Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի Երիտասարդները Ձերբակալուած Են Թռուցիկներ Բաժնելու Եւ Պաստառ Պարզելու Պատճառով

April 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-08-15_serountՀՅ Դաշնակցութեան «Նոր Սերունդ» երիտասարդական շարժումի տղաքը 4 ապրիլի յետմիջօրէի առաջին ժամերուն գացած են Լիոնի Անթոնեն Փոնսէ հրապարակը` արդարութիւն եւ հատուցում պահանջելու հայ ժողովուրդին համար: Ապա, նոր սերնդականները հոնկէ անցած են քովի Պելքուռ հրապարակը, ուր պարզած են «Génocide arménien, 100 ans, justice et réparations #AGJR» արձանագրութեամբ պաստառ մը: Այդ պահուն ոստիկանութեան տասնեակ մը կառքեր հոն փութացած են` զանոնք ձերբակալելու համար:

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ «Նոր Սերունդ» կը դատապարտէ ապահովութեան ուժերուն այս անտեղի եւ չափազանցեալ միջամտութիւնը:

Յիշեցնելէ ետք, թէ Անթոնեն Փոնսէ հրապարակին վրայ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանը ցեղապաշտական բնոյթի արձանագրութիւններով պղծուեցաւ տակաւին հազիւ քանի մը օր առաջ, «Նոր Սերունդ» կը յայտնէ իր վրդովումը եւ կ՛ըսէ, թէ մինչ այդ արարքին հեղինակները, հակառակ նշեալ հրապարակին վրայ զետեղուած հսկողութեան տեսախցիկներուն, չեն ձերբակալուած եւ կը շարունակեն մնալ անպատիժ, անդին` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին քանի մը օր մնացած, Հայ դատի ի նպաստ ցոյց կատարող հայ երիտասարդները կը ձերբակալուին եւ անուղղակի կերպով կ՛ամբաստանուին թրքական պետութիւնը նախատելու յանցանքով:

Հաղորդագրութիւնը կ՛եզրափակուի Թուրքիոյ ուղղուած վճռակամութեան արտայայտութիւններով` նշելով, որ այնքան ատեն որ այդ պետութիւնը պիտի չհատուցէ իր կատարածին համար, հանգիստ պիտի չունենայ:

Ոստիկանատան մէջ, ձերբակալուած տղաքը հսկողութեան կարճ շրջանէ մը ետք ազատ արձակուած են:

 

 

Նախորդը

Քիմ Քարտաշեան Հայաստան Հասաւ

Յաջորդը

«Կազի Հարցին Վերաբերող Գնահատականները Պէտք Է Իրենց Մէջ Լուծում Պարունակող Տարրեր Ունենան» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.