Աւստրիոյ խորհրդարանը երէկ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ աւստրիական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական վեց խումբերու որդեգրած միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ գործուած զանգուածային կոտորածները եղած են «ցեղասպանութիւն»:
«Բանաձեւին մէջ կը նշուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Աւստրիոյ բարոյական պատասխանատուութեան մասին, որովհետեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Աւստրօ-հունգարական ու Գերմանիոյ կայսրութիւնները օսմանեան Թուրքիոյ դաշնակիցներն էին», ըսած է Տեմիրճեան:
Ան աւելցուցած է, որ այսօր Աւստրիոյ խորհրդարանի անդամները մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի յարգեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ըստ անոր, Ապրիլ 24-ին Աւստրիոյ պաշտօնական պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնէ Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանը: