14 ապրիլին Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրչներ ընդունեց այցելութիւնը հայ գաղութի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութեան մը` նախագահութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Քիրչներ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին եւ ոգեկոչման 100-ամեակին առիթով:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ կեդրոնի նախագահ Ալպերթօ Ճերեճեան, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Պարթոլոմէ Քէչեան, բժիշկ Տանիել Սթամպուլեան` նախագահ Centros de Esudios Infectologicos հիմնարկութեան եւ Fighting Infectious Diseases in Emerging Countries հաստատութեան, ձեռնարկատէր Էտուարտօ Էօրնէքեան` նախագահ Corporacion America-ի եւ արդարութեան նախկին նախարար Լէոն Արսլանեան:
Նախագահին կ’ընկերանար արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նախարար Խուլիօ Ալաք: