
Գերմանիոյ խորհրդարանը 30 ապրիլին վերջնական քննարկման պիտի դնէ 1915-ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն անուանող բանձեւ մը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով երէկ գումարած իր նիստին սկիզբը Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ յայտնեց. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի կիսուն այն ինչ որ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն էր»: «Գերմանիան մեղքի իր բաժինը ունի այդ տարիներուն կատարուածին մէջ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 23 ապրիլին Պերլինի մայր տաճարին մէջ` մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան` Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուածը բնորոշեց իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Այդ հայերուն ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո՛, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որով 20-րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններու նմանութեան մասին», ըսաւ Գերմանիոյ նախագահը: