ՈՒԻԼԻԸՄ ԱՐՄՍԹՐՈՆԿ
Խմբ. «Նոր Յառաջ»-ի.- Ստորեւ թարգմանաբար տրուած գրութիւնը լոյս տեսած է թրքական «Զաման» թերթի ֆրանսական տարբերակին մէջ: Անիկա Ուիլիըմ Արմսթրոնկի ամփոփ գրախօսականն է Հարուըրտ համալսարանի պատմաբան Շթեֆան Իհրիկի «Աթաթիւրք` Նացիներու երեւակայութեան մէջ» հատորին, որ լոյս տեսած է Հարուըրտ համալսարանի հրատարակչութենէն, 2014 նոյեմբերին:
Նացիական Գերմանիոյ մասին ըսելիք շատ նորութիւններ չկան, սակայն վերջերս հրապարակուած` նացիներու կարծիքը Թուրքիոյ եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի վերաբերեալ, վրդովեցին զիս: Հարուըրտի պատմաբան Շթեֆան Իհրիկի մասնագիտական գիրքը կը հետազօտէ ցարդ նուազ ծանօթ այն արտակարգ ազդեցութիւնը, որ ունեցած է ազգ գոյացնելու քեմալական ծրագիրը` նացի գաղափարախօսներու հոգեբանութեան վրայ:
«Յետպատերազմեան Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ սեւեռումը գրեթէ յաճախանքի սահմանին հասաւ», կը գրէ Իհրիկ` աւելցնելով, թէ Անատոլիոյ իրադարձութիւնները թրթռացուցին զգայուն լար մը` ծայրայեղ աջակողմեան թերթերու եւ պաշտօնական քարոզչութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` Կեպելսի եւ Հիթլերի նման անձնաւորութիւններու մօտ: Շատերու համար Թուրքիոյ դէպքերը «իրականութիւն դարձած ազգայնամոլական երազ մըն էին, կամ աւելի ճիշդը` գերազգայնական պոռնկագրութեան պէս բան մը»:
Օսմանեան կայսրութեան եւ գերմանացիներուն միջեւ զինուորական կապը հին պատմութիւն ունի եւ կ՛երկարի մինչեւ նոյնիսկ նախքան Ա. Աշխարհամարտի տխրահռչակ դաշինքը: Մինչ այդ գերմանական ազգայնական յաճախանքը սկսած է Թուրքիոյ յետպատերազմեան դիմադրականութեան օրերուն, որ Վայմարի հանրապետութեան ծնրադրումէն ետք, կը թուէր բուռն կերպով հակադրուիլ յաղթական դաշնակիցներու պահանջներուն: Մուսթաֆա Քեմալի մերժումը` ընդունելու Սեւրի դաշնագիրով պարտադրուած բաժանումը, բորբոքեց ռազմապաշտ երեւակայութիւնը ազգայնական գերմանացիներու, որոնք Վերսայի դաշնագիրով իրենք զիրենք նուաստացած կը զգային, ինչպէս նացիներու պաշտօնական փաստաթուղթը` Velkischer Beobachter 1921-ին կ՛ըսէ հետեւեալը. «Այսօր թուրքերը ամէնէն երիտասարդ ազգն են: Գերմանացի ժողովուրդը պիտի չունենայ այլ ընտրութիւն, քան` ինք եւս օր մը որդեգրելու թրքական գործելաձեւերը»:
Երբ թրքական դիմադրականութեան յաջողութիւնը հաստատուեցաւ երկու տարի ետք, «Heimatland» շաբաթաթերթը նշեց, թէ Թուրքիոյ ճակատագիրը արտակարգ նմանութիւններ ունի իր երկրին հետ. «Մենք կրնանք սորվիլ Թուրքիոյ օրինակին ընդմէջէն, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր ընէինք: Եթէ կ՛ուզենք ազատ ապրիլ, այլընտրանք չունինք, այս կամ այն ձեւով պէտք է հետեւինք Թուրքիոյ օրինակին»:
Իհրիկ թրքական պարագան` «նոյնիսկ անոր սնոտիապաշտ մէկ տարբերակը» (…) կը նկարագրէ որպէս ժխտողական-ազգայնական երազ մը, որ դարձած է իրականութիւն, եւ կ՛ըսէ, թէ` «ազգայնամոլ գերմանացիները իրենք զիրենք հարցադրեցին, որ եթէ Սեւրը կրնայ վերանայուիլ, ինչո՞ւ ոչ` Վերսայը»:
Նացիներուն համար Թուրքիոյ իրադարձութիւններու ամէնէն կարեւոր երեւոյթներէն մէկը նոր Թուրքիոյ «ցեղային անապակ բնոյթ»-ն էր, այսինքն` նոր պետութեան «մաքրագործումը» «մակաբոյծ» փոքրամասնութիւններէն:
Ասոր ամէնէն խօսուն օրինակը 1923-ին յոյն եւ թուրք ժողովուրդներու փոխանակումն է, սակայն 1915-1916 օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կացութիւնը բնականաբար մութ կէտ մը կը մնայ: Հայերու եւ հրեաներու վրայ անդրադարձներու ուսումնասիրութիւնը Իհրիկի գիրքի շրջանակէն դուրս կ՛իյնան, սակայն ան կը մեկնաբանէ թուրք եւ գերմանացի ազգայնամոլներու գաղափարախօսութիւնները «արդարացնող» նմանութիւնները, ուր փոքրամասնութիւնները կը նմանցուին «տզրուկներու», որոնք «ազգը թիկունքէն կը հարուածեն»:
Նոյնինքն Հիթլեր յաճախ կ՛ակնարկէ հայերուն` զանոնք որակելով «անիծեալներ», եւ որոնք` «կաշառակեր խոզեր են, ստոր, անգիտակից, ինչպէս մուրացկանները` հլու, հաւատարիմ` շան մը նման»:
Միաժամանակ, Անատոլիոյ սիրտին վրայ գտնուող քեմալականներու նոր մայրաքաղաք «անապակ» Անգարայի եւ բազմազգեան Պոլսոյ հակադրութիւնները բաղդատելի են նացիներու մօտ` այլասերման մէջ գտնուող Պերլինի եւ velkisch-ով բնորոշուող Պաւարիոյ Միւնիխ քաղաքի հակադրութիւններուն հետ:
Թրքական փորձառութիւնը հաստատեց նաեւ նացիական քարոզչութեան գծով Fehrer-ի («Առաջնորդ»-ի) գաղափարը (…): Ըստ «Կեոպելսի դաստիարակ» Ֆրետրիխ Յուսոնկի, Աթաթիւրք ընձեռեց «այն փաստը, որ պատմութիւնը կերտուած է մեծ մարդոց կողմէ»: Ո՛չ «զանգուածները» եւ ո՛չ ալ «ժողովրդավարութիւն»-ը նման մեծութեան ճամբայ կը թելադրեն, այլ միայն` «Ֆիւհրեր»-ը:
«Հիթլեր «թուրք Ֆիւհրեր»-ը կը ներկայացնէ իբրեւ իր փայլուն աստղը 1920-ի մութ տարիներուն ընթացքին»: Արդէն, թուրք ղեկավարին կիսանդրին անոր ամէնէն թանկարժէք իրերէն մէկը եղած է: Հակառակ անոր որ Աթաթիւրքի մասին Հիթլերի խօսքերը սակաւաթիւ են, բայց անոնք միշտ ալ հիացական եղած են: 1938-ին ան նոյնիսկ կը նշէ, թէ` «Աթաթիւրքը դաստիարակ մըն է, որուն առաջին աշակերտը եղած է Մուսոլինին, իսկ ես` երկրորդը»:
Կառավարական շրջանակներու որոշ անձեր խանդավառութեամբ արձագանգեցին Իհրիկի գիրքին` ըսելով, թէ հատորը կը հաստատէ թրքական հանրապետութեան հիմնադիրին գաղափարախօսութեան մէջ ֆաշական տարրերը:
Ասիկա ամբողջովին սխալ չէ, սակայն հոն կէտ մը կը պակսի. գիրքը սկզբունքօրէն գերմանական ընկալումը կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ` թրքական իրականութիւնը: Իհրիկ բազմաթիւ անգամներ կ՛ընդգծէ, թէ քեմալական Թուրքիոյ եւ Աթաթիւրքի մասին նացիական հայեացքները շատ ընտրելական են եւ անտարբեր` երկրին մէջ տիրող իրական զարգացումներուն, թէ` նացիները կը շեշտադրեն պարզապէս ա՛յն, ինչ կ՛ուզեն տեսնել: Քեմալականութիւնը կրնայ պարունակել տարրեր, որոնք ֆաշականութեան նախանշանը կը հանդիսանան: Բայց նացիներու հիացումը Աթաթիւրքի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ չի փաստեր, որ քեմալականութիւնը ֆաշական եղած է: Ասիկա, ըստ Իհրիկի, ցոյց կու տայ, թէ` «որքան ընտրելական եւ կանխորոշուած էր նացիներու տեսլականը Թուրքիոյ նկատմամբ», ինչպէս նաեւ կը փաստէ քեմալական ծրագիրին առնուազն երկդիմութիւնը, որ կրնար «տեղի տալ նման ընկալումներու»:
Նոյնիսկ եթէ կարելի է Իհրիկի ուսումնասիրութիւնը «ծանրակշիռ» նկատել, անիկա կը պարփակէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, որոնք միաժամանակ թէ՛ նացիական Գերմանիայէն նոր պատկեր մը կու տան եւ թէ՛ նոր լոյս կը սփռեն թրքական հանրապետութեան սկզբնական շրջանին վրայ:
Գիրքին ընթերցումը գրաւիչ է իր ամբողջութեան մէջ:
«ԶԱՄԱՆ»