Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Սկսաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովը

May 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-08-15_enger-955ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու հիւրընկալութեամբ, Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովը: «Հաւասար աշխարհ կարելի է» կարգախօսով տեղի ունեցող երկօրեայ ժողովին կը մասնակցին աշխարհի 60 երկիրներու ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական կառոյցներու 160 պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական եւ  ուսանողական միութիւնները ներկայացնող աւելի  քան երկու տասնեակ երիտասարդներ:

Ժողովին բացման խօսքերը արտասանեցին Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան, Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Ֆելիփէ Խելտերես Քարտա եւ ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացնող Կարապետ Շատոյեան:

Վերջինս իր խօսքին մէջ նշեց, որ 2015 թուականը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ շեշտեց, որ հայ երիտասարդութիւնը հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման պայքարին համար նոր փուլ կը թեւակոխէ` փուլ մը, որուն ընթացքին մեր երիտասարդութիւնը զուգահեռաբար հետեւողական պիտի ըլլայ նաեւ մեր երկրի շարունակական զարգացման եւ հզօրացման գործին:

Աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովը պիտի քննարկէ իր երկամեայ քաղաքական եւ նիւթաբարոյական գործունէութեան տեղեկագիրը: Ժողովը պիտի անդրադառնայ բնապահպանական, երիտասարդութեան աշխատանքին, անոնց կրթութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու պահպանման գործին մէջ  երիտասարդութեան դերակատարութեան առնչուող հիմնահարցերուն:

Այսօր նախատեսուած է մասնակիցներուն այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ` Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկ եւ ծաղկամատոյց` յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:

Նախատեսուած է նաեւ պատուիրակներու  այցելութիւնը Երեւանի տեսարժան վայրեր եւ  թանգարաններ` հիւրերը Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու համար:

Ժողովի փակումը տեղի կ՛ունենայ այսօր ուշ երեկոյեան:

 

 

Նախորդը

Օհանեան Մոսկուայի Մէջ Կը Մասնակցի Այսօրուան Զօրահանդէսին

Յաջորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Մասնակցեցաւ Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Տօնական Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.