Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Ազդակ» կը խախտէ աւանդութիւնը եւ լոյս կը տեսնէ նաեւ ապրիլ 25-ի օրը: «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը ամբողջովին յատկացուած է Անթիլիասէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ բազմահազարնոց քայլարշաւին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ տարբեր երկիրներու նախագահներու յարգանքի տուրք մատուցումը, հայկական աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններուն մէջ կատարուած նշումներուն, ձեռնարկներուն եւ քաղաքական յայտարարութիւններուն:
Փոխան ապրիլ 25-ին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի 27 ապրիլին: Երեքշաբթի 28 ապրիլի թիւով աւելի լայն անդրադարձ պիտի տրամադրէ հայկական աշխարհի` Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Լիբանանի, Պոլսոյ եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններու մէջ 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:


