառնային անոնք, որ պահ մը կը մոռնային ժամանակին սահիլը:

Ովսաննային վաստակը եղաւ վերակազմութիւնը ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, որուն յաջորդող կազմերը կը շարունակեն ընթացք առած առաքելութիւնը, որուն նպատակն է օգնութեան փութալ շրջանի հայ ժողովուրդին: Վերակազմուած վարչութեան ատենապետի պաշտօնը վարեց երկար տարիներ:

Ան եղաւ իր արմատներուն կապուած հայուհին: Եղաւ հաւատաւոր անդամը Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան տիկնանց յանձնախումբին, ուր աշխատեցաւ երկար տարիներ` մուծելով համեստ ներդրում:

Միութենական երկարատեւ կեանքը փայլեցաւ նաեւ Էյպէզի հայրենակցական միութեան տիկնանց յանձնախումբին անդամակցելով, նախ` խորհրդական եւ ապա` իբրեւ ատենապետ` երկար տարիներ: Սակաւախօս էր, հերթական ժողովներուն իւրաքանչիւր ժողովականին մտիկ ընելէ ետք կ՛արտայայտէր իր կազմած շինիչ գաղափարը, որուն նպատակն էր առաւել թափ տալ միութեան աշխատանքին` անոր վերելքին սլացքը աշխուժացնելու ի խնդիր:

Իբրեւ ծնողք` անմասն չմնաց Հայ աւետարանական վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբին մաս կազմելէ` իբրեւ մէկ անդամը անոր, որուն մէջ լաւ աշխատանք տարաւ ի սէր վարժարանին եւ զաւակներուն:

Խօսելով Ովսաննային յատկութիւններու ու շեշտուած հայրենասիրութեան մասին, պէտք է նկատի առնել անոր անբասիր նկարագիրը, բարի ու հայրենասէր ոգին, հարցերը իրենց յատուկ բարեմասնութեամբ դիտելու կարողութիւնը, գաղտնապահ, եսասիրութենէ ու ինքնագովութենէ հեռու մնալու հայու կերպարը:

Մէկիկ մէկիկ մեզմէ բաժնուող սերունդը իր գործը աւարտած կ՛երթայ այս աշխարհէն, բայց կը ձգէ բաց մը, զոր հետագային ոչ մէկ սերունդ ի վիճակի պիտի ըլլայ լրացնել: Անհետացող սերունդը իրեն հետ կը տանի նաեւ պատմական մեր յիշողութիւնը, որ փաստագրական տուեալներէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար:

Քառասուն օրեր առաջ ան հրաժեշտ տուաւ կեանքին` ետին ձգելով յիշատակներ` օրինակելի հայ անհատի եւ մօր մը արժանիքներով:

Մեկնումէն քառասուն օր ետք, երբ հանդարտ կերպով պիտի նայինք անցեալին, դառնօրէն պիտի զգանք Ովսաննային բացակայութիւնը: Ճի՛շդ է բնութեան օրէնքը, արժէքները իրենց բացակայութեան կը զգացուին: Թերեւս մտածողներ եղան, որ անոր կատարածը մեծ բան չէր, բայց ոչ ոք կրնար մտածել եւ ըսել, որ անոր ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն չէր:

Ափսո՛ս որ հիւանդութիւնը չխնայեց անոր, անվերադարձ հեռացնելով զայն ընտանեկան բոյնէն եւ իր փայփայած ազգային բոլոր արժէքներէն:

Ովսաննան կը բաժնուի մեզմէ ու կ՛երթայ այս աշխարհէն` տալով իր կարելին, սակայն ան մեր յիշողութեան կը յանձնէ ազգային իտէալը, զոր հետագային պիտի կարողանանք իրագործել:

Վարձքդ կատա՛ր, շատ սիրելի հաւատաւոր ընկերուհի, հողը թեթեւ ըլլայ վրադ:

Ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղօրէն ննջէ:

Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:

ԷՅՊԷԶՑԻ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻԴ

Նախորդը

Քաղաքական Օրակարգ

Յաջորդը

Անխոնջ Դաշնակցականը

RelatedPosts

Քեսապի Հայութիւնը 1909-Ի Աղէտի Օրերուն.  Դէպի Պասիթ Եւ Լաթաքիա
Պատմական

Քեսապի Հայութիւնը 1909-Ի Աղէտի Օրերուն. Դէպի Պասիթ Եւ Լաթաքիա

March 4, 2026
Քեսապ Օսմանեան Սահմանադրութեան Հռչակման Օրերուն Եւ 1909-ի Աղէտը
Պատմական

Քեսապ Օսմանեան Սահմանադրութեան Հռչակման Օրերուն Եւ 1909-ի Աղէտը

February 25, 2026
Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը
Պատմական

Քեսապի Մէջ Ազգային Կազմակերպութիւններու Մուտքն Ու Ծաւալումը

February 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.