ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Յանկարծ նոր ճեղքեր երեւան կու գան Թուրքիոյ ներքին քաղաքական ոլորտին մէջ եւ նախագահ Էրտողանի վարչակարգը կը յայտնուի նորանոր հարցականներու առջեւ: Պիւլենթ Արընչ, որ Էրտողանի կուսակցութեան հիմնադիր հայրերէն մէկն է եւ ներկայիս կը զբաղեցնէ փոխվարչապետի կարեւոր դիրքը Ահմետ Տաւութօղլուի կողքին, հրապարակաւ հարցականի տակ կ՛առնէ նախագահ Էրտողանի իրաւասութիւնները կառավարութեան պատասխանատուութիւններու ծիրէն ներս…
Իշխող կուսակցութեան ղեկավար կազմէն ներս ծաւալող այս վէճը ինքնաբերաբար խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Էրտողանի ուժային խարիսխը երկրին մէջ եւ ի յայտ կը բերէ Թուրքիոյ իշխանական համակարգի ներքին անկայունութիւնները: Պէտք է հարց տալ, թէ որքա՞ն ճակատագրական են այս խմորումները վարչակարգի ապագային համար:
Շարժառիթը այս վէճին` թուրք-քրտական վերջին մերձեցման հետ կապուած բանակցային գործընթացն է, որ կը թուէր նոր էջ մը բացած ըլլալ թուրքեւքիւրտ յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Եւ սակայն կը թուի, թէ ճեղքը շատ աւելի խորն է այս պարագային: Էրտողան-Արընչ առճակատման ետին Էրտողան-Կիւլեն երկու հակառակորդ բեւեռներու բուռն բախումն է Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին: Յառաջիկայ յունիսի 7-ին կայանալիք ընտրութիւնները իսկական ռազմադաշտ մը կոչուած են ըլլալու Թուրքիոյ երկու իսլամական քաղաքական ուժերուն միջեւ: Էրտողան իր ճակատագիրը կապած է Ազգային մեծ ժողովի ապագայ կազմին: Ինք պէտք ունի տիրապետող մեծամասնութիւն մը գոյացնելու յաջորդ խորհրդարանին մէջ, որպէսզի կարենայ սահմանադրական փոփոխութիւններ յառաջացնել (խուսափելով հանրաքուէի անհրաժեշտութենէն) եւ աւելի եւս ամրապնդել իր մենատիրական իրաւասութիւնները երկրի պետական համակարգէն ներս: Իսկ Արընչ, հակառակ իր հրապարակային հաւաստիքներուն կուսակցութեան քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալու, այժմ կը նկատուի անթաքոյց համակիր մը Կիւլենի շարժման եւ հետեւաբար` իսկական վտանգ մը Էրտողանի բերդէն ներս: Հարցը այն է սակայն, որ Արընչ միաժամանակ Թուրքիոյ քաղաքական բեմի պահպանողական թեւին զօրակցութիւնը ապահովող գործիչներէն մէկն է Էրտողանի կուսակցութեան համար: Քաղաքական այս երկընտրանքի լոյսին տակ դժուար է գուշակել, թէ ի վերջոյ ի՞նչ բանի կը յանգի Էրտողան-Արընչ «իրաւասութեան» վէճը, եւ թէ ինչպիսի՛ նոր դաշինքներ կրնան ծնիլ այս ներքին ընդհարումներէն:
Ըստ Արեւմտեան դէտերու, Էրտողանի դիրքերը իր կուսակցութենէն ներս առայժմ ամուր են եւ իր յենարանները` վստահելի. եւ այնուամենայնիւ` միշտ ենթակայ Կիւլենի շարժման անակնկալ գրոհներուն: Էրտողանի ակնկալած երկու երրորդի մեծամասնութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ նաեւ կախեալ է այն բանէն, թէ ինչպիսի՛ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ քրտական Հաշտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը (Տեմիրթաշի գլխաւորութեամբ) յունիսի 7-ին ընտրութիւններուն մէջ: Եթէ վերջինս կարողանայ ճեղքել 10 առ հարիւրի պայմանական սահմանը եւ մտնել խորհրդարան, Էրտողան հաւանաբար ձախողի իր առաջադրութեան մէջ եւ ստիպուի բանակցիլ Տեմիրթաշի քրտական խմբակցութեան հետ: Բայց հարց պէտք է տալ, թէ այս կնճռոտ մրցակցութեան մէջ ո՞ւր կը գտնուի Արեւմուտքի գրաւը… Արեւմուտքի շահերու տեսանկիւնէն, Էրտողան ցանկալի գործակի՞ց մըն է, թէ՞ անցանկալի հակառակորդ մը:
Յամենայն դէպս պարզ է, որ երկու իսլամական ուժերու հակամարտութիւնը երկրի ներքին ճակատին վրայ լայն հնարաւորութիւններ կը բանայ իսլամ ծայրայեղականութեան համար եւ քաղաքական հողի վրայ «պարտադիր» կը դարձնէ Էրտողանի վարչակարգի հովանաւորութիւնը հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամրացած եւ Իսլամական պետութիւն անուան տակ գործող ծայրայեղական շարժման: Մատակարարել այդ շարժումը եւ տէր կանգնիլ անոր` ռազմավարական մեծ առաւելութիւններով յղի առաջնահերթութիւն մըն է Էրտողանի վարչակարգին համար: Շնորհիւ այդ քաղաքականութեան` Էրտողան կը դառնայ թրքական իսլամականութեան անվիճելի առաջնորդը` ընդդէմ Կիւլենի: Բայց նաեւ ան կ՛ունենայ հզօր խաղաքարտեր տարածաշրջանի սակարկութիւններու սեղանին վրայ` տիրականօրէն ազդելու հիւսիսային Իրաքի եւ հիւսիսային Սուրիոյ ճակատագիրը ճշդող ապագայ բանակցութիւններուն: «Իսլամական պետութեան» հակակշռին տակ գտնուող հարուստ հանքահորերը առաւել եւս շահեկան կը դարձնեն վերոյիշեալ ռազմավարութիւնը: Եւ վերջապէս, «Իսլամական պետութեան» վրայ իր բացառիկ ազդեցութեամբ, Էրտողան կը յուսայ դառնալ անփոխարինելի բնական դաշնակից մը Արեւմուտքի համար` հակակշռելով Իրանի աճող ուժը Իրաքի, Սուրիոյ եւ իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ:
Անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ է Արեւմուտքի վերաբերմունքը իր վարած քաղաքականութեան հանդէպ, Էրտողան համոզուած է, որ ինք իր ձեռքին մէջ գտնուող լծակներով ի վիճակի է ինքզինք եւ իր ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը պարտադրելու Արեւմուտքին: Միացեալ Նահանգներու նոր ռազմավարութիւնը Իրանի հետ իր կապերը բնականոնացնելու եւ Սուրիոյ հետ երկխօսութեան նախաձեռնելու` ինքնաբերաբար կը հակասեն Էրտողանի յաւակնութիւններուն: Լուծարել «Իսլամական պետութեան» գոյութիւնը` յենելով Իրանի, իրաքեան Քիւրտիստանի, իրաքեան շիի ուժերուն եւ Սուրիոյ վրայ, կենսական խնդիր մըն է Արեւմուտքի համար եւ ուղիղ հարուած մը` Էրտողանի ուժին: Իտլիպի գրաւումը Ալ-Նուսրայի ծայրայեղական ուժերուն կողմէ, որ կարելի դարձաւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, Էրտողանի անուղղակի հակահարուածն էր` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու այս նոր քաղաքականութեան:
Բարդ է տարածաշրջանի ուժային աղիւսակը: Բարդ են տարածաշրջանի երկիրներու գոյատեւումի խնդիրները: Բարդ են մանաւանդ գերտէրութիւններու շահերը այս պատկերին մէջ: Հակառակ մղուող այս խուլ պայքարին` Էրտողան կը շարունակէ մնալ Արեւմուտքի «սիրելի»-ն եւ կը շարունակէ պահպանել իր յուսալիութիւնը Իսրայէլի աչքին: Արեւմուտք եւ Իսրայէլ մեծ համբերութեամբ կը վերաբերին Էրտողանի հետ` վերջինիս մէջ այնուամենայնիւ տեսնելով ուժեղ, ձեռնհաս եւ ազդեցիկ ղեկավար մը, զոր պէտք է սիրաշահիլ, եւ որուն հետ պէտք է գտնել համագործակցութեան եզրեր: Հետեւաբար կը թուի, թէ Էրտողան պիտի շարունակէ վայելել կարեւոր առանձնաշնորհումներ Արեւմուտքի մէջ, նոյնիսկ եթէ յարաբերութիւններու զգալի բարելաւում արձանագրուի Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ ներկայ բանակցութիւններուն որպէս արդիւնք:
Այս բոլորով հանդերձ, անմիջականօրէն Էրտողան պէտք ունի քրտական եւ փոքրամասնական համայնքներու քուէին, որպէսզի կարողանայ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ դուրս գալ յառաջիկայ ընտրութիւններէն: Ապտիւլլա Օճալանի հետ իր իշխանութեան երկխօսութիւնը այս գործնական հաշուարկին կենդանի արտայայտութիւնն է: Եւ անշուշտ ասիկա թանկագին պատեհութիւն մըն է քիւրտերուն համար քաղաքական նոր առաւելութիւններ ձեռք անցընելու եւ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտէն ներս աւելի եւս ամրանալու: Ի՞նչ ուղղութիւն կը ստանայ ի վերջոյ Էրտողանի կապը Տեմիրթաշի կուսակցութեան հետ մինչեւ յունիս 7` որոշիչ նշանակութիւն ունի Էրտողանի ապագային համար: Յատկանշական է նաեւ այն պարագան, որ Էրտողանի վարչակազմի քաջալերութեամբ Թուրքիոյ մէջ սկսած է ձեւաւորուիլ քրտական իսլամականութեան նոր խաւը: Հին համիտեան ծաւալապաշտութեան դասերն են ասոնք: Էրտողան կը փորձէ իսլամականութեան միջոցով ուժի խարիսխ հաստատել նաեւ քրտական ներքին դաշտէն ներս: Պատահական չէ, որ Էրտողանի ներքին քաղաքականութեան բանալի դրոյթներէն մէկը «նոր-օսմանականութեան» գաղափարաբանութիւնն է, զոր ինք եւ իր գործակիցները տեւաբար կը շեփորեն: Ինչպէս անցեալին, Թուրքիա այսօր եւս կ՛ապաւինի համիսլամականութեան եւ փանթուրքիզմի իր զոյգ զէնքերուն թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ իր տիրապետութիւնը յաջողապէս տարածելու մտասեւեռումով: Եւ այս մէկը կրնայ ի վերջոյ համընկնիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի քաղաքական ներկայ առաջադրութիւններուն տարածաշրջանի կայունութիւնը վերահաստատելու գերամեծար մեկնակէտով:
Կիւլենեան շարժման մարտահրաւէրը յաջողապէս դիմագրաւելով եւ քրտական շարժման հետ «փոխ-շահաւէտ» յարաբերութիւններ հաստատելով` Էրտողան կրնայ ի վերջոյ ներկայանալ աշխարհակարգի ուժերուն նոր եւ աւելի հզօր արժեթուղթերով: Էրտողան կը յաջողի՞ հասնիլ այդ հաւասարակշռութեան` յաղթահարելով մեծ խոչընդոտներ եւ միաժամանակ վերականգնելով զինեալ ուժերու կառոյցին հետ իր հին դաշինքը… Եթէ յաջողի, անհաւանական պէտք չէ համարել, որ ի վերջոյ Իսլամական պետութեան լուծարման կամ «կերպարանափոխման» գործին մէջ կարեւոր դեր վստահուի իրեն Արեւմուտքի կողմէ, որուն դիմաց Թուրքիա ապահովաբար պիտի տիրանայ իր անխուսափելի փոխարժէքին… Հարց է, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այդ մոգական փոխարժէքը: Եւ հարց է, թէ ի վերջոյ այս բոլորը ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ:
Մարտ 28, 2015
Ուաշինկթըն