Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՂԹԱՀԱՐԱԾ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԸ

March 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հրատարակչատունը հոկտեմբեր 2010-ին լոյս ընծայած է «Հայկական յիշողութիւն. Հալէպի գաղթակայաններու լուսանկարներ – 1922-1936» խորագիրով եւ փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեանի խմբագրութեամբ գիրք մը:

Ֆրանսերէն գրուած այս գիրքը կը ներկայացնէ համաշխարհային երկու պատերազմներուն միջեւ երկարող ժամանակաշրջանի ընթացքին Միջին Արեւելքի ամէնէն անուանի լուսանկարիչներէն Վարդան Տէրունեանի (1888-1954) 72 լուսանկարներ, որոնք վաւերագրութեան մը նման կը ներկայացնեն Հալէպի գաղթակայաններու իրավիճակը, որ  հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն` կենսունակութեամբ կը բնորոշուի:

փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեան գիրքի նախաբանին մէջ կը նշէ, թէ լուսանկարները կը պատմեն 1920-ական թուականներուն սկիզբը հրաշքով Հալէպ հասած գաղթականներուն պատմութիւնը, այդ գաղթականներուն աղքատիկ եւ թիթեղածածկ տուներու նախնական վիճակը, ապա` նոր թաղամասերու կառուցումն ու բնակչութեան այդտեղ հաստատուիլը: Փրոֆ. Նորտիկեան դիպուկ կերպով կեանքի պայմանները բարելաւելու այլապէս բնական այդ գործընթացը կը բնութագրէ իբրեւ կեանքի աւելի բարենպաստ պայմաններ կորսնցուցած գաղթականներուն զգացած «ամօթը ջնջելու քայլ մը», որուն նպատակն է «վերականգնել անարգուած արժանապատւութիւնը»: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Տէրունեան իր լուսանկարներով կը ներկայացնէ նաեւ գաղթակայաններու բնակիչներուն աշխատասիրութիւնը, աշխատատեղիները, աշխատավայրերը եւ կրթութեան օճախները: Այդ օճախները Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականներուն մօտ հայեցի կրթութեան կարեւորութեան նկատմամբ գիտակցութեան եւ հեռատեսութեան ցուցանիշներ են:

Հարկ է նշել, որ Տէրունեանի 72 լուսանկարները Հալէպի գաղթակայաններու լուսանկարներ են, սակայն Լիբանանի գաղթակայաններուն կացութեան պատկերը նոյնը ըլլալով` գիրքին էջերը թերթատողին գաղափար մը կու տան նաեւ այդտեղ տիրած կացութեան մասին:

128 որակաւոր էջերէ բաղկացած այս գիրքը լուսանկարներու սոսկական ալպոմ մը չէ: Ան չի բաւարարուիր այդ լուսանկարներու ներկայացմամբ, այլ երեք տարբեր գրութիւններով կը ներկայացնէ գաղթակայաններուն առօրեայ կեանքին շրջագիծը եղող ընկերային եւ քաղաքական պայմանները:

Փարիզի «Նուպար» գրադարանի գրադարանապետ, պատմաբան Ռեմոն Հ. Գէորգեան «Հալէպ` ցեղասպանական մեքենայութիւններու եւ գաղթականներու օժանդակութեան գործողութիւններու կեդրոն» խորագիրով իր գրութեան մէջ կը ներկայացնէ 1915-ին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հայերու Հալէպ հասնելով այդտեղ մնայուն կամ արժամեայ կերպով տեղաւորուիլը, ինչպէս նաեւ անոնց ժամանման ի տես` օսմանեան տեղական իշխանութեանց որդեգրած կեցուածքներն ու միջոցառումները, հայութեան ինքնակազմակերպուիլը, շրջանին մէջ գաղթականներու համար հաստատուած ժամանակաւոր գաղթակայաններու մէջ տիրող կացութիւնը, օրինակ, թէ ինչպէ՛ս թուրք, արաբ եւ հրեայ անզաւակ զոյգեր կը համոզեն եւ հայ մայրերէն կը գնեն մահուան վտանգը դիմագրաւող մանուկները, «գործառնութիւն» մը, որուն իբրեւ հետեւանք` շատ մայրեր կը խելագարին:

«Յուշամատեան» կայքէջի ծրագիրի վարիչ, պատմաբան Վահէ Թաշճեան իր «Նպատակ` Հալէպի մէջ կեանքի մը վերակառուցումը» խորագիրով գրութեան մէջ կը ներկայացնէ 1922-էն ետք Հալէպի մէջ իրենց կեանքը վերակերտելու հայ գաղթականներու ջանքերը, ֆրանսական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանը, երբ քաղաքական պայմանները արմատական կերպով տարբեր էին օսմանեան ժամանակաշրջանէն: Ան կը ներկայացնէ Ֆրանսայի` Կիլիկիայէն հեռանալէն ետք հազարաւոր հայերու իրենց հայրենիքէն հեռացումն ու Հալէպի անգամ մը եւս գաղթականներու կարեւոր կայանի մը վերածուիլը, մինչ հայութեան մօտ բնօրրան վերադառնալու յոյսերը կը սկսին չքանալ, եւ որբերը հայկական ազգային շունչով եւ հայկական շրջանակի մէջ մեծցնելը կը վերածուի ազգային առաջնահերթութեան եւ ազգի յարութեան գրաւականի: Թաշճեան կը ներկայացնէ նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասերու կազմաւորման աշխատանքը:

Գիրքի վերջաւորութեան Հալէպի քաջածանօթ Ժան-Քլոտ Տաւիտ «Հալէպահայերը` 1920-1946» խորագիրով իր գրութեան մէջ կը ներկայացնէ հալէպահայութիւնը եւ 1920-էն ետք քաղաքի արդիականացման եւ շինարարական աշխատանքները` ընդգծելով, որ հայերը այդ աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին: Տաւիտ կը նշէ, որ 1946-ին, Սուրիոյ անկախութենէն առաջ Հալէպի մէջ գործող 47 ճարտարապետներէն առնուազն 9-ը հայեր էին, որոնք իրենց ուսումը ստացած էին Պոլսոյ, Փարիզի, Պելճիքայի համալսարաններուն եւ մասնաւորաբար Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարաններուն մէջ:

Վարդան Տէրունեանի լուսանկարները ներկայացնող այս գիրքը ֆրանսախօս շրջանակներուն կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ դժուար ու ճնշիչ վիճակի մը մէջ յայտնուած հայութեան վերապրելու եւ իր կեանքի պայմանները բարելաւելու անկոտրում կամքը: Այս գիրքը, օտարներու ուղղուած ըլլալուն կողքին, կը ծառայէ սփիւռքահայերու յիշողութեան վերաթարմացման, մանաւանդ անոնց, որոնք իրենց կեանքի պայմանները բարելաւելէ ետք, իրենց համեստ անցեալը ամօթ համարելով,  կամաւոր կերպով հեռացած են հայութենէն կամ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով իրենց զաւակները օտար դպրոցներ կ՛ուղարկեն: Այս գիրքը այդպիսիներուն կը յիշեցնէ, թէ իրենք այդ աղքատիկ ու համեստ գաղթակայաններուն ծնունդն են, եւ ամէն ինչ կը պարտին այդ դժուար կացութենէն դուրս ելլելու քաջութիւնը, կամքն ու աշխատասիրութիւնը ունեցող իրենց պապերուն, որոնք ի գին բազում զոհողութեանց` իրենց զաւակները մղեցին ուսում ստանալու, ունենալու այն բոլորը, որոնցմէ կեանքի ողբերգական ու դառն պայմաններու բերմամբ զրկուեցան իրենք: Հարկ է դաս առնել այդ սերունդէն: Անոր պայքարը հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ ոչ թէ ամօթ: Ահա թէ ինչո՛ւ այս գիրքը կարելի է նկատել արտակարգ կացութիւններ յաղթահարած այդ սերունդին նուիրուած յարգանքի տուրք մը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

ՊԱՅՔԱՐ ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՓԱԹԵԹԻ ՀԱՄԱՐ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.