«Իզրայէլ Նեշընըլ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայն Իսրայէլի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, Էտելշթայն, որ անդամ է Լիքուտ կուսակցութեան, մասնաւորաբար ըսած է. «Իսրայէլի պետութիւնը պէտք է վերարժեւորէ իր դիրքորոշման չափանիշերը, որովհետեւ մեզմէ ոչ ոք կրնայ փոխել պատմութիւնը»:


