Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմնադիր Խորհրդարանի Անդամները Ազատ Արձակուեցան

May 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Himnadir-logo1-640x3601-640x360Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին յանձնարարութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութեան դատախազ, առաջին դասի խորհրդական Վ.Պօղոսեան նախաքննական մարմինէն, ստուգման նպատակով, պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի  կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան  տարածքին մէջ 24 ապրիլ 2015-ին կազմակերպուած համազգային հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին խումբ մը անձերու կողմէ  զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու նախապատրաստութիւն իրականացնելու դէպքին առիթով 18 փետրուար 2015-ին յարուցուած քրէական գործը: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան, քրէական գործի նիւթերու ստուգումով պարզուած է, որ Ժիրայր Սեֆիլեան, Վարուժան Աւետիսեան, Գէորգ Սաֆարեան, Գարեգին Չուգասզեան եւ Պաւղիկ Մանուկեան, մայիս 2014-էն ձեռնարկելով զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու նախապատրաստական գործողութիւններ, ծրագրած էին զանոնք իրականացնել 24 ապրիլ 2015-ին, սակայն այդ գործողութիւնները կանխուած են իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն կողմէ: Ստուգման արդիւնքով գործով հսկողութիւն իրականացնող դատախազը, ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 53-րդ, 142-րդ, 151-րդ յօդուածներով, որոշում տուած է մեղադրեալներ` Ժիրայր Սեֆիլեանի, Վարուժան Աւետիսեանի, Գէորգ Սաֆարեանի, Գարեգին Չուգասզեանի եւ Պաւղիկ Մանուկեանի նկատմամբ կիրարկուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոփոխելու եւ իբրեւ  խափանման միջոց չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը ընտրելու վերաբերեալ: Որոշումը տրուած է նկատի առնելով, որ արդէն անցած է Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակման օրը եւ  վերոնշեալ անձերը չեն յաջողած աւարտին հասցնել յանցագործութիւնը, նախաքննութեան ընթացքին արդէն կատարուած են անյետաձգելի անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները, եւ վերջիններս, ազատութեան մէջ մնալով, չեն կրնար խոչընդոտել դատական գործի քննութեան հոլովոյթը, ուրեմն նախաքննութեան տուեալ փուլին մէջ վերցուած է մեղադրեալները կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Մէկ Շաբթուան Մէջ 2404 Լուր Հրապարակուած Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Այսօր Կը Մասնակցի Ուաշինկթընի Մայր Տաճարին Մէջ Մատուցուելիք Պատարագին

RelatedPosts

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութիւնը  Միայն Թուղթի Վրայ Չէ»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութիւնը Միայն Թուղթի Վրայ Չէ»

March 13, 2026
Միշել. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութիւնը Պիտի Բարելաւէ  Շրջանի Տնտեսական Զարգացումը»
Գլխաւոր լուրեր

Միշել. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Պիտի Բարելաւէ Շրջանի Տնտեսական Զարգացումը»

March 13, 2026
Թեհրանի Հայկական Թաղամասին Մէջ Բնակելի  Շէնքի Մը Վրայ Հրթիռային Յարձակում
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Հայկական Թաղամասին Մէջ Բնակելի Շէնքի Մը Վրայ Հրթիռային Յարձակում

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.