Միւռոնօրհնութիւն
Նախապատրաստական Աշխատանքներ
Ինչպէս նախապէս ծանուցուած էր կաթողիկոսարանիս դիւանին կողմէ, Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, հանդերձեալ է սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն կատարել, յառաջիկայ 30 մայիս 1965, կիրակի օր:
Միւռոնօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են արդէն վեհափառ հայրապետի անմիջական հսկողութեան ներքեւ եւ յառաջ կը տարուին համաձայն միւռոնօրհնութեան մաշտոցի հրահանգներուն:
Ս. միւռոնի քառասուն տեսակ անուշահոտ ծաղիկները, հունտերը եւ արմատները, չոր վիճակի մէջ, լուրջ աշխատութեամբ դպրեվանքի սարկաւագներուն միջոցով սանդերու մէջ ծեծուեցան ու փոշիի վիճակի վերածուեցան:
Միւռոնի պատրաստութեան առթիւ հայ հաւատացեալներու կողմէ զանազան տեսակի նուիրատուութիւններ եղան Ս. Աթոռին.-
Լաթաքիոյ յայտնի ազգայիններէն Յարութիւն Մաքինաճեանէ` երեք թիթեղ ազնիւ ձէթ:
Քեսապի եւ Գարատուրանի թաղական խորհուրդներէն` երեք թիթեղ դափնիի ընտիր իւղ:
Յովհաննէս Շահինեան (Պէյրութէն), Ս. միւռոնի մէջ խառնուելու համար, երեք քիլօ բալասան, որ ամէնէն բուրումնաւէտ նիւթն է Ս. միւռոնին համար:
Զեփիւռ Գալայճեան` Ս. միւռոնի կաթսային համար գեղահիւս զգեստ մը, նրբահիւս շղարշով միասին:
Ծեծուած եւ փոշիի վիճակի վերածուած անուշահոտ քառասուն տեսակ ծաղիկները, ինչպէս նաեւ բալասանը համեմատական չափերով դրուեցան ձէթի եւ դափնիի իւղին մէջ եւ քառասունութ ժամ, անընդմիջաբար մեղմ կրակի վրայ եփեցան մարեմանօթի դրութեամբ, համաձայն մաշտոցին: Այս ձեւով ծաղիկներու անուշ բոյրը տարրալուծուելով անցաւ իւղին մէջ: Քսանչորս ժամ հանդարտելէ ետք, Ս. միւռոնի եփուած նիւթը երիցս քամուեցաւ նուրբ կտաւով եւ այժմ արդէն իսկ պատրաստ վիճակի մէջ է ան:
Ապրիլ 25-ին, միւռոնօրհնութենէն շուրջ քառասուն օրեր առաջ, պատրաստուած միւռոնի այս նիւթը, կաթողիկոսարանիս շքեղակերտ կաթսային մէջ լեցուած, պիտի դրուի Անթիլիասի մայր տաճարի Աւագ խորանին բեմին ձախակողմը` քողարկուած նրբահիւս շղարշով, ուր պիտի մնայ մինչեւ օրհնութեան թուականը, 30 մայիս:
Միւռոնօրհնութեան կաթսան անգնահատելի նուէրն է մեծահռչակ Տիւզեան գերդաստանի եւ բարեհամբաւ ու բազմավաստակ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կողմէ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Արծաթեայ փորագրական արուեստի գլուխ գործոց մըն է ան:
***
Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը Հայ եկեղեցւոյ հազուադէպ ու մեծաշուք տօնակատարութիւններէն մին է, զոր Հայց. եկեղեցին վերապահած է միայն կաթողիկոսներուն, ինչպէս կը թելադրեն արդէն մեր հայրապետներուն կանոնները. «Յամենայն ամի, զկնի սրբոյ Զատկի, զիւղ մկրտութեան հարկաւորութեամբ բերցեն առ մեզ քահանայք ի մէջ ընկալցին զօրհնութիւն իւղն, եւ անձամբ մի օրհնեսցին ի տունս իւրեանց… վասնզի, ոչ իշխանութիւն այդ քահանայից, այլ` եպիսկոպոսապետաց» (կանոն Ս. Սահակ հայրապետի):
Իսկ Օձնեցի հայրապետը Ը. դարուն կը թելադրէ. «Պարտ եւ արժան է զսուբր միւռոնն հայրապետին օրհնել»:
Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը իր շքեղագոյն հայրապետական հանդերձանքով, շրջապատուած եպիսկոպոսաց դասուն կողմէ, հին միւռոնը խառնելով նորին հետ, կ՛օրհնէ զայն Ս. Լուսաւորչի Աջին խաչանիշ կնքմամբ:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Աթոռին Անթիլիասի գեղածիծաղ ափերը հաստատուելէն ետք, այս չորրորդ անգամն է, որ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ:
ա.- Առաջին անգամ օրհնուեցաւ 1936 թուի մարտ 29-ին, երնշ. Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի ձեռամբ:
բ.- Երկրորդ անգամ 1948 թուի մայիս 16-ին, երնշ. Գարեգին Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ:
գ.- Երրորդ անգամ 1957 թուի հոկտեմբեր 13-ին, երնշ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ:
