Վերջերս Սանթրալ ակումբին մէջ (Ժունիէ) տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային մարզիչի (11-18 տարեկանի համար) յատուկ քննութիւններ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 47 անձեր:
Այդ 47-էն 23-ը, որոնք յաջողեցան քննութիւններուն, իրենց վկայագիրները ստացան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն, կիրակի, 12 ապրիլին ՀՄԸՄ – Սաժես տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսախաղի մրցումի դադարին: Վերջինս տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ այդ քննութիւններուն յաջողած անձերը, իրենց վկայագիրները ստացան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի, ֆետերասիոնի հաշուապահ Ժորժ Սապունճեանի եւ մարզական այլ պատասխանատուներու ձեռամբ: