ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Մարտը անցաւ, հասաւ ապրիլ գեղեցիկ
Հեռու աշխարհէն եկաւ ծիծեռնակ
Դու բարով եկար գարնան կարապետ
Բոյն շինողներուն ամէնէն վարպետ»
(Ժողովրդային երգ):
1915-ի մարտ ամսուան յաջորդող ապրիլը գեղեցիկ չէր: «Ապրիլ» խորհրդանշող ապրիլ ամիսը մահ ու աւեր սփռեց այդ տարին:
«Աշխարհ մը ամբողջ գերեզմանի վերածուած
Ոսկորներ, ոչ հողի տակ թաղուած
Այլ հողը ոսկորներով ծածկուած
Ոսկորներուն տէրը ազգ մըն էր
Որ կը կոչուէր … ՀԱՅ»: (Սահակ եպս. Կոգեան):
100 ապրիլ ամիսներ անցած են հայոց պատմութեան ամենատխուր թուականէն: 50 տարի ողբալէ ետք, մեր երիտասարդ սերունդը վերջապէս որդեգրեց նոր ուղի մը` պահանջատիրութիւն: «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»:
Օրէ օր կ՛աւելնայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն թիւը, մանաւանդ այս տարի, երբ մեծ թիւով երկիրներ ոչ միայն ճանչցան, նաեւ նախագահներով, վարչապետներով կամ պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներով ապրիլ 24-ին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1,5 միլիոն անմեղ սուրբ նահատակներու յիշատակին:
24 ապրիլ, 2015 Լոս Անճելըս: Սփիւռքի մեծագոյն հայկական գաղութը: Ընդարձակ Լոս Անճելըսի եւ մերձակայ քաղաքներէն ու արուարձաններէն անհատնում ուխտաւորներ կը հասնին ու կը հաւաքուին Հոլիվուտ քաղաքի «Լիթըլ Արմինիա» թաղամասը: «Լիթըլ Արմինիա»` «Փոքրիկ Հայաստան» անունը ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի, երբ Հոլիվուտի նման աշխարահռչակ քաղաքին մէջ բաւական մեծ շրջան մը կը կրէ այդ անունը, ուր օրական աշխարհի չորս ծագերէն հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին ակնկալուածէն աւելի ուխտաւորներու ծով բազմութիւն մը կը խուժէ ժամադրավայր, ուրկէ պիտի սկսի քայլարշաւը:
Կարելի՞ է երեւակայել` Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող փոխադրակառքերը անբաւարար են: Ինծի նման շատեր, ստիպուած, մեր անձնական ինքնաշարժերով կ’երթանք Հոլիվուտ եւ դժուարութեամբ տեղ կը գտնենք հանրային կառատուներէն մէկուն մէջ շարելու մեր ինքնաշարժները, ապա կ’ուղղուինք «Փոքրիկ Հայաստան», ուր այսօր իսկական Հայաստանի վերածուած է:
6 մղոն (10 քմ.) երկայնք ունեցող Արդարութեան քայլարշաւը կը սկսի Սանսեթ եւ Ուէսթըռն խաչմերուկէն` հասնելու համար Ուիլշըր պողոտայի վրայ գտնուող թրքական դեսպանատուն: Յորդառատ գետի մը ջուրերուն նման, ժողովուրդին հոսքը կ’անցնի Սանսեթ պողոտայի «Հոլիվուտ հայ սքուլին» առջեւէն: Վստահաբար այդ օր ոչ մէկ հայ աշակերտ կամ դասատու կը գտնուի այդ շէնքէն ներս, սակայն օտար աշակերտները դպրոցի պատուհաններէն եւ մուտքի աստիճաններուն վրայ, փոքրիկ պաստառներ բռնած, կը զօրակցին մեր արդար Դատին: Քալողներուն մէջ կը նշմարենք նաեւ ոչ հայեր` ձեռքերնին փոքրիկ եռագոյն դրօշակներ: Երախտագիտական պաստառներ` ամէն կողմ: «Շնորհակալութիւ՛ն, Վատիկան», Շնորհակալութիւ՛ն, Կիպրոս», Զուիցերիա, Լիբանան, Արժանթին. ո՞ր մէկը յիշեմ, այնքան շատ են մեր արդար Դատին թիկունք կանգնող, Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները, նաեւ` «Հրանդ Տինք» 1,5 միլիոն + 1» Ցեղասպանութեան մեր նորագոյն զոհը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին որոշումով մասնակցողները հագած են սեւ կամ մանիշակագոյն շապիկներ, եւ մարդոցմով կազմուած յորդառատ գետը վերածուած է ծաղկաստանի մը, ուր կարելի է գտնել սեւ եւ մանիշակագոյն ծաղիկներ միայն:
Սանսեթ պողոտայէն ձախ թեքուելով` կը մտնենք Լա Պրէա պողոտան, ուր կարծես Հրէաստան ըլլայ: Վաճառատուներուն անունները մեծ մասը եբրայերէնով գրուած են, եւ … բոլորը փակ: Գոնէ ինծի համար յստակ չէ` իբրեւ յարգա՞նք, թէ՞ պարզապէս նախատեսելով գալիք բազմութիւնը` անիմաստ կը գտնեն բաց պահել իրենց վաճառատուները:
Լա Պրէա պողոտայէն անցած ժամանակ հազարաւոր մարդիկ, խմբովին կ’երգեն ազգային երգեր.
«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ որ ինձ, ետուր արեւ»:
Հասած ենք Ուիլշըր պողոտայ ու աջ թեքուելով` վերջապէս կը հասնինք թրքական դեսպանատան սպիտակ շէնքը: «Սպիտակ տուն» եւ «Սպիտակ շէնք», երկու անխօս շէնքեր, որոնց բնակիչները, իրենք զիրենք կոյր եւ խուլ կը ձեւացնեն:
Քանի մը թուրք ցուցարարներ, թիւով հազիւ 20 կամ 25 հոգի, թրքական դրօշը ձեռքերնին, եկած են «պաշտպանելու» թրքական դեսպանատունը: Հայ ցուցարարներէն քանի մը հոգի, չդիմանալով անարդարութեան, իրենց ձեռքի ջուրի շիշերը կը շպրտեն թուրք ցուցարարներու ուղղութեամբ: Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը թուրք ցուցարարներուն կը յանձնարարէ անմիջապէս մեկնիլ` ըսելով, թէ` «Չեն կրնար վստահեցնել իրենց ապահովութիւնը»: «Խեղճ» ցուցարարները գլխիկոր կը վերադառնան իրենց տուները: Իրաւունքը զօրաւորին է, եւ այսօր հայոց ուժն է, որ կը տիրապետէ ամբողջ Լոս Անճելըսի մէջ: Անցած են այն օրերը, երբ թուրք ժանտարմներ անապատները կ’առաջնորդէին հազարաւոր հայեր` հոն սպաննելու, բռնաբարելու կամ սովամահ դարձնելու անմեղ հայորդիներ:
Քալած ժամանակս ինքնաբերաբար աչքերուս առջեւ կը տեսնեմ տարագիր հայերը, որոնք կ’ուղղուին Տէր Զօրի անապատները: Տասնեակ հազարաւոր մղոններ կը քալեն անօթի, ծարաւ, բոպիկ ու կիսամերկ եւ կը բաղդատեմ մեզի հետ, որ կամաւոր կը քալենք միայն 6 մղոն, այն ալ` հանգստաւէտ կօշիկներով, նաեւ` պաշտպանուած արեւէն ու անձրեւէն եւ ճամբու եզերքին անդադար ջուր կը մատակարարուի քալողներուն:
Արդարութեան քայլարշաւ: Միասնական ուժ. բողոք Թուրքիոյ անարդարութեան, միեւնոյն ժամանակ երախտագիտութիւն` մեզի թիկունք կանգնող երկիրներուն:
«Շնորհակալութիւ՛ն Լիբանան», «Շնորհակալութիւ՛ն, Կիպրոս», Ֆրանսա, Հոլանտա, Արժանթին, եւ բոլոր այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն Միացեալ Նահանգներ, աշխարհի ամենահզօր երկիրը, որ քաջ գիտնալով իրականութիւնը, յանդգնութիւնը չ’ունենար ընդունելու` վախնալով իր դաշնակից Թուրքիայէն, որուն պէտք ունի ի շահ Միջին Արեւելքի իր աղտոտ հաշիւներուն: Հազարաւոր հայերու բերնէն կը լսենք նոյն լոզունգները: «Ամօ՛թ քեզի, Օպամա՛»: Միայն ամօ՞թ, նաեւ` խոստմնադրո՛ւժ:
«Եթէ դուք կարողութիւնը չունիք օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» բառը, ինչպէս որ պատշաճ է նշելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ապա, պարո՛ն նախագահ, աւելի լաւ է , որ բնաւ հանդէս չգաք ձեր յայտարարութիւններով » (ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէ):
Ֆրանչեսկոս պապը Միացեալ Նահանգներու նախագահին նման քաղաքական աղտոտ հաշիւներ չունի, որ գիտնալով հանդերձ իրականութիւնը, հակառակ 8 տարի առաջ իր տուած խոստումին, առանց ամչնալու կ’անտեսէ մեր Դատը:
Գերմանիա, հակառակ Ցեղասպանութեան իր մեղսակցութեան, վերջապէս կը գիտակցի ու կը միանայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներու փաղանգին:
Թրքական դեսպանատան ճիշդ դէմը հսկայ բեմ մը զետեղուած է, ուրկէ կը հնչէ հայ երգը:
Ամբողջ 50 տարի ապրիլ 24 -ը սգատօն էր լոկ, այսօր երգով ու երաժշտութեամբ կը տօնենք մեր պահանջատիրութիւնն ու մեր ապագայ յաղթանակը:
1915-ի ապրիլ 24-ը սկսաւ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ. շարունակուեցաւ տեղահանութեամբ եւ վերջ գտաւ անոնց սպանդով:
2015-ի ապրիլ 24-ը «Փոքրիկ Հայաստան»ի մէջ սկսաւ Արմէնչիքի երգերով, շարունակուեցաւ քայլարշաւով ու վերջ գտաւ Ուիլշըր պողոտայի վրայ գտնուող թրքական դեսպանատան առջեւ Յարութ Փամպուքճեանի երգերով:
«Արդեօք ովքե՞ր են, ի՛նչ կտրիճներ են,
Մասիսը վկայ, ֆետայիներ են»:
«Արձակենք հրացան հեռուէն մօտէն,
Թող սարսրի սուլթան Եըլտըզ պարատէն»
Հարիւր տարի ետք, 24 ապրիլ, 2015-ին ի տես աշխարհի չորս ծագերուն բազմահազար հայերու պահանջատիրական ցոյցերուն`
«Թող սարսի էրտողան Պոլիս քաղաքէն»
Ամէն տարի, 24 ապրին, ամերիկեան հեռատեսիլի կայանները քանի մը երկվայրկեան միայն կ’անդրադառնային հայոց «ողբերգութեան». Այս տարի հեռատեսիլի բոլոր կայանները անխտիր իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին այս քայլարշաւին վրայ` որակելով «Ցեղասպանութիւն» (վերջապէս), շեշտելով, որ Վիեթնամի ցոյցերէն ետք ամենամեծ բազմութեամբ կատարուած ցոյցն է այս մէկը:
Բողոքի ցոյցը հասած է իր աւարտին:
Ազատութիւն եւ անմեղութիւն խորհրդանշող 100 սպիտակ աղաւնիներ ազատ կ’արձակուին, որոնք կը սլանան դէպի երկինք:
Երկուշաբթի առաւօտ, երբ գործատեղիս կը հասնիմ, ամէն կողմէ հարցումներու տարափ մը` ամերիկացի պաշտօնակիցներէս: Հեռատեսիլով հետեւած էին Ցեղասպանութեան քայլարշաւ ցոյցին եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կ’ուզէին գիտնալ մեր Դատին մասին:
Հասած ենք մեր նպատակին:
«Մարտը անցաւ, հասաւ ապրիլ գեղեցիկ»:
Այո՛, 2015-ի մարտին յաջորդող ապրիլը գեղեցիկ էր` ի տես հայ ժողովուրդի միասնակամութեան:
Մեծն Չարենցի պատգամը հասած էր իր նպատակին:
«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Լոս Անճելըս, 2015