ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Մայիսմէկեան խորհուրդին մասին այս տարի պիտի չգրեմ մեկնելով զուտ գաղափարական-ընկերվարական կամ տեսական մեկնակէտէ, ինչպէս գրեթէ ամէն տարի կ՛ընէի: Այդ առնչութեամբ ասկէ առաջ բաւական խօսուած է, կայ հսկայական գրականութիւն, որ արժանի է ուսումնասիրուելու: Նաեւ աներկբայօրէն յստակ է Մայիս 1-ի նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը ընդհանրապէս աշխատաւորական շարժումին եւ մասնաւորապէս միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ: Իմ ընելիքս հիմա զուտ անձնական մտորումներու շարադրանք է` տօնի մը առիթով, որ կը վերաբերի գլխաւորաբար այն մարդոց, որոնք մասնակից են տիեզերական արարման գործին, բարիքներու արտադրման գործին, ըլլան անոնք պարզ, սեւագործ բանուորներ, արհեստաւորներ, պաշտօնեաներ կամ մտքի աշխատաւորներ` մտաւորականութիւն: Եւ տիեզերական արարման գործին մասնակից ըլլալ կը նշանակէ մասնակից ըլլալ աստուածային ստեղծագործութեան աշխատանքին, որովհետեւ շատ յաճախ մարդկային միջամտութեամբ դժբախտաբար աստուածային ստեղծագործութեան վրայ բիծեր յառաջացած կ՛ըլլան, այդ բիծերը մաքրելու համար անհրաժեշտ է հակառակ ճիգ մը, որ ամբողջ փայլքով վերստին ուրուագծէ մարդկային կեդրոնական դէմքը այս տիեզերքին մէջ, եւ այս փայլուն դէմքին ուրուագծումը ուրիշ մէկը պիտի չընէ, բացի աշխատաւոր մարդէն` իր ֆիզիքական ու մտային տքնաջան աշխատանքին միջոցով:
Կարելի չէ երեւակայել, որ հաստատութիւն մը ոտքի կանգնած մնայ առանց իր պաշտօնեաներուն բոլորանուէր աշխատանքին, կարելի չէ երեւակայել, որ երկրի մը տնտեսութիւնը եւ մանաւանդ ճարտարարուեստը զարգանան` առանց գործարաններուն մէջ իրենց առողջութիւնը կորսնցնող բանուորներուն, կարելի չէ երեւակայել, որ մշակոյթ, գիր-գրականութիւն զարգանայ տեղ մը, առանց որ մտքի աշխատաւորները իրենց աչքի լոյսը սպառեն այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ մտաւոր աշխատանքը շատ աւելի նուազ կը վարձատրուի, քան ֆիզիքական աշխատանքը գործարաններու մէջ: Չկայ կեանքի յառաջընթաց, եթէ չկան այս աշխարհի բարիքները արտադրողները: Ասոր համար ալ այսօր այս բարիքները արտադրողներուն նկատմամբ երախտագիտութիւն արտայայտելու օրն է, եւ նաեւ այն օրը, որ մարդիկ, գործատէրեր զգան եւ գիտակցին, թէ որքա՛ն կարեւոր է ամէն մէկ աշխատաւորի, պաշտօնեայի, բանուորի, արհեստաւորի, ուսուցիչի, պարզ մտաւորականի եւ այլ մարզերու մէջ աշխատողներու դերակատարութիւնը, առանց որուն այդ գործատէրերու գործարաններուն, դպրոցներուն, հաստատութիւններուն գոյատեւումը գրեթէ անիմաստ կը դառնայ:
Հին կտակարանի Ծննդոց գիրքին մէջ նշուած է, որ երբ մարդ անհատը ինկաւ մեղքի ծուղակին մէջ, Աստուած զայն դատապարտեց տաժանակիր աշխատանքով` ապրուստը վաստկելու դաժան վճիռով, անշուշտ Եդեմի պարտէզէն զայն արտաքսելէ ետք: Սա կրնայ իրականութիւն ըլլալ` մեկնելով այն եղելոյթէն, որ մարդկային հասարակութեան զարգացման զանազան հանգրուաններուն, նկատի ունենալով նաեւ դասակարգային-ընկերային տարբերութիւններն ու պայքարները, մարդ միշտ ալ դատապարտուած եղած է դժուար պայմաններու մէջ աշխատելու ճակատագիրին:
Պատմութեան մէջ յայտնի են ստրկատիրութեան ժամանակները, մարդու կողմէ ուրիշ մարդիկ շահագործելու մութ ժամանակները, որոնք այլազան դրսեւորումներով մինչեւ այսօր կը շարունակուին: Այսօր ալ` դրամատիրական հասարակարգի զարգացման ներկայ հանգրուանին, կը տեսնենք ոչ արդար վարուելակերպեր աշխատաւոր դասակարգի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ, անհաւասար վարձատրութիւն` շատ յաճախ միեւնոյն աշխատանքը կատարող կիներու եւ տղամարդոց, երբեմն աշխատանքի յաւելեալ ժամեր առանց վարձատրութեան: Անցնող դարու երեսունական թուականներուն մարդիկ եկան ըսելու, որ շաբաթական 36 ժամուան աշխատանքը լիուլի բաւարար է արտադրութեան կարիքը ամբողջացած նկատելու: Այդ թուականներէն գրեթէ մէկ դար ետք կան երկիրներ, ուր մարդիկ տակաւին կ՛երազեն օրական 8 ժամուան աշխատանքի մասին: Այսինքն, եթէ իրապէս այդպէս է` օրական 6 ժամ աշխատանքը կը բաւարարէ արտադրութեան կարիքը, ուրեմն մնացեալ յաւելեալ ժամերու աշխատանքին վարձատրութիւնը ուղղակի կը գողցուի աշխատաւորէն, եւ ասիկա ընկերային անհաւասարութեան ու անարդարութեան գագաթնակէտն է: Այլեւս ասիկա Ծննդոց գիրքին մէջ նշուածին նման Աստուծոյ վճիռը չէ` տաժանակիր աշխատանքով ապրուստ վաստկելու գծով, այլ մարդու վճիռ է` իրեն նմանող մարդը շահագործելու եւ ստրկացնելու գծով:
Բարեբախտաբար սակայն, Հին կտակարանի յոռետեսական մօտեցումին կու գայ փոխարինելու Նոր կտակարանի Մատթէոսի աւետարանի ամբողջութեամբ լաւատեսական մօտեցումը` Յիսուսի Լերան քարոզին ընդմէջէն: Հոն այլեւս կը վերանան մարդուն կողմէ մարդու շահագործման ու ստրկացման բոլոր շարժառիթները: Կը հաստատուին ու վերջնականապէս կ՛ամրապնդուին հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ մանաւանդ ընկերային արդարութեան տիեզերական սկզբունքները` մարդոց միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու իմաստով: Այդ «Երանի»-երուն միջոցով է, այդ տիեզերական մեծ սկզբունքներուն միջոցով է, որ այլեւս քրիստոնէական միտքը իր յարաբերութիւնը ամբողջութեամբ կը խզէ Հին կտակարանեան խաւարին եւ դէպի ստրկատիրական մօտեցում տանող մտայնութեան հետ: Եւ բնականաբար ալ, այս տիեզերական սկզբունքները կարելի է նաեւ կիրարկել աշխատանքային յարաբերութիւններու մարզին մէջ, աշխատանք-աշխատաւոր փոխադարձ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու մարզին մէջ, ուր գործադրուելիք գլխաւոր սկզբունքները պէտք է ըլլան ընկերային արդարութիւնը, հաւասարութիւնը բոլոր մարդոց միջեւ` ոչ միայն ըստ օրէնքի, այլ նաեւ գետնին վրայ, գործնական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային համերաշխութիւնը դասակարգերուն միջեւ` բացառելու համար որեւէ ընկերային պոռթկում եւ յաւելեալ տագնապներ:
Յիսուսի Լերան քարոզը, փաստօրէն, քաղաքական աշխատանքի փլաթֆորմ է մարդոց զանազան հատուածները մղելու դէպի աւելի մարդկային, աւելի լուսաւոր եւ փայլուն ապագայ: «Երանի հոգւով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը…Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը: Երանի անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»: Ահաւասիկ «Երանի»-ներու շարքին քանի մը հատը միայն, որոնք ցոյց կու տան աւետարանական այս հատուածին զուտ ընկերային բնոյթը: Զուտ աշխատանքային յարաբերութիւնները կանոնակարգելու իմաստով ալ, մեկնելով աւետարանական միեւնոյն հատուածի տրամաբանութենէն, երբ կը բացառուի այլեւս աշխատանքին մէջ շահագործումի հասկացողութիւնը, այդ աշխատանքը աշխատաւորին ու պաշտօնեային համար ինքնաբերաբար կը դադրի պարտադիր ամէնօրեայ ռութին մը ըլլալէ, կը վերածուի հաճելի զբաղումի մը` անոր տուած հոգեկան եւ նիւթական ամբողջ գոհունակութեամբ:
Բայց մինչ այդ, ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ աշխատանքային յարաբերութիւնները կը յատկանշուին բացայայտ անարդարութեամբ, աշխատավարձով աշխատող իւրաքանչիւր մարդու կը մնայ պայքարիլ իր ընկերային արդար իրաւունքներուն ձեռքբերման համար: Եւ այս մօտեցումը խորթ չէ քրիստոնէական հասկացողութիւններէն, առաւել եւս` Յիսուսի Լերան քարոզէն:
Ահաւասիկ այն մտորումներն ու տեսակէտները, զորս ուզեցի թուղթին յանձնել սրտիս խօսող պայքարի այս օրուան առիթով: