Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Ապրիլքսանչորսեան Ուղերձ Մը Յղեց

Ապրիլ 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Part-PAR-Par8148338-1-1-0Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 20 ապրիլին գրաւոր ուղերձ մը յղեց` ցաւակցութիւն յայտնելով «օսմանցի հայերուն»: Ուղերձին մէջ նշուած է. «Օսմանցի հայերուն յիշատակն ու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելը Թուրքիոյ մարդկային եւ պատմական պարտաւորութիւնն է: Այս ըմբռնումէն մեկնելով` Թուրքիոյ մէջ օսմանցի հայերուն յիշատակը պիտի յարգուի, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, 24 ապրիլին հայոց պատրիարքութեան կողմէ մատուցուող կրօնական արարողութեան մը ճամբով»:

Տաւութօղլու ըսաւ. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ «օսմանցի հայերու» յիշատակի միացեալ ոգեկոչում մը աւելի իմաստալից պիտի ըլլար»` աւելցնելով. «Հասուն եւ ազնիւ քայլ մը պիտի ըլլար այն պարագային, երբ պատմութիւնը չօգտագործուէր իբրեւ քաղաքական գործիք, որովհետեւ անատոլական մշակոյթը կը սորվեցնէ վէրքերը դարմանել եւ միասնաբար ապագային նայիլ»:

«Մինչ այդ, մենք նաեւ կը հաւատանք, որ անցեալին հետ անկեղծ կերպով առերեսուիլը նոյնքան կարեւոր է, որքան մեր ցաւերը մեղմացնելու համար իրենց կեանքերը կորսնցուցածներուն յիշատակը յարգելը: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին պատահածին պատճառներն ու յանցագործները կարելի է ճշդել: Սակայն ամէն բան մէկ բառով սահմանափակելը եւ պատասխանատուութիւնը միայն թուրք ժողովուրդին ուսերուն բեռցնելն ու զայն ատելութեան խօսքի առնչելը խղճի եւ օրինական առումով խնդրայարոյց է», շեշտած է ան:

«Իբրեւ թոռները երկու ժողովուրդներու, որոնք հարիւր տարի առաջ լաւ եւ վատ օրերու նոյն ճակատագիրը ունեցած են, մեր պարտականութիւնն է դարմանել վէրքերը եւ վերահաստատել մարդկային մեր կապերը», ըսաւ Տաւութօղլու` վերյիշեցնելով, որ Թուրքիա դրական քայլեր կ՛առնէ ստեղծելու համար միջավայր մը, որուն մէջ ամէն տեսակի փաստաթուղթեր եւ տեղեկութիւն կրնան քննարկուիլ: «Թուրքիա երբեք անտարբեր պիտի չմնայ այս պատասխանատուութեան դիմաց եւ պիտի շարունակէ իր կարելին ընել յանուն բարեկամութեան ու խաղաղութեան», նշած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Միւս կողմէ, «Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է. «Միտումնաւոր եւ ցանկալով ցեղասպանութիւն չենք գործած»:

Ան նշած է, որ թերեւս երկիրներու մէկ մասը այդ մէկը ցեղասպանութիւն կը նկատէ, սակայն ՄԱԿ-ի չափանիշերով այդ ցաւը իբրեւ ցեղասպանութիւն բնութագրելը սխալ է: «Որքան տեղեակ եմ` 70-էն աւելի խորհրդարաններ ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններ այդպիսի որոշումներ տուած են: Որոշ տեղերու մէջ գիտենք, թէ անոնք ինչպէս որդեգրուած են», ըսած է ան:

Առընչ պնդած է, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն չէր. «Ինչպէս որ մենք Կալիփոլիի պատերազմին օրը կը նշենք ամէն տարի, հայկական սփիւռքն ալ մտածելով, որ իրենց դէմ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, ամէն տարի ապրիլ 24-ին այդ մէկը կը նշէ: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ապստամբողներու դէմ գործողութիւններ կատարուած են, եւ մենք գիտենք, որ ողբերգական դէպքեր տեղի ունեցած են: Սակայն մենք ցեղասպանութիւն չենք գործած: Ցեղասպան պետութիւնները յայտնի են, մենք մեզմէ վստահ ենք»:

«Հիւրրիյէթ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միացեալ Նահանգներու մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ նշած, որ «հարիւրամեակներով խաղաղութեան մէջ ապրած երկու հին ազգերը հաշտեցնելու համար մենք 2009-էն ի վեր աշխատանքներ կը կատարենք»` աւելցնելով. «Թուրքիան կը կիսէ հայերուն ցաւը»:

«Մենք համբերատար եւ վճռական կ՛աշխատինք երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ: Միայն երկխօսութեան միջոցով կրնանք միացեալ ապագայ ստեղծել», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է Ցեղասպանութեան Թանգարանի Նոր Ցուցադրութեան Բացման

Յաջորդը

Օպամա Պիտի Չարտասանէ Ցեղասպանութիւն Բառը

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?