Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է Ցեղասպանութեան Թանգարանի Նոր Ցուցադրութեան Բացման

Ապրիլ 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_tank-2245Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի նոր մնայուն ցուցադրութեան պաշտօնական բացման արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն:

Նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի, թանգարանային յանձնախումբի անդամներու եւ բարերարներու հետ շրջած է թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած նոր ցուցադրութեան նիւթերուն, թանգարանին մէջ անոնց պատշաճ ներկայացման համար ստեղծուած ժամանակակից պայմաններուն: Այցելութեան աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան արձանագրութիւն կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:

«Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նոր ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին, իսկապէս տպաւորիչ է թէ՛ նիւթի ընդգրկման, թէ՛ մատուցման տեսանկիւնէն: Ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք կատարուած է:

Կը թուի, թէ մենք` հայերս, Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիտենք գրեթէ ամէն ինչ, բայց նման ցուցադրութիւնները վեր կը հանեն նոր շերտեր, կու տան նոր գիտելիք նոյնիսկ ամէնէն տեղեկացուածին:

Իբրեւ այցելու, ես դուրս կու գամ թանգարանէն` վերահաստատելով այն, ինչ որ բոլորիս մտքին մէջ է եւ բոլորիս շրթներուն վրայ. «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», գրած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Թանգարանի նոր ցուցադրութեան պաշտօնական բացումին առիթով Հանրապետութեան նախագահը թանգարանին նուիրած է «Գրիգորի Նարեկայ վանից վանականի Մատեան ողբերգութեան, Ի Կոստանդնուպոլիս, 1850» գիրքը, որ փրկուած է 1915 թուականին տեղահանութեան ժամանակ:

Թանգարանի յատուկ հիւրերը եւս յանձնած են իրենց նուէրները: Կատերինա Համատան թանգարանին նուիրած է բրինձով լեցուած ապակեայ շիշ` Ցեղասպանութենէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի որբանոցներէն մէկուն մէջ երեխաներու համար նախատեսուած օրական պարէնի չափով, որուն բաւարար չըլլալուն պատճառով կոմիտէն ստիպուած մերժած է ընդունիլ հազարաւոր երեխաներ: Շիշին վրայ կայ գրութիւն` «Օգնութիւն հայ որբերուն»: Հիւրերէն Եուսի Պիոռնը նուիրած է իր մեծ մօր` Պոտիլ Պիոռնի օրագիրը եւ կնիքը, իսկ Սօսի Հապէշեանը` Մարիա Ճէյքըպսընի դրամապանակը եւ լուսանկար` որբերուն խնամած պահուն:

Նոր ցուցադրութեան մշակման եւ ձեւաւորման նախագիծին ուղղութեամբ աշխատանքները կատարուած են 2011 թուականէն, երբ սկսած էին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի եւ թանգարան-ուսումնարանի հիմնական մասնաշէնքի հիմնանորոգման աշխատանքները, Ծիծեռնակաբերդի ճեմուղիի, յարակից տարածքի բարեկարգումը եւ վարչական մասի կառուցումը:

Աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք` թանգարանի ցուցադրական տարածքը ընդարձակուած է երկուքուկէս անգամ` կազմելով 2400 քառակուսի մեթր, իրականացած են Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կիրարկուող նախագծային լուծումներ, կիրարկուած են համաշխարհային թանգարանային փորձին մէջ լայն տարածում գտած նոր ճարտարագիտութիւններ ու մօտեցումներ: Թանգարանային ցուցադրութեան բովանդակային լուծումները, նիւթերն ու բացատրագիրները հիմնուած են ցեղասպանագիտութեան մարզին մէջ վերջին տարիներու գիտական ու մեթոտական մշակումներուն վրայ:

Թանգարանային մնայուն ցուցադրութեան մէջ ամփոփուած են վերջին 7-8 տարիներու հաւաքական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած հազարաւոր նորայայտ նիւթեր: Ներկայացուած են նաեւ բնօրինակ եւ եզակի լուսանկարներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր եւ այլն:

Թանգարանային նոր ցուցադրական տարածքը ունի տասներկու սրահ` նախկին երեքին փոխարէն: Ցուցադրութիւնը բաղկացած է յիսուներկու հիմնական խորագիրներէ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ստեղծուած են բացառիկ պայմաններ` նիւթերու պահպանութեան համար: Վերջին քանի մը տարուան ընթացին կարելի դարձած է թանգարանի հաւաքածոն կրկնապատկել բնօրինակ նիւթերով, որոնք հատած են 90 հազարի սահմանը:

Վերոնշեալ աշխատանքները իրականացուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, թանգարանը եւ յարակից տարածքը հիմնավերանորոգուած են «Ծիծեռնակաբերդ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով, որուն հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հիմնադրամը կը ֆինանսաւորուի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձերու կողմէ եղած նուիրատուութիւններով:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Զօրակցագիր

Յաջորդը

Տաւութօղլու Ապրիլքսանչորսեան Ուղերձ Մը Յղեց

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023
«Շրջանին Մէջ Օտարերկրեայ Ուժերու  Ներկայութիւնը Չի Կրնար Կայունութիւն Ու  Խաղաղութիւն Ապահովել»  Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Շրջանին Մէջ Օտարերկրեայ Ուժերու Ներկայութիւնը Չի Կրնար Կայունութիւն Ու Խաղաղութիւն Ապահովել» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Մարտ 23, 2023
«Նետերլանտները Կը Շարունակեն Աշխուժ  Քայլերու Ձեռնարկել` Լաչինի Միջանցքի  Շուտափոյթ Բացման Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Վարչապետը
Հայկական

«Նետերլանտները Կը Շարունակեն Աշխուժ Քայլերու Ձեռնարկել` Լաչինի Միջանցքի Շուտափոյթ Բացման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Վարչապետը

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In