Եւ ահա սփիւռքի մէջ ցիր ու ցանուած հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ջերմեռանդն հաւատքով եւ վառ յոյսերով, մայիս 30-ին ականատես պիտի ըլլայ Հայց. եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական մէկ արարողութեան` միւռոնօրհնութեան, որուն շնորհիւ հայ եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները կ՛եղբայրանան հոգեւոր անքակտելի միութեամբ մը` իրենց ճակատներուն կրելով խաչադրոշմ կնիքը սրբալոյս միւռոնին, որուն մէջ կայ նաեւ մասնիկ մը աստուածարեալ մեր հայրապետներու օրհնած սրբալոյս միւռոնէն:
Ի՜նչ հոգեկան մխիթարութեան աղբիւր է` մտածել, թէ այսօրուան Ս. միւռոնին մէջ կայ կաթիլ մը Լուսաւորչի օրհնած ձէթէն եւ կաթիլնե՜ր հայ բոլոր կաթողիկոսներու օրհնած Ս. միւռոնէն: Ահաւասիկ` միութեան խորունկ կապ մը մեր պատմութեան մէջ:
Լուսարարապետ Մայր Տաճարի
ՍՈՒՐԷՆ ՎՐԴ. ՔԱԹԱՐՈՅԵԱՆ
Ս. Պատարագ Տէր Զօրի Մէջ
Եղեռնի 50-Ամեակին Առթիւ
Ներկայ Կ՛ըլլան Զին. Հրամանատարը,
Ոստիկանութեան Եւ Ապահովութեան Տնօրէնները
Եւ Հոգեւոր Պետերը
Պատարագն Ու Սրբազանին Քարոզը
Ձայնասփռուած Են Բարձրախօսով
Բերիոյ թեմի առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.-
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Վահան, Ատոմ, Ղեւոնդ եւ Ներսէս քահանաներուն, ապրիլ 3, շաբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Տէր Զօր եւ դիմաւորուեցաւ հայ եւ այլ համայնքներու հոգեւոր պետերուն, անոնց պաշտօնական մարմիններուն կողմէ:
Սրբազան հայրը աղօթեց Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, ապրիլեան նահատակաց Ս. սեղանին առջեւ եւ օրհնեց ժողովուրդը:
Ապրիլ 4, կիրակի, պատարագիչ սրբազան հայրը աւանդատունէն «Հրաշափառ» շարականով առաջնորդուեցաւ Նահատակաց սեղան եւ Ս. պատարագի սկզբնական արարողութիւնները կատարելէ ետք խնկարկութեամբ բարձրացաւ մայր սեղան, եւ հոն շարունակուեցաւ Ս. պատարագը:
Ս. պատարագին ներկայ էին ոստիկանութեան եւ ապահովութեան տնօրէնները` իբրեւ ներկայացուցիչ նահանգապետին, որ կը բացակայէր քաղաքէն, զինուորական հրամանատարը` ընկերակցութեամբ վեց բարձրաստիճան զինուորականներու, համայնքներու հոգեւոր պետերը` իրենց պաշտօնական մարմիններով, նաեւ` Սուրիոյ զանազան շրջաններէն բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն` Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» երկսեռ երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Գէորգ Սէրայտարեանի:
Ս. պատարագը ձայնասփռուեցաւ բարձրախօսով:
«Հայր Մեր»-էն առաջ պատարագիչ սրբազանը յուզիչ եւ տպաւորիչ քարոզ մը խօսեցաւ եւ ըսաւ, թէ ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով եկած է հայ ժողովուրդի խաչելութեան վայրը, ուր նահատակուած են բազմահազար հայեր յանուն կրօնի եւ հայրենիքի, եկած է Ս. պատարագով եւ հոգեհանգիստով բացումը կատարելու նահատակաց յիշատակին նուիրուած ապրիլեան յուշահանդէսներուն:
Սրբազան հօր քարոզին ամփոփումը արաբերէնով կարդաց Ատոմ քհնյ. Քէհեաեան: Արաբերէնով խօսք առաւ նաեւ քաղդէացւոց հոգեւոր հովիւը: Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, որ յուզեց ներկայ ժողովուրդը:
Ս. պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ հոգեպէս կազդուրուած, վերստին խոնարհեցան նահատակաց սեղանին առջեւ եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը, մինչ երգչախումբը կ՛երգէր «Տէ՛ր, կեցո Դու զՀայս» եւ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ» երգերը:
Խորհրդաւոր էր նահատակաց սեղանին արծաթեայ կանթեղը` նուիրուած Քարէն Եփփէ, Կիլիկեան եւ Լազար Նաճարեան Հալէպի երեք Ճեմարաններու աշակերտներուն կողմէ:
Ապրիլ 5, երկուշաբթի առաւօտ, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ քահանաներուն եւ ազգայիններուն, այցելեց Տէր Զօրի եւ շրջակայից նահատակաց բոլոր վայրերը եւ հոգեհանգիստ կատարեց:
Սրբազան հայրը իր ընկերակիցներով Հալէպ վերադարձաւ երկուշաբթի երեկոյ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