Հայաստանի նախագահ, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ ԵՊՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ:
Երեւանի պետական համալսարան կատարած այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով համալսարանին կողմէ հիմնուած Երախտիքի ծառուղիի բացման արարողութեան: Ծառուղիի աջ եւ ձախ կողմերուն տեղադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական տարիներուն եւ հետագային հայապահպան, հայանպաստ գործունէութիւն ունեցած եւրոպացի եւ ամերիկացի մտաւորականներէն, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներէն 12-ին` Ե. Լեփսիուսի, Գ. Եփփէի, Ֆ. Նանսենի, Հ. Մորկընթաուի, Ֆ. Վերֆըլի, Ճ. Պրայսի, Ա. Վեկնըրի, Ա. Ֆրանսի, Յ. Քունցլըրի, Ռ. Լեմքինի, Փ. Քիարի եւ Ա. Եոհանսընի կիսանդրիները:
Նախագահը կրթութեան մարզի պատասխանատուներուն եւ ԵՊՀ-ի ընդհանուր տնօրէնին ուղեկցութեամբ շրջագայեցաւ համալսարանի նորաբաց Կիրառական կենսաբանութեան գերազանցութեան կեդրոնին մէջ, ծանօթացաւ Նորարարութիւններու մրցակցային հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ծիրին մէջ հիմնուած կեդրոնին կարելիութիւններուն:


