Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կոչ ուղղեց բոլոր հաստատութիւններուն գործադուլ եւ դասադուլ յայտարարելու հինգշաբթի, 23 ապրիլին` իբրեւ բողոք 2015-ի պիւտճէին մէջ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու հարցին անտեսման դէմ:
Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ յարգելով հանդերձ ուսուցիչներուն իրաւունքները, կաթողիկէ վարժարանները պիտի չմասնակցին դասադուլին:


