Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մէկ Բան Կրնամ Յստակ Ըսել` Մենք Ցեղասպանութիւն Չենք Գործած» Կ՛ըսէ Չիչեք

May 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_cicekԹուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է հայերուն նկատմամբ իր վերաբերմունքին, «1915-ի դէպքերուն» եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւններուն մասին:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ հայերու հանդէպ ընդգծուած վերաբերմունք ունի, Չիչեք ըսած է. «Եթէ Աստուած ստեղծած է բան մը կամ մէկը, ես անոր թշնամին չեմ կրնար ըլլալ: Թուրքիոյ մէջ այսօր խնդիրներ ունեցող հաւաքական խումբեր կան: Ես, օրինակ, թրքական երաժշտութիւնը շատ կը սիրեմ, թրքական երաժշտութեան մէջ որքա՞ն հայ արուեստագէտներ, երաժիշտներ, ստեղծագործողներ, սազի վարպետներ կան: Ճարտարապետութեան մէջ նոյնպէս: Պապս Եոզղաթի մէջ հայ դրացիներ ունէր: Ո՛չ ես, ո՛չ մեր ազգը հայկական արմատներ ունեցող քաղաքացիներուն նկատմամբ վատ վերաբերմունք ունինք: Մենք դէմ ենք քաղաքականութեան ու սփիւռքի մեղադրանքներուն», ըսած է ան:

Չիչեք յայտարարած է, որ իրենք դէմ են «1915-ի հարցը» քաղաքականացնելուն:

«Մէկ բան յստակ կրնամ ըսել` մենք ցեղասպանութիւն չենք գործած: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ցաւեր չեն եղած: 1915-ը մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն ցաւերու թուականն է: Սակայն այդ ցաւը միայն հայերը չեն տեսած: Թուրքերը մարդ չե՞ն: Չեն մտածած չէ՞ «այս առաւօտ երթանք, հայերը կոտորենք, կախենք»: Հայերու խմբաւորումները զինող պետութիւններ ալ կան: Ով որ ՔԱԿ-ին կ՛աջակցի, այդ ժամանակ ալ հայկական խմբաւորումներուն աջակցած է: Ինչո՞ւ ատկէ կը նեղանան: Այդ խմբաւորումները Վանի մէջ, Պինկէօլի մէջ, Էրզրումի մէջ, Կարսի մէջ կոտորածներ կատարած են: Բազմաթիւ իսլամներ զոհուած են», ըսած է ան:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը դարձեալ քննադատած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները` նշելով, որ ատիկա խորհրդարաններու իրականացնելիք գործառոյթը չէ:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Պաքու Արցախի Քաղաքացին 15 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտեց

RelatedPosts

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթին

March 10, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան
Հայկական

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան

March 10, 2026
Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.