Ահաբեկչական հաւատադրժողական խմբաւորումներու դէմ բախումներու ընթացքին զոհուած` նահատակ սպայ Նետիմ Ժորժ Սմաանի մայրը երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` պետութենէն պահանջելով շրջաբերականով մը փակել հաստատութիւնները Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով` 6 մայիսին:
Այս առիթով սրտաբեկ մայրը իր ընդվզումը արտայայտեց վարչապետարանի ապահովական ուժերուն իրեն նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքին առնչութեամբ: