Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան Կը Բողոքէ Ելեկտրականութեան Սակի Յաւելումին Դէմ

May 14, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան
Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ելեկտրականութեան հոսանքի սակի յաւելումի խնդիրին:

«Այսպէս չի կրնար անվերջ շարունակուիլ. կառավարութեան խնդիրն է սեփական  ընկերութեան առաջարկել այնպիսի ծրագիր, որ յստակ երաշխիքներ կու տայ այդ համակարգի ապագային վերաբերեալ», ըսաւ ան:

Ըստ պատգամաւորին, կառավարութիւնը պէտք է նախաձեռնէ ամբողջական հետազօտութիւն համակարգի ընդհանուր վիճակին, համակարգին մէջ կուտակուած պարտքերու, աղբիւրներու վերաբերեալ, ինչպէս ծախսուած են վարկերը, եւ եթէ կան մեղաւորներ, ապա նաեւ եզրակացութիւններ կատարուին:

«Ամէնէն կարեւորը ապագայի հարցն է, եւ կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ համակարգի առողջացման ծրագիր, որ կարելիութիւն կու տայ ե՛ւ մեր գործարարներուն, ե՛ւ քաղաքացիներուն յստակ պատկերացում ունենալ յառաջիկայ տարիներուն վերաբերեալ: Պէտք է առաջարկեն այնպիսի ծրագիր, որ երաշխիքներ կու տայ, եւ եթէ նոյնիսկ ձեւով մը սակը կը բարձրանայ, ապա 5 տարի կամ 10 տարի մենք երաշխիքներ ունենանք, որ այլեւս նման բան չ՛ըլլար», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է կանխատեսելիութիւն տայ քաղաքացիներուն եւ գործարարներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ  ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանի այն յայտարարութիւնը, թէ պէտք է սակագնային քաղաքականութիւնը փոխուի այնպէս, որ ամէն տարի վերատեսութեան ենթարկուի սակը, այնպէս, ինչպէս կը կատարուի եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց. «Համակարգերու խնդիր է, եւ համեմատել Հայաստանը եւրոպական երկիրներուն հետ` ի սկզբանէ սխալ է` նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ մենաշնորհային վիճակը, ակնյայտ ոչ արդիւնաւէտ տնօրինումը, կորուստներու` ակնյայտ չափազանց ըլլալը, նաեւ` եւրոպական երկիրներու մէջ մարդիկ լաւ աշխատավարձ կը ստանան, վճարունակ են, իսկ աղքատութիւնը 35 առ հարիւր չէ: Ես ալ համաձայն եմ` եթէ խաղի կանոնները յստակ են, եւ եթէ գիտնամ, որ մենաշնորհեալ համակարգը կը գործէ արդիւնաւէտ, կարելի է քննարկել: Բայց մութին մէջ, առանց հասկնալու այդ գումարները ինչպէ՛ս ծախսուած են, ո՛ւր գացած են, հարիւրաւոր միլիոններու վարկերը ինչպէ՛ս ծախսուած են, ես պատրաստ չեմ, իբրեւ քաղաքացի, ամէն անգամ նման փաստի առջեւ կանգնելու: Չի կրնար ամէն տարի նման սղաճ ըլլալ: Թող կառավարութիւնը սեփական մարզին հետ քննարկէ, գտնէ լուծումները, առողջացման ուղիները, որովհետեւ այս համակարգը մեր տնտեսութեան ողնաշարն է, այստեղ փլուզումները պիտի ազդեն  ամբողջ տնտեսութեան վրայ»:

 

Նախորդը

Սահակեան Ընդունեց Հոլանտայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Գերմանական Ռայնլանտ-Փֆալց Շրջանին Մէջ Ներկայացուած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.