Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրլանտայի նոր դեսպան Ճոն Պիկարը, որ իր հաւատարմագիրները յանձնած է նախագահին:
Նախագահ Սարգսեան եւ Ճոն Պիկար կարեւոր նկատած են հեռանկարային շարք մը մարզերու մէջ` մարդասիրական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան եւ այլն, սերտ համագործակցութիւնն ու փորձառութեան փոխանակումը: Կարեւոր նկատուած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ իրարու աջակցութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան զարգացումը:
Հանրապետութեան նախագահը դեսպան Ճոն Պիկարին ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ 2015 թուականի յիշատակի ձեռնարկներն ու անոնց խորհուրդը:
Դեսպան Պիկար շնորհակալութիւն յայտնած է շնորհաւորանքին համար եւ վստահեցուցած, որ դիւանագիտական առաքելութեան իրականացման ընթացքին կարելին պիտի ընէ ամրապնդելու համար Հայաստանի եւ Իրլանտայի միջեւ կապերը, որուն համար, ըստ անոր, կան անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները: