Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս Մէկ. Աշխատաւորական Շարժումէն Ի՞նչ Մնացած Է

Մայիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1681640-poster-1280-1-men-at-lunch-posterԻ՞նչ խոհերով ու յոյզերով, աւելի՛ն, ի՞նչ օրակարգով այս տարի կը դիմաւորենք մայիս 1-ի տօնը:

Ի՞նչ խորհուրդ եւ պատգամ լուսարձակի տակ պիտի առնուի վաղը, երբ աշխարհով մէկ, բացառութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը պաշտօնապէս պիտի դադրի եւ մարդկութիւնը պիտի տօնէ Աշխատանքի ու աշխատաւորութեան միջազգային օրը:

Ներկայիս շատ քիչ բան մնացած է գաղափարական եւ քաղաքական այն թէժ կրակէն, որ մայիս 1-ին կը բոցկլտար մարդոց ու հասարակութեանց կեանքին ու ներաշխարհին մէջ:

Պատճառն ու բացատրութիւնը այնքան ալ պարզ ու յստակ չեն:

Աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը անշուշտ ազատագրուած են անցեալի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական շա՜տ ու շա՛տ կաշկանդումներէն, բռնութեան եւ կեղեքումի կապանքներէն:

Անկասկած աշխատաւորական կազմակերպութիւնները, սենտիքայական թէ կուսակցական, այսօր կը հանդիսանան քաղաքական հանրութեան ամէնէն տիրական իշխանութիւններէն մէկը: Այն աստիճան, որ ընչազուրկ աշխատաւորութեան անունով քաղաքական ասպարէզ իջած արհեստակցական միութիւնները ինքնին վերածուած են ընկերային շահագործման նոր կառոյցներու…

Նոյնպէս կասկածէ վեր է, որ աշխատաւորական իրաւունքներու եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ մեծ ճամբայ կտրած է քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, նոյնիսկ` հարաւային եւ իրաւազրկեալ կողմն երկրագունդի:

Այդ բոլորը բաւարար պատճառ են եւ անհրաժեշտ բացատրութիւն մը կ՛ընծայեն, թէ ինչո՛ւ մայիս 1-ը մեր օրերուն այնքան ալ կիրքեր ու դասակարգային ատելութիւններ եւ բախումներ չի հրահրեր այլեւս:

Բայց նոյն այս բոլորը մայիս 1-ին կու գան մրճահարելու խիղճը մերօրեայ մարդկութեան եւ յուշելու, թէ այսքան մեծ ճամբայ կտրելով հանդերձ, տակաւին երկար ուղի ունի մարդկութիւնը, որպէսզի հասնի աշխատանքի ամբողջական ազատագրութեան` ամէն կարգի շահագործումի ցեցերէն ձերբազատուելով:

Մայիս 1 է դարձեալ:

Հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը հիմնովին տարբեր գաղափարական խորքով կը նշէ մայիս 1-ը:

Մայիս մէկի մերօրեայ խորհուրդը ուղղակի կապուած է մարդու աշխատանքի ազատագրութեան մեծ շարժումին եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ:

124 տարի առաջ սկսաւ մայիս 1-ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ այնքան ալ տօնական տրամադրութիւններով չսկսաւ: 1890-ի մայիս 1-ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին` ութժամեայ աշխատանքային օրուան եւ ընդհանրապէս աշխատաւորական կեանքի պայմաններու բարելաւման պահանջով: Յատկապէս աշխատաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած առաջին այդ մայիս 1-ի ցոյցերը այդպէս` պատահական կամ ինքնաբուխ չեղան: Տարի մը առաջ, 1889-ի յուլիսին, Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով գումարուած էր Ընկերվար միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ հետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին` մայիս մէկը հռչակեց իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան օր:

Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890-ին, իսկ մայիս 1-ին զօրակցութեան շարժումի իմաստ տալու գաղափարը բխած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած աշխատաւորական պայքարին թիկունք կանգնելու Ընկերվար միջազգայնականի քաղաքական դիրքորոշումէն:

Արդարեւ, աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներու մէջ` օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան` Եւրոպայի համեմատ աւելի ձեռնտու պայմաններէն:

1886-ին, մայիսի առաջին օրերուն, Մ. Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ օրերու վրայ շարունակուած ցոյցերու միջոցով կը պահանջէին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը:

1886-ի այդ տարուան մայիս 4-ին Շիքակոյի Հէյմարքեթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր` ոստիկանութեան հետ առճակատման երթալու իմաստով: Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ` զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձան 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու: Անշուշտ օրին դատ-դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման ամբողջ էութիւնը:

Նոյն պատճառով ալ Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը` Քլիվլընտ, փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն Աշխատանքի ասպետներ արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքեթի ցուցարարներուն` առաջարկեց սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի օրը կը տօնուի սեպտեմբերին:

Եւ այդպէս սկսաւ մայիս մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը:

Սկզբնապէս սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ աշխատատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով:

Բայց որովհետեւ 19-րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած` աշխարհով մէկ վարակիչ դարձած էին ազգային եւ ընկերային ազատագրումի յեղափոխական շարժումները, մայիս մէկի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու` իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու:

Նոյնքան արագութեամբ զուտ աշխատաւորական պահանջներուն վրայ գումարուելու եկան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքները, մինչեւ որ տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով` մայիս մէկի ելոյթները ընդգրկեցին լայնագոյն հասկացողութեամբ իրաւունքի պաշտպանութեան եւ արդարութեան ամէն կարգի պահանջներ:

Մայիս մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան միջազգային օրուան իր նշանակութիւնը: Բայց այսօր արդէն աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն: Ընդհակառակն, ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները անեզր հորիզոն մը բացած են մայիս մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ:

Մայիս մէկի գաղափարական խորհուրդին այս աստիճան ընդլայնումը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուց անոր էապէս աշխատաւորական պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն: Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլ կ՛արձանագրուին, մայիս 1-ը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարին տարողութիւնը` աշխատաւորութեան եւ իշխանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով:

Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19-րդ դարավերջէն սկսեալ, մայիս մէկը հայ ազգային-ազատագրական շարժման համար ներշնչման աղբիւր դարձաւ, հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեան:

Մայիս 1-ը քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ նաեւ հայ իրականութեան մէջ, երբ 1918-ին նուաճուած ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, պոլշեւիկեան խռովարարութեանց իբրեւ հետեւանք, արձանագրուեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ ու մրոտ էջերէն մէկը.-

1920-ի մայիս 1-ին Կարմիր բանակի հրահրումով հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ բողոքի շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…

Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր ազգային առողջ բնազդով կուլ չգնաց պոլշեւիկեան խորշակի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին: Ամբողջ եօթանասուն տարուան խորհրդային ամբողջատիրութեան թունաւորումէն ետք անգամ հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ:

Եւ ամէն մայիս մէկի հետ մերօրեայ հայութիւնը աշխարհով մէկ կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը:

Այսպէ՛ս, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը բաղկացնող ազգերէն եւ հասարակութիւններէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով ու չափով դժուար ուղի հարթեց, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան ազատագրումը արգելակող արտաքին թէ ներքին խոչընդոտները:

Մայիս 1-ի տարեդարձը այնքան ալ կիրքեր չի յուզեր այլեւս, բայց անպայման մարդոց եւ ազգերու յիշողութեան մէջ կը վերանորոգէ աշխատաւորական պայքարի աւանդներուն եւ նուաճումներուն պահապան ու իրաւատէր կանգնելու յանձնառութիւնը:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Ակումբին Պահապանը. (Զաւէն Աղազարեանի Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Կաղապարէն Դուրս Մտորումներ` Մայիսմէկեան Խորհուրդին Մասին

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In