Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

March 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքն է, որ Լիբանանի յաղթանակը կերտած է` յաղթելով թշնամիին: Ան աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը իր զէնքը պահելու համար այս կամ այն կողմին արտօնութեան կարիք չունի, յատկապէս կարիք չունի անոնց, որոնք Իսրայէլի վարչապետ Արիել Շարոնի հետ ծրագրած են Լիբանան ներխուժելու եւ զայն բռնագրաւելու կարելիութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 8 օդանաւեր թռիչքներ գործեցին ամբողջ Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԻՇԽԱՆԱՄԷՏ քաղաքական ուժերուն աղբիւրները կը նախատեսեն, որ կառավարութեան ծնունդը կարելի ըլլայ յայտարարել մինչեւ յառաջիկայ շաբաթավերջ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ Դիմադրութեան ապազինման պահանջը կը ծառայէ թշնամի Իսրայէլի շահերը իրականացնելու նպատակին:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան քաղաքական այնպիսի ուժեր, որոնք կը պնդեն, թէ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ ամերիկեան հոգատարութիւն պարտադրել` Միջազգային դատական ատեանին միջոցով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով կը տիրէ դրական մթնոլորտ. ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի պիտի դառնայ առաւելագոյնը յառաջիկայ 10 օրերուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մղեն Դիմադրութեան զինաթափման պայքարը եւ անոնք պիտի յաջողին այդ պայքարին մէջ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմը արդէն իսկ ամբողջացած է եւ անիկա նախագահական  պալատէն պիտի յայտարարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Լիբանանը մուտք գործած է մութ փապուղի մը, որովհետեւ երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումը հասած է սուր մակարդակի:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն` յառաջիկայ 20 մարտին համայնքային վարչակարգի տապալման համար տեղի ունենալիք ցոյցին մասնակցելու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ծնունդը պիտի յայտարարուի նախքան մարտի աւարտը` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան զէնքին դէմ բոլոր ցոյցերը ապարդիւն պիտի ըլլան: Ան նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրին եւ Ֆուատ Սինիորան ամբաստանեց դաւաճանութեան յանցանքով` զանոնք կոչելով Սաատ Նեթանիահու եւ Ֆուատ Լիպըրման:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզի, Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ լիբանանցի բանտարկեալներու հարցի պաշտպան միութեան նախագահ Ղազի Աատ շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին շնորհած ներման հրամանագիրը լիբանանցիներ չի ներառեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը 22 առիթ տուած են հակառակորդ քաղաքական ուժերուն հաշտ ըլլալու պետութեան տրամաբանութեան հետ, սակայն բոլոր առիթներն ալ կորսուած են:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի ուժերը կը պատրաստուին փառատօնի մը` պատասխանելու համար Մարտ 14-ի կազմակերպած ցոյցին:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Ռահհալ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կտրուած են, իսկ Հըզպալլայի զէնքը արտաքին ուժերու հակակշիռին տակ կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը պէտք է գործնապէս բարեփոխել, որպէսզի աւելի ուշ անիկա սրբագրուի նաեւ մեր հոգիներուն մէջ:

«ՌԱՅ» օրաթերթին համաձայն, մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմել:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փարիզ իր ուժերը պիտի պահէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շարքերուն մէջ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտած են, որ իրենց լռութիւնը Մարտ 14-ի համակիրները շատ աւելի պիտի նեղացնէ, քան` հակազդելը»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ շեշտած են, որ Դիմադրութեան դէմ պայքարին աղբիւրը Ուաշինկթընն է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի պատրաստ է առողջապահութեան նախարարութիւնը փոխանակելու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հետ:

 

Նախորդը

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՂԹԱՀԱՐԱԾ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԸ

Յաջորդը

«ՆԵՐԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.