«Երկիր» կը հաղորդէ, որ «Փի.Առ.Նեթ» ընկերութիւնը վերլուծած է 20-26 ապրիլ 2015-ի ժամանակահատուածին մէջ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ ամէնէն շատ արծարծուած նիւթերը:
Ըստ «Մետիաթաւա» կայքին, այդ ժամանակահատուածին մէջ ամէնէն շատ արծարծուած նիւթերը դասակարգուած են հինգ խումբերու մէջ:
Առաջին` 23 ապրիլին երեխաներու օրուան մասին` 6728 լուր:
Երկրորդ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ Կալիփոլիի յաղթանակի 100-ամեակը: Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած է 2404 լուր, իսկ Կալիփոլիի մասին` 2036 լուր:
Ատոր յաջորդած են Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող քաղաքական նիւթերը: Անոնց մէջ ամէնէն շատը անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Անոր անունը յիշատակուած է մօտաւորապէս 4000 հրապարակումի մէջ: Ընտրութիւններուն մասին լուրերուն մէջ երկրորդ ամէնէն շօշափուած անունը եղած է վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուինը, երրորդը` ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուինը:


