Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանային Տագնապներու Սաստկացման Առընթեր. Լիբանան Կը Փորձէ Ամրապնդել Ներքին Միասնականութեան Ճակատը

Ապրիլ 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

wadi3khazen-samirgeageaԱյն միջոցին, երբ շրջանային տագնապները` Սուրիոյ, Եմէնի մէջ թէ այլուր, արտակարգ վիճակի մատնած են նշեալ վայրերու վարիչները, Լիբանան կը փորձէ ինքզինք «պատսպարել» արտաքին փոթորիկի հարուածներէն` ամրապնդելով ներքին ճակատի միասնականութիւնը, ինչ որ զգալիօրէն կը հանդարտեցնէ երկրի հանրային կարծիքն ու յատկապէս լիբանանցիները, որոնք լուրջ մտավախութիւններ ապրեցան վերջերս, արտաքին վտանգներու Լիբանան «թափանցում»-ի հաւանականութեանց գծով:

Միջլիբանանեան ներքին ճակատի ամրապնդման ծիրին մէջ, երկար ատենէ ի վեր քուլիսային խորհրդակցութիւնները սկսան բացայայտուիլ` աւետելով դրական մօտալուտ եզրայանգումներու հաւանականութիւնները:

Այս իմաստով ուշագրաւ էին վերջին 48 ժամերուն մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի մագոգային այցելութիւնները` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ` Ռապիէի եւ Մաարապի միջեւ: Խազեն իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ` Ժահժահի համաձայն, խնդրայարոյց բոլոր հարցերը «մեր ետեւը մնացած են»:

Խազեն յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ կապերը աւելի հեզասահ կ՛ընթանան եւ նախագահի ընտրութեան հարցը առաջնակարգ կարեւորութիւն ստացած է կողմերուն միջեւ:

Նոյն ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարներէն երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ երկխօսութիւնը բաւական ճամբայ կտրած է եւ համախոհութեան յայտարարութեան բանաձեւը գրեթէ պատրաստ է:

Իր կարգին, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի հերթական նիստին աւարտին ըսաւ. «Մեր ընկերակիցներուն բացուելու մեր քաղաքականութիւնը մի՛ մեկնաբանէք իբրեւ տկարութիւն կամ հարկադրանք»:

Նմանապէս` Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Տասներորդ Նիստը Կայացաւ Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութիւնը վայելող Մուսթաքպալ – Հըզպալլա երկխօսութեան տասներորդ նիստը գումարուեցաւ երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ` մասնակցութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլի, նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի եւ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի:

Իսկ Մուսթաքպալի կողմէ կը մասնակցէին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ երեսփոխան Սամիր Ժըսր: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Նիստի աւարտին ժողովականները հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին, որ քննարկուած են երկրին ներքին անդորրութիւնը ամրապնդող ապահովական միջոցառումները, լիբանանցիները հետաքրքրող հարցեր եւ գաղթականներու թղթածրարին առնչուող առկախ հարցեր:

Նշենք, որ վերջին օրերուն, յատկապէս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատկերասփռուած վերջին ելոյթէն ետք, անուղղակի սուր բանավէճ ծագած էր երկու կողմերու անդամ թէ համակիր անձնաւորութիւններու միջեւ, գլխաւորաբար` Սուրիոյ եւ Եմէնի տագնապներուն շուրջ տիրող տարակարծութեանց շուրջ:

Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ զինք պարգեւատրող յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, անուղղակիօրէն հակադարձեց Նասրալլայի կեցուածքին` ընդգծելով, որ ընդունելի չէ քննադատել Սէուտական Արաբիան կամ ոեւէ այլ պետութիւն:

Նախորդը

Նախարար Ժպրան Պասիլի Այցելութեան Լոյսին Տակ. Լիբանանի Եւ Փորթուգալի Միջեւ Դեսպանատուներու Վերաբացո՞ւմ

Յաջորդը

Իրանահայ Ուսանողներ Հասան Ռուհանիին Կը Յորդորեն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?