Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Արցախի Քաղաքացին 15 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտեց

Մայիս 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_arsenԱզրպէյճանի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերեվարուած քաղաքացի Արսէն Պաղտասարեանը  դատապարտած են 15 տարուան ազատազրկման: Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, պատիժը կը հաշւուի անոր ձերբակալման օրէն` 26 դեկտեմբեր 2014-էն:

Դատարանին որոշումով` Արսէն Պաղտասարեան  ազատ կացուցուած է դատական ծախսերու վճարումէն:

Յայտնենք, որ Ազրպէյճանի Գանձակ քաղաքի ծանր յանցագործութիւններու գործերով դատարանին մէջ տեղի ունեցած «դատավարութեան» ժամանակ դատախազ Անար Միրքիշիեւ  պահանջած է Արսէն Պաղտասարեանը  դատապարտել 18 տարուան բանտարկութեան:

Հապճեպ սարքուած գործի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքացիին ներթափանցման մեղադրանք ուղղուած է: Ազրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւնները պատասխան էին Ազրպէյճանի քաղաքացիներ Տիլհամ Ասքերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի կալանաւորման եւ դատապարտման: Անոնք ձերբակալուած էին զէնքերը ձեռքերնին, եւ դատարանին մէջ իրենց մեղքը չէին հերքած:

Միաժամանակ, Արսէն Պաղտասարեանի գործը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի աղաղակող խախտում է, որովհետեւ անոր  ձերբակալման պահէն, արդէն 6 ամիսէ չեն արտօներ հանդիպիլ Կարմիր Խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:

Բաբայեան. «Ազրպէյճան Նացիական
Գերմանիոյ Վախճանը Պիտի Ունենայ»

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անգամ մը եւս ստալինեան բռնաճնշումներու օրերուն կիրարկուող մօտեցում դրսեւորեցին, երբ մարդը  առանց դատի եւ քննութեան կը դատապարտէին մահուան կամ աքսորի: Այս մասին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով Արսէն Պաղտասարեանի դէմ արձակուած դատավճիռը:

«Միակ տարբերութիւնն այն է, որ Արսէնը  բարեբախտաբար գնդակահարութեան չեն դատապարտած: Ասիկա չծածկուած քաղաքական հոլովոյթ է, դատարանը իրականացուցած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պատուէրը: «Դատ» կոչուող կեղծիքը կայացած է դռնփակ, չեն պահպանուած մարդկային տարրական իրաւունքները, Արսէնին նոյնիսկ փաստաբան չէ տրամադրուած: Խնդիրը այն է, որ նոյնիսկ  ամէնէն ցած որակաւորման իրաւաբանը կրնար հերքել Պաղտասարեանի մեղքը «ապացուցող» կեղծ փաստերը: Աւելի՛ն` դատական նիստերուն ներկայ չեն եղած միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին` Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները: Ատիկա նացիականութեան  եւ բռնաճնշումներու դասական դրսեւորում է», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:

Այդ կապակցութեամբ ան նշեց, որ Պաքու կը պատրաստուի հիւրընկալելու առաջին Եւրոպական խաղերը: «Շատ կը յիշեցնէ Պերլինի մէջ Հիթլերի իշխանութեան գալէն ետք Ողիմպիական խաղերու կազմակերպումը: Եւրոպան հիմա կ՛ամչնայ յիշել այդ մասին: Ազրպէյճանի իշխանութիւններու վարքը բացասականօրէն կ՛անդրադառնայ նախ եւ առաջ այդ երկրի հասարակութեան վրայ. նացիական գաղափարախօսութիւն որդեգրած երկիրները վատ վախճան կ՛ունենան», ընդգծեց Դաւիթ Բաբայեան:

 

 

Նախորդը

«Մէկ Բան Կրնամ Յստակ Ըսել` Մենք Ցեղասպանութիւն Չենք Գործած» Կ՛ըսէ Չիչեք

Յաջորդը

Օհանեան. «Մեր Բանակը Պատուով Կը Յանձնէ Քննութիւնը»

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In