Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1965)

Ապրիլ 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թատերական

«Մայրը»

Հեղինակ` Յ. Օշական

Պուրճ Համուտի «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի «Զաւարեան պատանեկան թատերախումբ»-ը, Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, այսօր` երեքշաբթի 20 եւ վաղը` չորեքշաբթի 21 ապրիլ 1965, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թատերասրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ մեծանուն գրագէտ Յ. Օշականին «Մայրը» չորս արարնոց անտիպ թատրերգութիւնը:

Դէպքը կ՛անցնի Պոլսոյ մէջ, բռնապետութեան օրերուն:

Տիկ. Հռիփսիմէ, որուն բժիշկ ամուսինը դաւադրաբար սպաննուած է թուրքերու կողմէ, կ՛ապրի իր երկու զաւակներուն` Ներսէսի եւ Արշալոյսի հետ:

Ներսէս, վրէժի զգացումով մեծցած, դարձած է դաժան ու ըմբոստ: Իր հոգին թրծուած է արեան եւ ոճիրի պատմութիւններով: Դարձած է յեղափոխական գործիչ: Քոյրը` Արշալոյս կ՛օժանդակէ անոր գաղտնի գործունէութեան:

Մայրը մտահոգ է զաւկին մութ ապագայով: Կը ջանայ համոզել Ներսէսը, որպէսզի հեռու կենայ վտանգաւոր գործունէութենէ: Ներսէսի պատասխանը յստակ է. «Երբ հազարաւոր մայրեր սգաւոր են, ի՞նչ արժէք ունին քու սեփական մտահոգութիւններդ»:

Յեղափոխական սուրբ գործը կ՛ընդարձակուի: Ժողովները իրարու կը յաջորդեն: Մատնուած է ժողովատեղին: Հալածանք: Վերջին, վճռական ժողովը կ՛որոշուի գումարել Ներսէսենց տունը: Մայրը ի վերջոյ կը համակերպի: Նոյնիսկ յանձն կ՛առնէ հսկողութեան պատասխանատուութիւնը: Կ՛որոշուի ըմբոստութեան օրն ու ժամը: Ներսէս կը նշանակուի առաջին խումբը արձակողը:

Գլխաւոր դերակատարներու կողքին գոյութիւն ունեցող այլ տիպարներ, յեղափոխական գործիչներ, Արշալոյսին նշանածն ու հայրը եւ տան ծառան, Օշականի ստեղծագործ հեղինակութեամբ, կ՛ամբողջացնեն թատրերգութեան գործողութիւնը:

Բեմադրիչ-դերուսոյցն է ծանօթ թատերասէր Թաթուլ Այնէճեան:

Այնէճեան Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին վերջին աւելի քան վեց տարիներու խմբավար-դերուսոյցը եղած է եւ գնահատուած` իր յարատեւ եւ հետզհետէ նուաճող ճիգին մէջ:

Նկատի ունենալով տարուած երկարատեւ եւ լուրջ աշխատանքը` վստահօրէն կրնանք ըսել, որ «Զաւարեան պատանեկան թատերախումբ»-ը, ինչպէս միշտ, առաւել այս անգամ, Թաթուլ Այնէճեանի խմբավարութեամբ, պիտի յաջողի ներկայացնել «Մայրը» թատրերգութիւնը` գնահատանքի արժանի բեմադրութեամբ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Ամենայն Հայոց
Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ի
Կոնդակը 1921-ին Ապրիլ 24-ի Առթիւ

1921 հոկտեմբեր 31-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. ապրիլ 24-ի առթիւ հետեւեալ կոնդակը ղրկած էր Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն արք.ին.-

«Ամայացաւ Մեծն Հայաստան ի բնիկ բնակչացն ի սիրեցեալ զաւակացն մերոց: Մնացորդք կենդանի նահատակացն հասին յանապատն Արաբիոյ եւ ճողոպրեալքն ի սառնամանիսն Սիպերիոյ: Դատարկեցան քաղաքք ծաղկեալք, աւերեցան շէն աւանք բարելից դեղօրայք, լռեցին ձայնք երգոց աստուածապաշտութեան եւ աղօթից եկեղեցեաց սրբոց եւ տաճարաց, հիմն ի վեր տապալեցան կոթողք հրաշակերտք առաքինի եւ հայրենասէր նախնեաց մերոց. զվանօրէիցն ասեմ եւ զմենաստանց, որք արդիս ամայիք եւ անապատեալք ողբան ընդ վաղեմի փառսն անցեալս, ապաւէնք թռչնոց եւ ապաստանք գազանաց հանդիսացեալք:

«Ձայն հառաչանաց, հեծութեան սրտից, ողբոյն աղաղակի հնչեաց ընդ ոլորտս աշխարհի եւ սակայն քրիստոնեայ եւ մարդասէր պետութիւնք կացին մնացին լուռ եւ անտարբեր հանդէպ այսքանից սոսկալի գազանութեանց: Եւ ես վշտալիս` հայեցեալ ընդանցեալ զանցեալսն, ողբամ ի վերայ աւերակացն Հայաստանի իբրեւ Երեմիան ի վերայ աւերակացն Երուսաղէմի. «Զիարդ զատաւ նստաւ մինացեալ երկիրն բազմամարդ եւ եղեւ իբրեւ կին մի այրի լցեալ տրտմութեամբ ի մէջ այլակրօնից»:

«Ողբամ ընդ կորուստ պատուական զաւակացն իմոց, սրախողխող եղելոց: Ողբամ ընդ կորուստ ալեզարդ ծերոց թաթաւելոյ ալեօքն ի ճապաղիս արեանց: Ողբամ ընդ կորուստ կուսանաց նազելեայ եւ հարսանց նորահարսից, յորոց բազումք լաւ համարեցին զպատուաւոր մահ, քան ընդ անարգ տառապալից կեանս, անձնասպան լինելով ընդ հուր եւ ընդ ջուր: Ողբամ ընդ ծաղիկ կեանս մատաղերամ մանկանցն, որք իբրեւ զգուշանս հովտաց ներկեցան արեամբ իւրեանց ի ձեռաց բարբարոսաց ընդ մէջս կոտորելով ի ծայրս նիզակաց բարձրացուցանելով եւ զքարամբ հարկախելով: Ընկալցի Տէր զպատարագ այսոքիկս զպարգեւեալսն ի Հայաստան աշխարհէ եւ յիշատակ նոցա օրհնութեամբ եղիցի»:

«Ոչ սակաւ աղիտից եւ սոսկմանց եւ թշուառութեանց ականատես եղաք Մեք ցաւօք եւ հեծութեամբ սրտի, ի ներքին թշնամութեանց եւ յեղբայրասպան պատերազմաց, որք միմիայն կորստաբերք եղին վասն հայրենեաց եւ առիթ ոչնչացման եւ թշուառութեան մնացորդաց հայ ժողովրդեան: Յորդորեմ զձեզ զամենեսեանսդ ի սէր ազգի եւ հայրենեաց սթափիլ եւ ի բաց վանել յետ այսու գէթ զկիրս եւ զպայքարս կուսակցականս, զհետ եւ եթ լենելով միայն եւ միայն վերաշինութեան աւերեալ հայրենեաց եւ վերածնութեան անբախտ մնացորդացն մերոց միաբան ոգուով եւ համերաշխութեամբ, քանզի «Զուգութիւն ի մայր բարեաց, անզուգութիւն ծնող չարեաց»:

Վշտալի`
ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ամենայն Հայոց
Կոնդակ թիւ 417

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ո՞վ Էր Քոնֆուսիուս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In