ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
26 սեպտեմբեր 2026 թուականին Թուրինի (Իտալիա) մէջ տեղի ունեցաւ պատմական ու մշակութային մեծ նշանակութիւն ունեցող փառաշուք հանդիպում մը` Սաւոյաց արքայական տան տարեկան համաժողովը` գլխաւորութեամբ նորին արքայական մեծութիւն, Փիեմոնթի եւ Վենետիկի իշխան, արքայազն Էմմանուէլ Ֆիլիպերթօ տի Սաւոյայի:
Սոյն պատմական, հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքական մեծարժէք արարողութեան առաջին անգամն ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը: Արարողութիւնը սկիզբ դրաւ սաւոյական արքայական տան հետ յարաբերութիւններու խորացումի եւ հաստատութենական գործընթացին, որուն գլխաւոր ջատագովն է դոկտոր Ռուբէն Ղազարեան` Սուրբ Մորիսի եւ Սուրբ Ղազարոսի կարգի ասպետ: Ան Վատիկանի եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան բարձրակարգ ու արհեստավարժ գիտնական-մասնագէտներու խումբի մը հետ համագործակցութեամբ, ժամանակէ մը ի վեր կ՛ուսումնասիրէ Սուրբ Աթոռի առաքելական արխիւներու մէջ պահպանուող պատմական շատ կարեւոր արժէք ներկայացնող, մեծ մասամբ դեռեւս չհետազօտուած այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին հայոց պետականութեան տարբեր շրջաններուն, մասնաւորապէս` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան, որոնք նոր լոյս կը սփռեն հայկական ինքնութեան ու պետականութեան հետ առնչուած պատմական, պետական եւ եկեղեցական դիւանագիտութեան, ինչպէս նաեւ` բազմադարեայ մշակութային իրողութիւններու վրայ:
Էմմանուէլ Ֆիլիպերթօ իշխանը` հանրահռչակ գործարար, հանրային-հեռուստատեսային դէմք եւ մշակութային ու բարեգործական բազմաթիւ ծրագիրներու համակարգող, իր գործունէութեամբ նպատակադրած է պահպանելու պատմական եւ մշակութային արժէքները, ինչպէս նաեւ նոր հորիզոններ բացած` երիտասարդ սերունդին առջեւ:
Այս առիթով Սաւոյաց արքայական տան պետին կողմէ Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեանին շնորհուեցաւ Սուրբ Մորիսի (Մաւրիկիոս) եւ Ղազարոսի ասպետական կարգի «Հոգեւոր սպայ»-ի բարձրաստիճան պաշտօնական վկայականը: Այս քայլով գերապայծառը ստանձնեց նաեւ հայկական միջավայրի մէջ ձեւաւորուող արքայական եւ ասպետական աւանդոյթներու եւ համակիրներու հոգեւոր վարիչի` պաշտօնապէս հոգեւոր առաջնորդի առաքելութիւնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք պաշտօնական վկայագիրի իտալերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը:
ՆՈՐԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՒԹԻՒՆ
ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ՖԻԼԻՊԵՐԹՕ
Սաւոյի Դուքս, Փիեմոնթի Իշխան, Վենետիկի Իշխան` Աստուծոյ Ողորմութեամբ Եւ Ժառանգական Իրաւունքով` Սուրբ Մորիսի Եւ Ղազարոսի Կարգի Ժը. Մեծ Մագիստրոս
Ստորագրած Է Հետեւեալ Մագիստրոսական Հրամանագիրը`
«ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ ՍՈՒՐԲ ՄՈՐԻՍԻ ԵՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ԿԱՐԳԻ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԼՍԵԼՈՎ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ՀԱՇՈՒԻ ԱՌՆԵԼՈՎ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ՅԱՏՈՒԿ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐԸ, ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ Է`
Գերապայծառ Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանին
ՍՈՒՐԲ ՄԱՒՐԻԿԻՈՍԻ ԵՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ԿԱՐԳԻ ՍՊԱՅԻ ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆԸ,
ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՏԻՏՂՈՍԱՆՇԱՆՆԵՐԸ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՈՎ: ՍԱՒՈՅԱՑ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ՏՈՀՄԱՅԻՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ՄԵԾ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏԻՆ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ Է, ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ, ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԵԼ ՍՈՅՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ»:
ՍԱՒՈՅԱՑ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ՏՈՀՄԱՅԻՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ՄԵԾ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏԸ` Ի ԿԱՏԱՐՈՒՄՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ, ՈՐ
Գերապայծառ Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան-ը
ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ՄԱՒՐԻԿԻՈՍԻ ԵՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ԿԱՐԳԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ` ՍՊԱՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ 1160 ԹՈՒԱՀԱՄԱՐԻՆ ՏԱԿ:
Տրուած Է ԺԸՆԵՒ, 30 ՅՈՒՆԻՍ 2026-ԻՆ:
Այս իրադարձութիւնը իր մէջ կը կրէ խորհրդանշական, մշակութային, դիւանագիտական եւ «փափուկ ուժի» հսկայական նշանակութիւն: Հակառակ անոր որ Սաւոյաց տոհմը ժամանակակից Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ չունի պետական, քաղաքական անմիջական իշխանութիւն, սակայն ան կ՛ապահովէ եւ կը կարողանայ երաշխաւորել`
1.- Հայկական հարցերու եւ մշակութային տեսանելիութիւն մը եւրոպական շրջանակներու մէջ. տրուած ըլլալով, որ իշխան Ֆիլիպերթոն եւրոպական ազնուական տոհմի այժմու ներկայացուցիչ է եւ լայն կապեր ունի Եւրոպայի բարձրաշխարհիկ, բարեգործական եւ քաղաքական վերնախաւի հետ:
2.- Պատմական կապերու վերականգնում. Սաւոյական տոհմը պատմականօրէն աղերսներ ունեցած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան հետ, որով Կիլիկիոյ թագաւորներու տիտղոսներուն մէկ մասը խաչասերումներով փոխանցուած էր եւրոպական միապետական տուներուն: Ուստի այս քայլը խորհրդանշանակօրէն կը վերադարձնէ հայութեան դարաւոր պատմական կապերը եւրոպական ազնուականութեան աւանդոյթներու հետ:
3.- Մշակութային եւ բարեգործական նախագիծներ. Իշխանին գլխաւորած հիմնադրամներուն միջոցով հնարաւոր է ներգրաւել եւրոպական տնտեսութիւն եւ ուշադրութիւն` Հայաստանի եւ սփիւռքի պատմամշակութային կոթողներու պահպանման եւ երիտասարդական կրթական ծրագիրներու իրականացման համար:
4.- Իսկ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքին համար միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը կ՛ամրապնդէ: Գերապայծառ տիրոջ ստանձնած այս պաշտօնին միջոցով միջազգային արքայական եւ ասպետական կարգերու շրջանակներէն ներս նաեւ կը հնչէ մայրավանքի անունը եւ կը տարածէ անոր վսեմ առաքելութիւնը` որպէս հայ հոգեւոր եւ մշակութային կարեւորագոյն կեդրոններէն մին: Մայրավանքի կապերու ամրապնդումը եւ սերտացումը կաթողիկէ Եւրոպայի եւ յատկապէս Վատիկանի հետ կը զօրացնեն միաբանութեան դիրքերը Միջին Արեւելքի մէջ` կապող օղակ հանդիսանալով արեւելեան եւ արեւմտեան քրիստոնէական հաւատքներու: Զմմառու մայրավանքը ունի հարուստ հայկական ձեռագրատուն, թանգարան եւ արխիւ: Եւրոպական մշակութային հիմնադրամներու աջակցութեամբ հնարաւոր կ՛ըլլայ ստանալ գիտական, արհեստագիտական եւ, ըստ կարելիին, նիւթական աջակցութիւն` մայրավանքի բացառիկ հաւաքածոներու թուայնացման, վերականգնման եւ պահպանման համար:
5.- Ոչ պաշտօնական դիւանագիտական դիրքերէն մեկնած` այս համագործակցութիւնը կը ստեղծէ ոչ պաշտօնական դիւանագիտական հարթակ: Անիկա թոյլ կու տայ հայկական կողմին, օգտագործելով արքայական տան ազդեցութիւնն ու լայն կապերը, եւրոպական բարձրագոյն ատեաններու մէջ բարձրաձայնել հայութիւնը յուզող խնդիրները` շրջանցելով աւանդական, երբեմն դանդաղաշարժ պաշտօնական քաղաքական գրասենեկային քաշքշուկները:


