Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Հոլլանտ Երեւանի Մէջ Քննարկեցին Միջազգային Հրատապ Հարցեր

April 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_Putin-Holand24 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ` Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումը. անոնք Հայաստան կը գտնուէին մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւններուն: Վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգի հրատապ հարցեր, Ռուսիոյ եւ Եւրոպական միութեան փոխադարձ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հարցով մինսքեան համաձայնութիւններու իրականացումը:

Վլատիմիր Փութին նշեց, որ ուրախ է ոգեկոչման արարողութիւններու ծիրին մէջ Հոլլանտի հետ տեսակցելու կարելիութեան համար, խօսելու երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս, Ռուսիոյ եւ Եւրոպական միութեան միջեւ առկայ կապերու զարգացման մասին: «Դժբախտաբար, մեր յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր, կը կրճատուի առեւտրաշրջանառութիւնը, այդ պարագային` Ֆրանսայի հետ, ինչ որ միայն ցաւ կը յառաջացնէ: Իմ կարծիքովս` մենք պէտք է գտնենք մեր յարաբերութիւններու վերականգման ուղիներ եւ կը կարծեմ, թէ բոլորը անով շահագրգռուած են: Ի հարկէ կը խօսինք նաեւ մինսքեան համաձայնութիւններու մասին, որոնք կը վերաբերին Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ առկայ իրավիճակին: Գիտեմ, որ դուք շատ բան կատարած էք, որպէսզի այդ համաձայնութիւնները կեանքի կոչուին, եւ մնայուն կերպով անձնական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէք անոնց նկատմամբ», ըսաւ Փութին:

Իր կարգին, Ֆրանսուա Հոլլանտ նշեց, որ, հակառակ ողբերգական իրավիճակին, իրեն համար հաճելի է տեսակցիլ Ռուսիոյ նախագահին հետ եւ քննարկել երկկողմ յարաբերութիւնները: «Ի հարկէ մենք կը քննարկենք նաեւ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական միութեան յարաբերութիւնները, որոնք, ինչպէս ըսիք, վերջին շրջանին շատ վատացած են: Ատիկա տեղի ունեցաւ ուքրանական ճգնաժամի իբրեւ հետեւանք: Իմ կարծիքովս, մենք ապացուցեցինք, որ կրնանք հաշտուիլ ո՛չ ուքրանական ճգնաժամին, ո՛չ ալ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական միութեան, յատկապէս Ֆրանսայի յարաբերութիւններու վատթարացման հետ: Որպէսզի լաւագոյնս դուրս գանք այս իրավիճակէն, անհրաժեշտ է շարժիլ մինսքեան համաձայնութիւններու իրականացման ճամբով: Երկուքս ալ կը ձգտինք այդ համաձայնութիւններու իրականացման», նշեց Հոլլանտ:

Ֆրանսայի նախագահը` դիմելով Փութինին, նշեց, թէ կան քանի մը այլ հարցեր եւս, որոնք կրնան քննարկել, քանի որ դժուար իրավիճակներու մէջ, ինչպէս է պարագան Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Լիպիոյ անհրաժեշտ է Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը: «Մենք բոլորս կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ, անոր համար ալ անհրաժեշտ է հանդիպիլ այստեղ` Երեւանի մէջ», ընդգծեց նախագահ Հոլլանտ:

 

 

Նախորդը

Գերմանիա 30 Ապրիլին Վերջնական Քննարկման Պիտի Դնէ Ցեղասպանութեան Վերաբերող Բանաձեւը

Յաջորդը

Վլատիմիր Փութին Նախագահ Սարգսեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծեց Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Առանձնայատուկ Բնոյթը

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.