Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Տաւութօղլու Կը Փորձէ Զոհն Ու Մարդասպանը Մէկ Հարթութեան Վրայ Դնել»

Ապրիլ 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_sharԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր յայտարարութեամբ կը փորձէ  զոհը եւ մարդասպանը նոյն հարթութեան վրայ դնել եւ շփոթեցնել միջազգային հանրութիւնը: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով:

Ըստ անոր, Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը կը տեղաւորուի այն տրամաբանութեան մէջ, որով Թուրքիա կ՛առաջնորդուի վերջին շրջանին: «Տաւութօղլու կը վկայակոչէ Էրտողանի անցեալ տարուան յայտարարութիւնը: Պէտք է ըսեմ, որ ատիկա շատ վատ համեմատութիւն է, որովհետեւ  կարելի չէ զոհը եւ մարդասպանը դնել նոյն հարթութեան վրայ:

Երկրորդ` Տաւութօղլու կը նշէ, որ պատմութիւնը պէտք չէ վերածուի քաղաքական գործիքի: Այո՛, պատմութիւնը պէտք չէ քաղաքական գործիք դառնայ, սակայն ճիշդ ատիկա կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը` քարկոծելով բոլոր այն թուրք գործիչները, որոնք կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Եւ սահմանադրութեան 301-րդ յօդուածը ատոր վառ ապացոյցն է:

Երրորդ` Տաւութօղլու կ՛ըսէ, որ կարեւոր է առերեսուիլ անցեալին հետ: Ատոր մասին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են: Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը պէտք է դէմ առ դէմ կանգնին իրենց պատմութեան, որպէսզի ձերբազատուին այդ բեռէն: Սակայն ատոր փոխարէն Տաւութօղլու կը կեղծէ պատմութիւնը», ընդգծած է Շարմազանով:

Ազգային ժողովի փոխնախագահը յիշեցուցած է, որ ըստ Տաւութօղլուի յայտարարութեան, Թուրքիա կարեւոր դրական քայլեր կը ձեռնարկէ  տեսակէտներու ազատ արտայայտման եւ ազատ քննարկման համար: «Ատիկա ոչ այլ ինչ է, քան խաբկանք: Ես` իբրեւ վերջին տարիներուն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպած մարդ, շատ լաւ գիտեմ Թուրքիոյ ճնշումներուն մասին, ինչպէս նաեւ Անգարայի կողմէ այդ ձեռնարկները խանգարող քայլերու մասին, այնպէս որ ծիծաղելի է, երբ Թուրքիա կ՛ըսէ, թէ ինք ոչ մէկ բան կը  խոչընդոտէ», նշած Շարմազանով:

 

Նախորդը

Օհանեան. «Հայկական Բանակը Կրնայ Կանխարգիլել Մեծ Եղեռնի Նման Չարագործութիւնները»

Յաջորդը

Կ. Մանոյեան. «Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը Թուրքիոյ Զգացած Միջազգային Ճնշման Արդիւնքն Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?