Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Կազի Գինը Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկուի»

May 1, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-30-15_Ardzvig«Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութեան մամլոյ պատասխանատու Շուշան Սարտարեանի յայտարարութիւնը, թէ կազի սակը ներքին սպառման շուկայի համար կը մնայ անփոփոխ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նկատած է ժամանակային առումով ոչ ճիշդ եւ ոչ տեղին:

«Որովհետեւ այդ հարցը դեռ քննարկման ենթակայ է, եւ համաձայնագիրով նախատեսուած գինի նուազեցումը կամայ թէ ակամայ պիտի բերէ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող  յանձնախումբին այն մեկնակէտային տուեալներու  փոփոխութեան, որուն վրայ սահմանուած է ներկայ սակը: Այլ խօսքով` յանձնախումբը ուզէ, թէ չուզէ անդրադարձ պէտք է կատարէ, իսկ թէ ի՛նչ որոշում կու տայ եւ ի՛նչ հիմնաւորումներով, ատիկա արդէն ապագայի եւ իր իրաւասութիւններուն հարցն է», Tert.am կայքին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ան:

Նշենք, որ «Կազփրոմ» ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլեր ըսած է, որ հաշուի առնելով Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, Հայաստանի համար կազի գինը կը նուազի: «Մինչ վերջերս ատիկա 190 տոլար էր, այժմ կը դառնայ 165 տոլար 1000 խորանարդ մեթրի համար», յայտնած էր ան:

Արծուիկ Մինասեան յիշեցուց, որ ըստ օրէնքի, սակը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում  ներկայացնելու իրաւունք ունի ե՛ւ ծառայութիւն մատուցողը, ե՛ւ յանձնախումբը` իր նախաձեռնութեամբ:

«Ակնյայտ է, որ եթէ ձեռք բերման գինը կը նուազի, ատոր նկատմամբ հաշուարկով նաեւ աւելցուած արժէքի տուրքի գումարն ալ կը նուազի: Այս պարագային մենք ունինք շղթայ, ուր ձեռք բերողը, տեղափոխողը եւ բուն ծառայութիւն մատուցողը կազի սպառման համակարգին մէջ տարբեր մարմիններ են, եւ անոնց մօտ կը յառաջանան հարկային եւ վճարման տարբեր պարտաւորութիւններ»:

ՀՅԴ-ի պատգամաւորը նշեց, որ այս առումով սկզբունքային նշանակութիւն ունի վերատեսութեան հարցը այն բաղկացուցիչներուն, որոնք դրուած են իւրաքանչիւր հանգրուանի սակի հաշուարկման բանաձեւին մէջ: «Իսկ այդ բանաձեւը հաստատուած է լիազօր մարմինին կողմէ, որ ուզէ թէ ոչ անդրադարձ պէտք է կատարէ, ե՛ւ պիւտճէ մուծուող տուրքերու մեծութեան անդրադարձին, ե՛ւ սպառողներուն վաճառուող սակի ճշգրիտ հաշուարկման տեսքով եւ այլն», ըսաւ ան:

Մինասեան կարեւոր նկատեց նաեւ այն հարցը, որ  կ՛ուզէր ոչ միայն քննարկուէր տոլարով վճարելու հարցը, այլեւ` ռուպլիով:

 

Նախորդը

Հրթիռարձակում՝ Հալէպի Զանազան Շրջաններուն Մէջ

Յաջորդը

«Հայաստանը Դրականօրէն Տրամադրուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծման Կարելիութիւններուն Համար» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.