Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

August 10, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկխօսութեան հանդիպումէն պահ մը

Իշխանութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակները երէկ աւելի քան հինգ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկեցին օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման հարցը:

Երկխօսութեան օրակարգին վրայ այս հարցը ներառուած է ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսին առաջարկով:

Երէկ Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչները պատրաստած էին իրենց առաջարկը հիմնաւորող 87 էջէ բաղկացած փաստաթուղթ մը, որ ներկայացուեցաւ իշխանութեան աշխատանքային խումբին:

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստանի իշխանական համակարգը «ոչ օրինական», «լիովին հակաժողովրդավարական» եւ «փտած» է, «հաշուետու չէ ժողովուրդին», «բացառապէս կը սպասարկէ քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ սակաւապետներու տնտեսական շահերուն»: Քոնկրեսին ներկայացուցած հիմնաւորումներուն մէջ առանձին գլուխներ յատկացուած են «2008-ի նախագահական կեղծուած ընտրութիւններուն», «Մարտմէկեան սպանդին», «Չբացայայտուած սպանութիւններուն», «Ոճրագործութեան ծածկումին», «Ընդդիմադիրներու նկատմամբ ձեռնարկուած քաղաքական հալածանքներուն», ինչպէս նաեւ կը խօսուի  դատական իշխանութեան «բացակայութեան», տնտեսական խնդիրներուն, «աղէտալի չափերու հասնող արտագաղթին» մասին:

Քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ այդ համակարգը ձեւաւորուած է ժողովուրդին կամքը ամբողջութեամբ աղաւաղող, համատարած եւ լայնածաւալ ընտրակեղծիքներու եւ բռնութիւններու իբրեւ արդիւնք: Ան նշեց, որ ժողովուրդին կողմէ չընտրուած իշխանութեան բռնի պարտադրման ընթացքին համակարգը չէ խորշած սեփական ժողովուրդին վրայ կրակելէն եւ 10 անմեղ մարդիկ սպանելէն: Ըստ անոր, նոյն համակարգը ժողովուրդին խաղաղ ցոյցերը ճնշելու նպատակով ներքաղաքական խնդիրներու մէջ ներքաշած եւ օգտագործած է Հայաստանի զինեալ ուժերը, ինչ որ դարձեալ սահմանադրութեան կոպիտ խախտում է:

Քոնկրեսը իշխանութեան ներկայացուցած է 76 պատգամաւորներու անուններ, որոնք կը զբաղին ձեռնատիրութեամբ, ինչ որ դարձեալ սահմանադրութեան խախտում է:

Լեւոն Զուրաբեան ընդգծեց, որ երկրին խորհրդարանը վերածուած է լոպիիստական, փտածութեան կառոյցի, որուն մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներուն ճնշող մեծամասնութիւնը, սահմանադրութեան խախտումով զուգահեռաբար զբաղելով գործարարական գործունէութեամբ, կը ծառայեցնէ պետութեան օրէնսդիր իշխանութիւնը` սեփական հարստացման գործին:

Քոնկրեսը համոզում յայտնեց, որ օրինական իշխանութեան հաստատումը եւ երկրին մէջ սահմանադրական կարգին վերականգնումը անհրաժեշտութիւն է, իսկ իբրեւ խնդիրներու լուծման ուղի կը պահանջէ նաեւ արտակարգ նախագահական, այնուհետեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացում:

Իշխանութեան աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ կան որոշ փաստեր, որոնց հետ իրենք համամիտ են: Ըստ անոր, այլ խնդիր է, որ իրենք եզրակացութիւններուն համաձայն չեն:

Լեւոն Զուրաբեան տեղեկացուց, որ իշխանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները հանդիպման ընթացքին ուշադրութեամբ լսած են, սակայն քոնկրեսի ներկայացուցած հիմնաւորումներուն շուրջ քննարկում երէկ տեղի չէ ունեցած, որովհետեւ իշխանութեան ներկայացուցիչները մէկ շաբաթ ժամանակ խնդրած են իրենց տեսակէտները ներկայացնելու համար:

Դաւիթ Յարութիւնեան փոխանցեց իշխանութեան պատուիրակութեան նախնական կարծիքը ընդդիմադիրներու ներկայացուցած հիմնաւորումներուն վերաբերեալ:

«Մէկ մասը փաստեր են, իսկ միւս մասը` գնահատականներ: Գնահատականներուն մասով` մենք ունինք տարբեր կարծիք: Ինչ կը վերաբերի փաստերուն, անոնց մէկ մասը, մեր կարծիքով, ճշգրիտ չէ ներկայացուած: Փաստերուն միւս մասին հիման վրայ կատարուող եզրակացութիւնները եւս ճշգրիտ չեն, եւ մենք կը պատրաստուինք յաջորդ հանդիպման ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր, ներկայացնելու մեր գնահատականը ներկայացուած փաստարկներուն եւ հիմնաւորումներուն առնչութեամբ», նշեց Դաւիթ Յարութիւնեան:

 

Նախորդը

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Յաջորդը

ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՏԱԳՆԱՊԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՇԱՀԵՐԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.