Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Ժխտողականութիւնը Հեռանկար Չունի»

April 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-16-15_nal«Շատոնց ակնյայտ է, որ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը ոչ մէկ հեռանկար ունի», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին խնդրանքով մեկնաբանելով Թուրքիոյ արձագանգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Եւրոպական խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին:

«Դեսպաններ ետ կանչելով, կոպիտ քննադատութիւն հնչեցնելով երկիրներու, կազմակերպութիւններու հասցէին, որոնք յարգանքի տուրք կը մատուցեն ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու յիշատակին, իրենց ձայնը կը բարձրացնեն  ժխտողականութեան դէմ, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման ի նպաստ, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը աւելի եւ աւելի առանձին կը մնայ խորտակուող ժխտողականութեան նաւուն վրայ»,  շեշտած է արտաքին գործոց նախարարը:

«Թուրքիա կը փորձէ ճնշումներ բանեցնել, ես կ՛ըսէի` շանթաժի ենթարկել միջազգային կառոյցներ, բազմաթիւ երկիրներ: Սակայն, դժուար թէ այս հարցին մէջ յաջողութիւն ունենայ, թերեւս  յաջողի միայն այն երկիրներուն մէջ, ուր չեն յարգուիր մարդկային իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ուր խարխուլ է ժողովրդավարութիւնը», շարունակած է Նալբանդեան:

«Ի՞նչ արդիւնք կու տայ դեսպանները ետ կանչելը: Lաւ կը յիշենք, որ ետ կանչէն ետք ստիպուած կ՛ըլլան դեսպանները վերադարձնել»,  ըսած է արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Եւրոպական 28 երկիր ներկայացնող խորհրդարանը երէկ բանաձեւ ընդունած է: Լաւ է, որ Անգարայի մէջ գոնէ գիտակցած են` 28 երկիրէ ետ չեն կանչած  դեսպանները: Հակառակ պարագային թուրք դեսպաններուն համար գործազրկութեան լուրջ խնդիր կը յառաջանայ»:

Թուրքիոյ իշխանութիւններու արձագանգը, ըստ Նալբանդեանի, կը յիշեցնէ անել կացութեան մատնուած ճատրակ խաղացողը, որուն իւրաքանչիւր յաջորդ քայլը աւելի կը բարդացնէ անոր դիրքերը:

«Ինչպէս կ՛ըսուի Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ` առանց ճշմարտութեան կարելի չէ  հասնիլ հաշտեցման, ես կ՛աւելցնէի` միջազգային հանրութեան հետ», եզրափակած է Էդուարդ Նալբանդեան:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Հարցով Թուրքիոյ Արձագանգը Տեմիրթաշին Մանկապարտէզ Կը Յիշեցնէ

Յաջորդը

ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւնները Խաղաղ Ցոյցեր Կատարեցին Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուներուն Առջեւ

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.