Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ. ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ՇՄԻԹ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԱԾ Է ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐԱՄՈՎ

August 9, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի բարոյագիտութեան յանձնախումբը հաստատած է, որ Հանրապետական կուսակցութենէն կին քոնկրեսական Ճեն Շմիթ Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգութեամբ հայ անդամ Տէյվիտ Գրիգորեանի դէմ մղուած ընտրապայքարին ընթացքին օգտագործած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւններու դրամական միջոցները:

Բարոյագիտութեան յանձնախումբին որոշումով` Շմիթ ստիպուած է Թուրք-ամերիկեան իրաւական պաշտպանութեան հիմնադրամին վերադարձնել իբրեւ «նուէր» ստացած 500 հազար տոլարի գումարը:

2008-ի քարոզարշաւին ընթացքին Տէյվիտ Գրիգորեան Շմիթը մեղադրած էր Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող թրքական լոպիին կողմէ քոնկրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերու որդեգրումը տապալելու համար դրամական աջակցութիւն ստանալու յանցանքով: Իսկ թրքամէտ դիրքորոշումով յայտնի Շմիթ Գրիգորեանի ներկայացուցած մեղադրանքները անհիմն նկատած էր եւ հայազգի քաղաքական գործիչին դէմ դատական քանի մը հայցեր ներկայացուցած, սակայն դատական հոլովոյթներուն ժամանակ չէր կրցած իր փաստաբաններուն վճարել: Վերջիններս Շմիթի պարտքերուն մասին տեղեակ պահած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւնները, որոնք մեծ հաճոյքով հոգացած էին թրքամէտ քոնկրեսականին ծախսերը:

Բարոյագիտութեան յանձնախումբին մէջ կատարուած ունկնդրութիւններուն ժամանակ կին քոնկրեսականը ինքզինք արդարացուցած է` պնդելով, որ ինք չէ գիտցած գումարներու իսկական ծագումին մասին, ատիկա իր կարծիքով նուէր եղած է եւ իբրեւ թէ իր փաստաբանները զինք խաբած են:

 

 

Նախորդը

ԸՍՏ «ԻԼ ՏԵՄՈՔՐԱԹԻՔՕ»Ի ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՈՏՆԱՀԱՐԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ» ԿԸ ԳՐԷ «ՄՈՍՔՈՎՍՔԻՅԷ ՆՈՎՈՍԹԻ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.