Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկանի Արխիւները Լոյս Կը Սփռեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ողբերգութեան Վրայ

Ապրիլ 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-15-15_popeԱնտրէա Կակլիարտուչի Կաթողիկէ լրատու գործակալուծեան կողմէ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ կը գրէ, որ Յիսուսեաններու կողմէ հրատարակուող իտալական «Լա Սիվիլիթա Քաթոլիքա» պարբերաթերթը շեշտած է, որ վերջերս Վատիկանի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթերը «կը փաստեն, թէ Սրբազան Աթոռը, որ միշտ տեղեակ էր իրադարձութիւններէն, կրաւորական դիրքորոշում չէ ունեցած, այլ` ուժեղ կերպով յանձնառու էր դիմակայելու (Հայոց ցեղասպանութեան) հարցը»: «Պենետիկտոս ԺԵ-ը միակ ղեկավարը կամ կրօնական ղեկավարն էր, որ բողոքեց «հսկայական ոճիրին» դէմ»:

Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը կը նկատուի 24 ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ հայերուն ջարդը: Յաջորդող 8 տարիներուն ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան եւ միլիոնաւոր ուրիշներ տեղահանուեցան: Սակայն այդպիսի սպանութիւններ նախապէս եւս գործուած էին, երբ տարածաշրջանին մեծամասնութիւնը տակաւին օսմանեան տիրապետութեան տակ էր:

Օրինակի համար, Հալէպի մէջ իբրեւ միսիոնար ծառայող ֆրանսիսեան վարդապետ Տոմինիքօ Ուերսոնի կողմէ 27 մարտ 1896 թուակիր նամակ մը կը պատմէ Մարաշի եւ անոր մերձակայքի քրիստոնեաներու ջարդին մասին:

Նոր հրապարակուած փաստաթուղթերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուէին Արեւելեան եկեղեցիներու համախմբումի արխիւին մէջ: Անոնք չորս գիրքերու շարքի մը մէջ հրատարակուած են յիսուսեան վարդապետ Ժորժ-Հանրի Ռուիսենի կողմէ: Նախքան գիրքերուն 21 մարտին հրապարակումը` «Լա Սիվիլիթայ Քաթոլիքա»-ի վերջին թիւը հրատարակած է անոնց ամփոփումը:

«Հայկական հարց»-ին վերաբերեալ փաստաթուղթերը կը ներառեն 19-րդ դարէն 20-րդ դարու առաջին կէսը երկարող ժամանակահատուածը:

Հաւաքուած փաստաթուղթերը կը ներառեն Հռոմի պապերէն եւ օսմանեան սուլթաններէն նամակներ, Վատիկանի պետական քարտուղարութենէն, վատիկանեան այլ վերատեսչութիւններէ կամ քարտուղարութիւններէ փաստաթուղթեր եւ կարճ նամակներ, առաքելական պատուիրակներու կողմէ փաստաթուղթեր եւ զեկուցումներ, հայ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու կողմէ նամակներ, որոնք բոլորն ալ անմիջական տեղեկութիւններ կը պարունակեն:

Այդտեղ կան նաեւ զեկուցումները ականատեսներու, որոնք յստակ կերպով կը նկարագրեն դէպքերը:

Փաստաթուղթերը կը նշեն քայլերը Պենետիկտոս ԺԵ. պապին, որ 10 սեպտեմբեր 1915-ին եւ 12 մարտ 1918-ին երկու նամակներ յղած է Մոհամատ Է. Ռեշատ սուլթանին:

Պապին ջանքը Վատիկանի կողմէ հայերուն օգնելու համար` միջնորդութեան շարք մը փորձերու գագաթնակէտն էր: Վատիկանը փորձեց Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի հրամանատար Ճեմալ փաշայի մօտ միջնորդութիւն կատարել` 1917-ին մահուան դատապարտուած 60 հայերու ազատ արձակման համար: Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Կասփարի կարտինալը 1921-ին Մուսթաֆայ Քեմալ փաշայի մօտ միջնորդութիւն կատարեց Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու կեանքերն ու ունեցուածքը պահպանելու համար:

Վատիկան միայն դիւանագիտութեամբ չզբաղեցաւ, այլ նաեւ ջանաց վերապրողներուն օժանդակել: «Լա Սիվիլիթայ Քաթոլիքա» կը գրէ, որ Վատիկան զօրակոչի ենթարկած է իր շարքերը եւ սննդեղէն ուղարկած է հայ տարագրեալներուն այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Կարմիր խաչէն եւ «Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան մարմինէն» (Near East Relief) բացի միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններ գոյութիւն չունէին:

Վատիկան մասնաւորաբար օժանդակեց որբերու եւ հաստատեց «բազմաթիւ որբանոցներ», որոնց դռները բաց էին բոլոր յարանուանութեանց առջեւ: Հայ որբ աղջնակներ պահուեցան Հռոմի մօտ գտնուող Քասթել Կոնտոլֆօ Առաքելական պալատին մէջ գտնուող որբանոցին մէջ:

Փաստաթուղթերը կ՛արձանագրեն այն պատճառները, որոնք պետութիւնները մղեցին Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ որեւէ կեցուածք չճշդելու եւ Ցեղասպանութեան առաջին նշաններու երեւան գալէն ետք հայ ժողովուրդը չպաշտպանելու:

«Լա Սիվիլիթայ Քաթոլիքա» կ՛ընդգծէ, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայերու ապագայի հարցը «քիչ առ քիչ մոռցուած էր», որովհետեւ «եւրոպական դիւանագիտութեան հանգրուանային կրաւորականութիւնը» աշխատանք տարաւ «ի գին ամէն բանի պահպանելու Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութիւնը»:

1887-1904 Պոլսոյ մէջ պապական նուիրակ Օկուսթօ արք. Պոնեթի միջազգային կացութիւնը կ՛ամփոփէ. Ֆրանսա եւ Ռուսիա նպատակ ունէին «Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը» պահպանելու: Ֆրանսա տարածաշրջանին մէջ նկատառելի տնտեսական ներդրումներ կատարած էր, իսկ Ռուսիայ կ՛ուզէր, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խաղաղ մնան, որպէսզի իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ Ծայրագոյն Արեւելքի վրայ:

Պոնեթի արքեպիսկոպոսի կարծիքով, Գերմանիա յոյներու եւ թուրքերուն միջեւ պատերազմի շարունակման մէջ նիւթական շահեր ունէր, իսկ Անգլիա «Թուրքիոյ մէջ կարեւոր քաղաքական շահեր ունէր»:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամէակի նախօրեակին այս փաստաթուղթերուն հրապարակումը կրնայ լոյս սփռել, թէ Ցեղասպանութիւնը ինչո՛ւ գործուեցաւ քաղաքական ընդհանուր անտարբերութեան մը մթնոլորտին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանչիսկոս պապին` ան 24 ապրիլին Ս.Պետրոս տաճարին մէջ ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ պիտի մատուցէ պատարագ մը:

Նախորդը

Թուրք – Ազրպէյճանական Միասնական Քարոզչութիւնը` Անսահմանութեան Ձգտող Դատարկութիւն

Յաջորդը

Թուրք Իրաւաբանները Ցեղասպանութեան Համար Ներում Հայցած Են Հայերէն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?