Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի 85-Ամեակի Հունձքը Ձօն` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին. Հոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Անթիլիասի Հայոց Վանքը

Մայիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

5-01-15_2-(3)Մեր մանկութեան օրերէն մեր միտքերուն եւ հոգիներուն դրոշմուած անուն մը` Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքը: Ամէն տարի վանքի տաճարին անուանակոչութեան առիթով ուխտագնացներու խուռներամ բազմութիւն մը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Անթիլիաս:

Մեր ծնողները ջերմեռանդութեամբ հետեւած են Պէյրութէն հինգ քմ հեռու գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան ձօնուած վանքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուելու: Երբ օրացոյցը նշէր տօն մուտն ի վիրապ Լուսաւորչի, ընտանեօք կը պատրաստուէինք ուխտագնացութեան: Այս տօնն էր հոգեւոր սրբազան արթնութեան` նուիրուած մեր հաւատքի Հօր` Լուսաւորչին:

Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս երթալու համար այդ օրերուն ինքնաշարժներ չկային: Մօտ եօթանասուն տարիներ առաջ հայ կեանքը պատկերացնող ժամանակաշրջանն էր:

Տարիներ ետք, երբ կը յիշեմ մեր ուխտագնացութիւնը, մանկութեանս օրերէն փոխանցուած, մեր ընտանեկան հետիոտն երթը դէպի Անթիլիաս, ես հօրս ուսերուն թառած, քանի մը քմ, հերթը կու գար ինձմէ երկու տարիով մեծ եղբօրս շալկուելուն, երբ երիտասարդ եղանք, ինծի կը թուէր, թէ հետիոտն գացած ենք դէպի Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքը: Փակագիծի մէջ ըսեմ, որ այս անունն ալ սորված եմ Բարսեղ Կանաչեանի ղեկավարած, «Գուսան» երգչախումբի համերգներէն, ուր յայտագրին մէջ տեղ կը գտնէր անպայման Մշոյ «սուլթան»-ին նուիրուած խմբերգը:

Մանկութենէն կու գայ ուխտագնացութեան սէրը, հաւատքը` դէպի սրբազան աւանդութիւն, որ շարունակուած է երկար տարիներ` ի տես վերանորոգուող Անթիլիասի հայոց վանքին եւ Պիքֆայայի դպրեվանքին:

Վերադառնալով մանկութեան ուխտագնացութեան` կը յիշեմ բուրումնաւէտ մթնոլորտը, Տորայէն դէպի Անթիլիաս երկարող ճամբեզրին, նարինջի եւ պանանի պարտէզներուն: Կը հասնինք Անթիլիասի հրապարակին մուտքը, ուրկէ դէպի վանք կ՛երկարէր զուլալ ջուրերով առուակ մը: Արդէն մօտեցած ենք վանքին տաճարին, ուրկէ կը լսուին շուշանաբոյր շարականները եւ մերթ ընդ մերթ` զանգերու ղօղանջը: Կը շնչէինք մեղեդի եւ աղօթք, մեր սիրտերը կը տրոփէին երկնասլաց տրամադրութեամբ: Մինչեւ եկեղեցական արարողութեան աւարտը կը լուսաւորուին մեր հոգիները: Յետո՞յ…

Յետոյ մագլցում` դէպի մօտակայ սարալանջերը, երբ այդ տարիներուն քիչ բնակութեամբ կը մատնանշուէր: Գարնանամուտը արդէն իր թեւերը սփռած էր «Այն Նեպի»-ի բլուրներուն վրայ: Հարիւրաւոր ընտանիքներ արդէն բազմած են սարալանջին, բացած են իրենց ճաշի ծրարները, եւ` կերուխում: Ո՛չ ճաշարան, ո՛չ սեղանատուն, խոտերով ծածկուած սարալանջը գորգի պէս փռուած տեղը բացած է ուխտաւորներուն: Անվճար ուրախութիւն մը կերուխումի, ներկայ օրուան համար յոյժ յիշատակելի:

Ուխտագնացութիւնը կը շարունակուի այսօր եւս ինքնաշարժերու գնացքով:

Դպրեվանքին Հմայքը

Այսօր իր 85 տարիները կը համրէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց վանքին օրհնութեան ներքեւ գործող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը` դպրոցը հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու պատրաստութեան: Հայրենի մեր վանքերէն զրկուած նոր վանք մը հաստատուած է Պիքֆայայի մէկ բլուրին, ուր Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնն է, որ կը շարունակուի` մարդու պատրաստութիւն:

Մանկութեան տարիները սահած` գացած են: Այսօր կ՛ողջունենք 85-ամեակը դպրեվանքին, որ վայելած է օրհնութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ. հայրապետին եւ իր յաջորդներուն: Այսօր Կիլիկիոյ Աթոռին բազմաշնորհ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսը ամենայն իմաստութեամբ կը շարունակէ ընթացքը իր սրբակենցաղ նախորդներուն: Այս պահուս ականջիս մէջ կը հնչէ սրտազեղ ձայնը երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոս Փայասլեանի սրտառուչ մէկ քարոզին արձագանգը` «Տէ՛ր, բաց անոնց աչքեր»-ը:

Կ՛ուզեմ վերադառնալ դպրատուն, սաներուն մէջ կը նշմարեմ պատանիներ, երիտասարդներ, որոնց հագած սեւ համազգեստները կը թուին ձիւնաթոյր մաքրութիւն…:

Մեր յոյսը այս թարմատի պատանիներն ու երիտասարդներն են. պիտի շարունակուի Կիլիկեան միաբանութեան ուխտը: Դպրեվանքը, իբրեւ դպրոց, հաւատքի ուսուցման ներշնչարանն է: Տարուէ տարի կը հարստանայ դպրատան գանձատունը` երիտասարդ նորընծաներով: Կը ձեռնադրուին եւ կ՛օծուին աբեղաներ, վարդապետներ` վասն ծաղկումի Կիլիկիոյ սրբազան Աթոռին: Երկու տարիներ առաջ դիմաւորեցինք ձեռնադրութիւնը երեք աբեղաներու, այսօր եղեռնի 100 ամեակի ազգային նշումին դպրեվանքը ազգին կ՛ընծայէ եօթը նուիրեալներ` ուրախութիւն պատճառելով համայն ժողովուրդին: Հայոց լեզուին, մատենագրութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան մեր սրբազան գրականութեան ջահակիրները պիտի ըլլան անոնք, առանց որոնց ներկայութեան պիտի ցամքէր մեր լուսաւորչեան հաւատքը:

Այս նորընծաները յոյս ու հաւատք կը ներշնչեն մեր ազգին, մասնաւորաբար` 100-ամեակի այս նշումին: 2015-ի ապրիլ ամիսը պիտի ըլլայ յուշի եւ յիշողութեան ժամանակաշրջան մը` մեր հաւատքը ամրացնող եւ մեր յոյսը հաստատող: Այսօր ազգային եկեղեցական դպրեվանք-ջերմանոցին մէջ կը հասուննան քաղցրաբոյր հասկեր` վասն վաղուան մեր մեղրահացին:

«Արեւելեան կողմն աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ»: Խաղաղութիւնը թող իշխէ մեր հոգիներուն:Մեր նայուածքները ուղղենք լիբանանեան բարձրաւանդակին, Պիքֆայայի դպրանոցին, ուրկէ նոր թռիչքներ կ՛ուղղուին աշխարհի չորս ծագերուն եւ Հայաստան աշխարհի, վասն հաստատման հայոց հաւատքին: Զօրացած է հայոց վանքը, թեւաւորուած է Հայոց եկեղեցին: 100-ամեակի այս յիշարժան առիթով հաւատքի զօրութիւն, ջերմեռանդութիւն կը մաղթենք մեր նորընծաներուն` հայոց լուսաւորեալ այգեստանին մէջ ծառայելու:

 

 

Նախորդը

Կաղապարէն Դուրս Մտորումներ` Մայիսմէկեան Խորհուրդին Մասին

Յաջորդը

Պատմական Կիլիկիայէն Դէպի Պատմութիւն Կերտող Ներկայ Կիլիկիան. (Եօթը Նորընծաներու Ձեռնադրութեան Առիթով)

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?