Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Հայերուն Հետ Տեղի Ունեցած Դաժան Իրադարձութիւնները Հասկցող Մէկ Ժողովուրդ Կայ, Ատիկա Սերպ Ժողովուրդն Է» Ըսաւ Սերպիոյ Նախագահը

Ապրիլ 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_NikolicՍերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Երեւան կ՛այցելէ իր պետութեան եւ սերպ ժողովուրդին անունով յարգանքի տուրք մատուցելու 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած «ահաւոր ողբերգութեան զոհերու յիշատակը յարգելու»:

«Եթէ հայերուն հետ տեղի ունեցած դաժան իրադարձութիւնները հասկցող մէկ ժողովուրդ կայ, ատիկա սերպ ժողովուրդն է», յայտարարեց Սերպիոյ նախագահը եւ նշեց, որ 1915-1918-ի պատերազմին ոչ մէկ երկիր այնքան կորուստներ կրած է, որքան Սերպիան: Ըստ անոր, այդ տարիներուն մահացածներուն թիւը այդ ժամանակուան բնակչութեան 28 առ հարիւրը կը կազմէր:

«Մենք այս թիւերով չենք հպարտանար բնաւ, այս թիւերը կը մարմնաւորեն յիշատակը մեր սուրբ զոհերուն, որոնք զոհ գացին համաշխարհային տագնապի մը, որմէ ետք կը կարծէին, թէ երբեք նման բան պիտի չկրկնուի, սակայն անցաւ ընդամէնը քանի մը տասնամեակ եւ մարդոց կեանքի ահասարսուռ կորուստներու ականատես եղաւ համաշխարհային հանրութիւնը, տեղի ունեցաւ եւս մէկ հրէշաւոր ցեղասպանութիւն», ըսաւ ան:

Սերպիոյ նախագահը նշեց, որ վերջերս Հռոմի պապը ըսած էր, թէ կտոր-կտոր տեղի ունեցող եւս համաշխարհային պատերազմ մըն է, երբ հազարաւոր անմեղ մարդիկ կրկին կը զոհուին, կը տառապին: «Այս մարդիկ կը զոհուին ծայրայեղ քաղաքականութեան շնական շահերու պատճառով, ուստի հարց կը ծագի, թէ մենք բարոյական իրաւունք ունի՞նք հարիւրամեակ մը առաջ զոհուած հայերը չյիշելու, իրաւունք ունի՞նք չարտօնելու, որպէսզի անցեալի ցնցող փաստերը մոռացութեան մատնուին: Անցեալի բեռը չճանչնալու եւ մոռնալու պարագային չենք յարգեր տուժողներուն յիշատակը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ պատմական ճշմարտութեան ժխտումն ու նենգափոխումը բացասաբար կ՛ազդէ իրազեկման մակարդակին վրայ:

«Դարձեալ կ՛ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, երբ իրողութիւնները իրենց անունով կոչելը սասանուած է, ինչ որ կախեալ է տարաբնոյթ շահերէն: Իրականութիւնը նկարագրելէ խուսափելով` կարելի է փոխել կամ ազդել խիղճին վրայ, սակայն իրականութիւն դարձած է եսասիրական քաղաքական շահերը վեր դասելը», ըսաւ ան` նշելով, որ ինք Երեւան կը գտնուի  համեստաբար, սակայն վճռական:

«Այս դարաշրջանին, երբ «ցեղասպանութիւն» եզրը նոյնիսկ նենգաբար կը շահարկուի քաղաքական մանրախնդիր շահերու համար, երբ իրաւական արարքները կը կիրարկուին երկակի չափանիշերով, ատիկա անհեթեթութեան կը վերածուի, ու նոյնիսկ ջարդերու եւ ցեղասպանութիւններու զոհերը կը ներկայացուին իբրեւ ոճրագործներ, ինչպէ՞ս կրնանք մենք` սերպ ժողովուրդի ներկայացուցիչներս, որ այսքան կորուստներ կրած ենք, ինչպէ՞ս կրնանք այստեղ չըլլալ եւ դաւաճանել միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին», ըսաւ ան եւ յայտարարեց, որ անկախ կրօնէն ու լեզուէն, այլ միջոցներով իրականացուող քաղաքականութենէն, պէտք է ըլլալ աշխարհի քաղաքացիներ եւ միաւորել ջանքերը ընդդէմ ցեղասպանութիւններու:

Նիքոլիչ իր խօսքը փակեց մէջբերելով սերպ պատրիարք Փաւելի խօսքերը. «Եկէ՛ք մարդ ըլլանք»: «Եթէ կայ ուղերձ մը` այս ուղերձը նաեւ պէտք է կիրարկել հայոց զոհերու նկատմամբ», եզրափակեց ան:

Նախորդը

«Հայերու Ցաւը Կը Կիսենք» Յայտարարած Է Էրտողան

Յաջորդը

Նշելով, Որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումը Ֆրանսայի Համար Պարտաւորութիւն Է. Հոլլանտ. «Մենք Թուրքիայէն Այլ Խօսք Կը Սպասենք»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?