Առեւանգեալ զինուորականներու ծնողներ երէկ լաւատեսութեամբ ընկալեցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ապպասի Թուրքիայէն վերադարձը: Անոնք պիտի տեսակցին Իպրահիմի հետ` միաժամանակ յայտարարելով, որ կ՛առկախեն սաստկացումի իրենց քայլերը:
Արդարեւ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, թէ ընթացիկ շաբաթը վճռական է առեւանգեալ զինուորականներու ճակատագիրի տնօրինման գծով: Նմանապէս` «Մուսթաքպալ» թերթի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի մօտ արգելափակուած լիբանանցի զինուորականներու հարցը պիտի վճռուի տասը օրերու ընթացքին: Իր կարգին, Ժապհաթ Նուսրայի մէկ բանբերը երէկ վստահեցուցած էր, որ առեւանգեալ զինուորականներու գլխատման հաւանականութիւնը վերացուած ու չքացած է: