Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՅՍՕՐ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

August 9, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ այսօր տեղի ունենալիք հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի արտակարգ ընտրութիւններու կայացման հարցը:

Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան օրակարգին վրայ երկու հարցեր ընդգրկուած են: Ընդդիմադիրները օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու խնդիրը դրած են, իսկ իշխանութիւնը` ընտրութիւններու պատշաճ կայացման նպատակով քաղաքակիրթ մրցակցութեան կանոններու ձեւաւորման հարցը:

Այսօր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան անդամները պիտի ներկայացնեն նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ իրենց առաջարկները եւ հիմնաւորումները:

Նշենք, որ Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրապեան իշխանական պատուիրակութեան հետ հանդիպումներէն մէկուն աւարտին յայտարարեց, որ եթէ արտակարգ ընտրութիւններու գծով համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա ճակատում տեղի պիտի ունենայ:

Հայ ազգային քոնկրեսին հետ բանակցելու նպատակով իշխանական համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորած աշխատանքային խումբի անդամ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վարդան Բոստանջեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ իշխանական պատուիրակութիւնը ո՛չ քաղաքական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ալ ընկերային որեւէ հիմք չի տեսնէ արտակարգ ընտրութիւններու համար:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, որ եթէ արտակարգ ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ երկխօսութեան օրակարգին վրայ ընդգրկուած իրենց առաջարկը համապատասխան արձագանգ չստանայ, Հայ ազգային քոնկրեսը պիտի լքէ՞ երկխօսութեան սեղանը, թէ՞ պիտի սպասէ նաեւ իշխանութեան ներկայացուցած հարցին քննարկման, քոնկրեսի պատուիրակութեան անդամ Վահագն Խաչատրեան յայտնեց, որ որեւէ պարտաւորուածութիւն չկայ իրարու նկատմամբ: «Վաղուան հարցը ներկայացնելէ եւ անոր նկատմամբ դիմացինին վերաբերմունքէն կը զգանք, թէ անոնք որքանո՛վ պատրաստ են մեր դրած հարցերը ընդունելու կամ չընդունելու: Եթէ մենք կը տեսնենք, որ այդ ամէնը պարզապէս իրենց կողմէն պիտի ըլլայ ի միջի այլոց, իբրեւ հերթական միջոցառում եւ պատասխանները պիտի ըլլան ոչ հիմնաւոր, մենք այդ կարելիութենէն պիտի օգտուինք: Ոչ ոք մեզի կրնայ ըսել, որ պարտադիր պէտք է նստիք, շարունակէք մինչեւ վերջ: Բոլոր պարագաներուն, մեր ներկայացուցած հարցէն ետք կ՛ուզեմ, որ իրենք նաեւ իրենց հարցը ներկայացնեն», յայտնեց Վահագն Խաչատրեան:

Այսուհանդերձ, արտակարգ ընտրութիւններուն անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հակադիր կարծիքներ ունենալով հանդերձ, թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի երկխօսութեան հոլովոյթը շարունակուի:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ ԿԸ ՅՂԷ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ

Յաջորդը

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՍԹԱՆԱՅԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.